Ո՞րն է այն ճշմարիտ հացը որ յաւիտեան կ'ապրեցնէ Ո՞րն է այն ճշմարիտ հացը որ յաւիտեան կ'ապրեցնէ 

Կիրակի 26 Յունուար 2020-ի Աւետարանական Խորհրդածութիւնը

Ո՞րն է այն ճշմարիտ հացը որ յաւիտեան կ'ապրեցնէ (Յովհաննէս Զ. 22-38)

Մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, ըսաւ Յիսուս իր առաքեալներուն, երբ անոնք զինք տեսան Սամարիոյ ջրհորին մօտ` սամարացի կնոջ մը հետ խօսակցութեան միջոցին։ Յիսուս կը կերակրուի այնպիսի հացով մը որ նիւթական չէ. որով բնական հացը կը կշտացնէ որովայնը մի քանի ժամուան համար, սակայն մարդս դարձեալ կ՛անօթենայ. Օրուան մէջ առ նուազն երեք անգամ ճաշի կը նստինք եւ ասիկա բնական կը գտնենք, որովհետեւ մեր մարմնի պահանջքին համաձայն կ՛ընթանանք։ Իսկ հարց տանք մենք մեզի. մարդը միայն մարմնէ՞ կը բաղկանայ։

Ունկնդրէ լուրը

Հոգին է կենդանարար եւ էական մարդկային կեանքին մէջ. Ան է որ մեզ կ՛անցնէ  մահուընէ ալ անդինն եւ կը հասցնէ յաւիտենականութեան. Սակայն հոգին եւս պէտք ունի սնունդի, եթէ ոչ` կը սպառի ու մեր կեանքէն աներեւոյթ կ'ըլլայ, մեզ թողլով վատ եւ անել վիճակի մը մէջ։ Իսկ հոգւոյ կերակուրը ի՞նչն է. Արդեօք խանութներ կա՞ն որոնք հոգւոյ կերակուր կը վաճառեն։ Ոչ, հոգւոյ կերակուրը Աստուծոյ խօսքն է, մեր հաղոր-դակցութիւնն է Աստուծոյ Որդիին հետ։

Ասոր համար է որ Քրիստոս կը խօսի ճշմարիտ հացին մասին, որ, նիւթական չըլլա-լով` կը մնայ անսպառ, այսինքն թէ այդ հացէն ճաշակողը միանգամ ընդ միշտ  կը կշտանայ եւ այլեւս պէտք չունենար ուրիշ կերակուրի։

Ինչպէ՞ս կարելի է այդ հացն ստանալ. Ամէն օր, եկեղեցիներու խորաններուն վրայ, վարդապետները կը պատրաստեն այդ հացը եւ կը բաժնեն ժողովուրդին։ Ամէն պատա-րագի ընթացքին` այդ հացը կը գոյանայ վարդապետի խօսքերուն ազդեցութեամբ եւ կու գայ կերակրելու բոլոր այն հոգիները որոնք քաղցը կը զգան Աստուծոյ։

Շատ բնական կը թուի մեզի որ մարդ մը իր բոլոր կեանքը աշխատի որպէսզի իր ամենօրեայ հացը կարենայ ճարել, եւ այսպէսով ինք եւ իր ընտանիքը կրնան հանգիստ կերպով ապրիլ։ Ինչու՞ ուրեմն բնական չենք գտներ երբ մարդ իր հոգեկան հացը ճարելու համար, եկեղեցի կը յաճախէ, իր առօրեայ աղօթքները կը կատարէ եւ, հետեւելով աստ-ուածային արտակարգ կոչումի մը, ամէն ինչ կը թողու, հետեւելու համար անվերապա-հօրէն Քրիստոսի, զայն որպէս իր միակ տէրը խոստովանելով։

Քրիստոս աւելի մեծ քան Մովսէս, քանի որ Մովսէս պարզապէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ մէկ հրամանին եւ կերակրեց իրեն հետեւող ժողովուրդը անապատին մէջ։ Քրիստոս ինք նոյն Աստուծոյ Միածին Որդին է, որ իր իշխանութեամբ կը պարգեւէ երկնաւոր հացը եւ կը խոստանայ որ անկէ կերողը յաւիտեան պիտի ապրի։ Սուրբ հաղորդութիւնը որ կը բաշխուի սուրբ պատարագի ընթացքին` Քրիստոսի կենդանի մարմինն ու արիւնն է, որով ան կեանք կու տայ բոլոր իրեն հաւատացողներուն։

Այն անձը որ կամաւոր կերպով կը զրկէ ինքզինք այս երկնաւոր հացէն, կը մնայ հոգեպէս անօթի եւ երբեք յագեցում չզգար իր կեանքի ընթացքին։ Նաեւ այն անձը որ անարժանաբար կը մօտենայ ու կը ճաշակէ այդ հացէն, նոյնպէս կը դատապարտէ ինքզինք յաւիտենական կորստեան։ Որովհետեւ` ինչպէս մեր ձեռքերը կը լուանք ճաշի նստելէ առաջ` նոյնպէս ալ մեր հոգիները լուալու ենք ամէն մեղքերէն, արժանաւո-րապէս հաղորդութեան մերձենալու համար։

Ուստի չզրկենք մենք մեզ այսպիսի մեծ շնորհքէ մը, սակայն, մեր սրտերը մաքրելով, մենք մեզ արժանի դարձնենք այս մեծ շնորհքին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2020, 08:01