Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

«Սուրբ Երկրի համակարգում» եպիսկոպոսներուն խումբի տարեկան այցը Սուրբ Երկիր:

Եպիսկոպոսներէն կազմուած կազմակերպութեան նպատակն է աջակցիլ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սուրբ երկրի համակարգում» եպիսկոպոսներուն խումբը, 11-էն-16 յունուար 2020-ին կը կատարեն իրենց տարեկան աւանդական այցելութիւնը Սուրբ Երկիր :

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսներու այդ խումբին մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներուն, Քանատայի, Հարաւային Ափրիկէի, Անգլիոյ, Սքովտիոյ, Իրլանտայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն եպիսկոպոսներ:

Եպիսկոպոսներէն կազմուած կազմակերպութեան նպատակն է  աջակցիլ Սուրբ Երկրին:  Եպիսկոպոսներուն խումբի նախագահ է Անգլիացին Քլիֆթոն թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Տէքլան Լանկ:  

Սուրբ Երկրին զօրակցող եպիսկոպոսներուն խումբի տարեկան ձեռնարկը ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Յունուար ամիս:

Եպիսկոպոսներու խումբը ամէն տարի, Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւն կատարելէ ետք, իրենց հայրենիքը վերադարձին, Սուրբ Երկրին քրիստոնեաներուն իրավիճակին մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրենց երկիրներուն պետութիւններուն,  հաղորդամիջոցներուն,  դեսպաններուն  հանրութեան կարծիքը արթնցնելու նպատակաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 10:11