Այցելութենէն առնուած լուսանկար Այցելութենէն առնուած լուսանկար 

Արհի. Տէր Պետորս Արք. Միրիաթեան «Գանձասար»ի խբագրատուն այցելեց

Գերապայծառ Տէրը անդրադարձաւ թերթի բոլոր բաժիններուն, նաեւ մանկապատանեկան ներդիրին կարեւորութեան եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց խմբագրակազմէն ներս երիտասարդ տարրին ներգրաւման համար։

Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան «Գանձասար»ի խմբագրատուն այցելեց։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Տէրը խմբագիրը շնորհաւորեց պատերազմի տարիներուն թերթին անխափան լոյս ընծայման առիթով, քաջալերեց խմբակրակազմը համայնքէն ներս մամլոյ դերը լուսարձակի տակ պահելուն եւ «Գանձասար»ը սուրիահայութեան աշխոյժ կեանքին հարազատ թարգմանը դարձնելուն համար։

Գերապայծառ Տէրը անդրադարձաւ թերթի բոլոր բաժիններուն, նաեւ մանկապատանեկան ներդիրին կարեւորութեան եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց խմբագրակազմէն ներս երիտասարդ տարրին ներգրաւման համար։

Իր կարգին, խմբագիրը պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու եւ առաջարկեց քաջալերել համայնքի զաւակները թերթին մէջ հանդէս գալու յօդուածներով եւ «Գանձասար»ը հասանելի դարձնելու իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի։

Այս առիթով Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան «Գանձասար»ին նուիրեց աթոռանիստ եկեղեցւոյ պատերազմի տարիներուն փուլ եկած առաստաղէն վերցուած փայտով պատրաստուած Քրիստոսի խաչելութիւնը խորհրդանշող յուշանուէր մը եւ Առաջնորդարանի տարեկան օրացոյցէն օրինակ մը։ Իսկ «Գանձասար»ի խմբագիրը Գերապայծառ Տիրոջ նուիրեց թերթին տարեկան բացառիկ հատորէն օրինակ մը։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեան եւ «Գանձասար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Ապահունի։

Քաղուած Գանձասարէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2019, 08:49