Սուրբ Սարգիս Սուրբ Սարգիս 

Երիտասարդներու բարեխօս Ս. Սարգիսի տօնը պիտի նշուի Փետրուար 8-ին. Պատարագ, մեծ քայլերթ, համերգ։

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ դարձած է աւանդութիւն:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր, որ այս տարի պիտի նշուի Փետրուար 8-ին: Ս. Սարգիս զօրավարը ամենասիրուած սուրբերէն է։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը անոր մասունքները կը բերէ Կարբի (Աշտարակի շրջան)` եւ այնտեղ կը կառուցէ սուրբին անունը կրող եկեղեցի:

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ դարձած է աւանդութիւն: Ս. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կը դիմեն սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:

Տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի բլիթ կ՛ուտեն, որուն հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնացուի երազայայտնութիւնը: Այդ օրուայ սովորութիւններէն է փոխինձով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամբին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթի` Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որուն մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինձի մէջ ձգէ մաքրութիւն, անաղարտութիւն խորհրդանշող իր սպիտակ ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ տուեալ հաւատացեալի երազանքը:

Երիտասարդները տօնին առթիւ իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: Այս օրը Ս. Սարգիս Զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:

Արարատեան Հայրապետական թեմէն փոխանցած են, որ այդ օրը նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ: Սուրբ Սարգսի մասունքակիր աջը, ինչպէս նաեւ Մատենադարանէն` 17-րդ դարու այստեղ ընդօրինակուած Աւետարանը պիտ բերուի Սուրբ Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցի: Բոլոր հաւատացեալները կրնան առաւօտէն մինչ երեկոյ եկեղեցի երթալ, խոնարհիլ աջին առջեւ եւ ստանալ սուրբին բարեխօսութիւնը: Եկեղեցիներու մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:

Նոյն օրուան կարեւոր ձեռնարկներէն է մեծ քայլերթը, որ նախատեսուած է Ս. Սարգիս եկեղեցիէն  դէպի Սիրահարներու պուրակ: Պիտի մասնակցեն բազմաթիւ հաւատացեալներ, երիտասարդներ, զինուորականներ: Օրուան աւարտին Սիրահարներու պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 08:29