Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ։ Գ. շաբաթ Յայտնութեան (26 Յունուար-2 Փետրուար 2020 )։

Շաբաթ 1 Փետրուարին` կը տօնենք Տեառնընդառաջը:

Կիրակի օր` Լսեցինք աւետարանին մէջ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։
Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի 27 Յունուարին` տօնն է Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւատքին մէջ հաստատուն մնալուն համար։

Երեքշաբթի 28 Յունուարին, տօնն է Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Պապին, որ Կոստանդիանոս Ա.Կայսեր օրով կը պաշտօնավարէր. Ան բախտը ունեցաւ ազատ քրիստոնեայ աշխարհի մը վրայ հայրապետ դառնալու եւ կայսեր հովանաւորութիւնը վայելելու։ Ըստ աւանդութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ հայոց թագաւորը Հռոմ կու գան հանդիպելու Կոստանդին կայսեր եւ Սրբազան քահանայապետին։
Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ՝ Կոստանդիանոս թագաւորի տօնը։ Նաեւ տօնն է երեք սուրբ վկաներու Գորտիոսի, Պողիկտոսի ու Գրիգորիսի։
Գորտիոս` կեսարացի հարիւրապետ մըն էր որ մեծ քաջութեամբ խոստովանեցաւ իր քրիստոնէութիւնը եւ մարտիրոսացաւ Դիոկղետիանոս կայսեր օրով. Պողիկտոս` դարձեալ Կեսարացի, ծագումով հայ զինուորական մըն էր եւ որ համարձակեցաւ փշրել կուռքերը եւ նահատակուեցաւ, Դեկոս կայսեր օրով։ Իսկ Գրիգորիս` ազգով պարսիկ էր, եւ Հայաստան գալով, ընդունած էր քրիստոնէութիւնը եւ մկրտութենէն ետք` կ՚ապրէր ճգնողական կեանք մը։ Երբ 519 թուին, Դենշապուհ մարզպան կը կարգուի Հայաստանի, կը ստիպէ զինք որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը. Սակայն Գրիգորիս, որ նախապէս Մանաճիհր կը կոչուէր, կը դիմանայ բոլոր տանջանքներուն եւ կ՚ընդունի նահատակութեան փառքի պսակը։ Նաեւ տօնն է Եւգինէ կոյսին ու անոր հօր՝ Փիլիպպոսի ու մօր՝ Կղոդէի ու նաեւ իր երկու եղբայրներուն՝ Սերգէի ու Ապիտոնի ինչպէս նաեւ երկու ներքինիներուն։

Հինգշաբթի 30 Յունուարին, տօնն է Մարութա Եպիսկոպոսին։
Մարութա՝ ասորի հօր եւ հայ մօր զաւակ, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ոչ միայն Հայերու մօտ, այլ նաեւ բոլոր Արեւելեան ծէսերու մօտ։ Ան Եպիսկոպոսն էր Միջագետքի Նիմրութ քաղաքին, չորրորդ դարու վերջերը։ Մեծ յարգանք կը վայելէր նաեւ Պարսիկներու կողմէ, որովհետեւ հրաշքով բուժած էր Յազկերտ Ա. թագաւորի որդին։ Իր միջնորդութեամբ` որոշ ժամանակ մը խաղաղութիւն տիրեց ընդմէջ Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսիկներու։ Ամփոփեց բոլոր Պարսկաստանի մէջ նահատակուած վկաներու աճիւնները իր քաղաքին մէջ։ Գրած է պատարագամատոյց մը, Սուրբ Գրքի մեկնաբանութիւններ եւ զանազան աղօթքներ։
Տօնն է նաեւ՝ երկու Անտիոքացի քահանաներու, Եւգինէոս եւ Մակարիոս, որոնք զոհ գացին Յուլիանոս Ուրացողի հալածանքներուն. Անոնք աքսորուեցան մինչեւ Մորիդանիա, ուր եւ մահացան։
Հինգշաբթի 30 Յունուարին ՝ նոյնպէս կը տօնենք երեք Տրապիզոնցի վկաներ. Վաղերիոս, Կանդիտոս եւ Ակիւղաս. Անոնք նահատակուեցան Դիոկղետիանոս կայսեր օրով, յետ բազում չարչարանքներու։

Շաբաթ 1 Փետրուարին` կը տօնենք Տեառնընդառաջը.

՝՝Քառասնօրեայ Աստուածորդիի տաճար Գալստեան ՝՝ տօնը։
Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Կիրակի 2 Փետրուարը՝ Առաջաւորի Բարեկենդան է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2020, 09:34