Որոնել

Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ծնունդը 

Սուրբ Ծննդեան թուականը։

Նախ քրիստոնեայ բոլոր ազգերը, սկսեալ առաքեալներէն, այսպէս կը տօնէին. յունուար վեցին ծնունդը, եւ նոյն օրը մկրտութիւնը՝ ըստ աւետարանի վկայութեան։

Բանավէճի առիթ է Ս. Ծննդեան տօնի կատարման թուականը։ Կարծիքները կը տարբերին, թէ ո՛րն է ճիշտը՝ դեկտեմբեր 25 եւ կամ յունուար 6։ Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով Ս. Ծննդեան թուականի մասին կը գրէ՝ «Ինչու՞ համար հայոց ազգը ծննդեան եւ մկրտութեան տօնը նոյն օրը կը կատարէ։

Նախ քրիստոնեայ բոլոր ազգերը, սկսեալ առաքեալներէն, այսպէս կը տօնէին. յունուար վեցին ծնունդը, եւ նոյն օրը մկրտութիւնը՝ ըստ աւետարանի վկայութեան։ Եւ ինչպէս որ Յակոբոս Տեառնեղբայրը կարգեց ընթերցուածները, եւ այնպէս ալ նոյն օրը երկու տօները։

Նոյնպէս աստուածաբանը (Գրիգոր) Քրիստոսի ծննդեան ճառին մէջ կʼըսէ՝ այսօր Աստուծոյ յայտնութեան տօնն է։ Եւ Բարսեղ իր Քրիստոսի ծննդեան ճառին մէջ կʼըսէ՝ այս տօնին անունը դնենք՝ աստուածյայտնութիւն։ Եւ այդ է յայտնութիւնը՝ որ Հայրը վկայեց իր Որդւոյն, եւ Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջմամբ։ Եւ ասկէ յայտնի է, թէ սուրբերը, ծնունդը եւ յայտնութիւնը միասին կը տօնէին եւ յետոյ ոմանք բաժնեցին Բեթղէհէմի եւ Յորդանանի համար։ Որովհետեւ չէին կրնար մէկ օրուան մէջ երկու ուխտերուն ալ կատարել տօնը, որովհետեւ անոնք իրարմէ հեռու էին։ Ասոր համար երուսաղէմացիները փոխեցին, եւ հետզհետէ ուրիշ եկեղեցիներ ալ նոյնը որդեգրեցին։ Իսկ հայերը անփոփոխ մնացին անոր մէջ, ինչպէս որ սորվեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն։

Եւ ոմանք Արտեմոնի պատճառով, որովհետեւ ան Ծնունդը փոխադրեց դեկտեմբեր 25ին։ Եւ ըսաւ, թէ առաքեալները մեզմէ ծածուկ պահեցին Փրկչին ծնունդը։ Եւ այս Արտեմոնը առաքեալներէն երկու հարիւր տարի յետոյ էր։

Քաղկեդոնի ժողովին մէջ ալ այս տօնը հաստատեցին դեկտեմբերի 25ին, պատճառելով, թէ Հռոմի մէջ կը կատարէին արեգակնադարձային տօնը, եւ Պետրոս Առաքեալ փոխեց զայն Արդարութեան Արեգակի տօնին։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Վրդ Սագայեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2020, 09:21