Senza-titolo-2.jpg

Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանի անուանակոչութեան տօնը:

Գերապայծառ Ասատուրեան իր եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց, այն բոլոր քոյրերուն, որոնք սատար հանդիսացան, աշակերտներուն հայկական ինքնութեան ամուր պահպանման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան պատկան, Սրբուհի Ագնէս Հայ Կաթողիկէ վարժարանի պաշտպան սուրբ, Սրբուհի Ագնէսի ծիսական տօնին առիթով, Ուրբաթ, 24 յունուարին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսս, Արհ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիէն ներս, ներկայութեամբ Անարատ Յղութեան առաքինազարդ քոյրերուն,  գլխաւորութեամբ Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր ՝Մայր Արուսեակ Սօճունեանին:

Ունկնդրէ լուրը

Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետի, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու, հիւրերու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, աշակերտներու ինչպէս նաեւ ծնողներուն ներկայութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացին, Արհիապատիւ Եպիսկոպոսը ներկաներուն փոխանցած սիրտին խօսքին մէջ ողջունեց եւ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Վարժարանի պաշտպան Սուրբ՝  Սրբուհի Ագնէսի ծիսական տօնակատարութեան առիթով:

Ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարեց Սրբուհի Ագնէսի եւ հայ քոյրերուն վարժարանի պատմականին նշելով ո,

Սրբուհի Ագնէս ծնած է Հռոմ 3-րդ դարու վերջերը: Եկեղեցին զինք կը նկատէ, որպէս «կոյսերու պաշտպան սրբուհին» ինչպէս նաեւ նշանուածներուն եւ ամուսնանալ փափաքող աղջիկներուն:

Սրբուհի Ագնէսը եղած է ազնուական ընտանիքի գեղեցիկ եւ անմեղ աղջիկ մը:  Սրբուհիին ապրած օրերուն, Հռոմի մէջ քրիստոնեաները հալածանքի ենթարկուած էին եւ ստիպուած էին իրենց դաւանած հաւատքէն հրաժարելու,  կամ հպատակելու կառավարիչներուն քմահաճոյքին: Հռոմէական զօրքի,  զինուորականի մը զաւակը, իր հօր փափաք յայտնեց , անպայման սրբուհիին Ագնէսի հետ ամուսնանալու:  Սրբուհին կը  մերժէ  զինուորականի զաւկին փափաքը՝  քանզի  որոշած էր կոյս մնալ:

Այս մերժումներէն ետքը, Սրբուհին Ագնէսը հրապարակ կը հանեն, զինք քարկոծելէ եւ  չարչարելէ ետք,  Սրբուհի Ագնէս կը գլխատուի իր հաւատքին մէջ հաստատուն մնալու համար: Անհոգին կ'աւանդէ առ Աստուած ու կը միանայ իր փրկչին:

1933ի,  քոյր Ուլոհոճեան Ֆլօրէնձիա, կը հիմնէ նոր մարաշի մէջ սրբուհի Ագնէսի դպրոցը: Հայ քոյրերուն հռիփսիմեանց դպրոցէն 2 մայրապետներ ,Պուրճ Համմուտ  կը ժամանեմ  վարելու  համար նոր հաստատութիւնը:

1935ին, դպրոցին  պաշտօնական բացումը կը կատարուի այն ժամանակուայ  պատրիարքին ներկայացուցիչ Գազլիան գերապայծառի գլխաւորութեամբ:

Հ. Պօղոս Արիսին օգնութեամբ, դպրոցը ընդլայնումի  վերանորոգումի աշխատանքներու կ՝ենթարկուի  դառնալով 600 աշակերտուհիներ հիւրընկալող  վայժարան մը:  

Պ.հ.ի կեդրոնին մէջ, 1933 էն մինչեւ 1947ը,  դպրոց կ'ունենայ մօտ 6000 աշակերտ: 1956ին, վարժարանը  կ՝օժտուի նոր սրահով մը,  մատուռով  եւ քոյրերու նոր  բնակարանով մը:

Դպրոցի պատմականին անդրադառնալէ ետք  Գերապայծառ Ասատուրեան իր եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց,  այն բոլոր քոյրերուն, որոնք սատար հանդիսացան, աշակերտներուն հայկական  ինքնութեան ամուր պահպանման:

Թող Աստուած եւ սրբուհի Ագնէսը օրհնեն սիրեցեալ քոյրերը, պատասխանատուները, ուսուցչուհիները եւ ուսուցիչները եւ աշակերտները: ըսաւ Գերապայծառ Ասատուրեան:

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբուհի Ագնէսի արձանով եւ Հայ Կաթողիկէ սկաուտներուն ուղեկցութեամբ, հաւատացեալները՝ արհիապատիւ եպիսկոպոսի  գլխաւորութեամբ, թափօրով ուղղուեցան Սրբուհի  Ագնէսի վարժարան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 11:22