Որոնել

Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի աղօթքի շաբթուան:

անցեալ տարի Լիբանանի մէջ աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական առաջնորդներու

Միջեկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ՝ Յունուար ամսուան 3րդ շաբաթը յատկացուած է Քրիստոնէական միութեան աղօթքին:

Այս ծիրին մէջ, աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթքներ կը կատարուին եկեղեցիներու միութեան համար: Երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ աղօթասացութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ շեշտելով եկեղեցիներուն միութեան հրամայականը:

Յայտնենք, որ անցեալ տարի Լիբանանի մէջ աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական առաջնորդներու: Այս առիթով իր պատգամը ուղղած էր Արամ Ա. վեհափառը:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան պիտի մասնակցին եկեղեցւոյ միութեան նուիրուած աղօթքի շաբթուան:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 09:03