Սուրբ Երկրի պահակը Սուրբ Երկրի պահակը 

Գերապայծառ Փիցապալլա «թող 2020 թուականը երկխօսութեան եւ խաղաղութեան տարի մը ըլլայ Միջին Արեւելքէն ներս»:

Սուրբ Երկրի պահակի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»-ի հետ ամանորի առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 29 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքին տօնին առիթով, Սուրբ Երկրի Պահակ, Երուսաղեմի լատինաց Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Փիցապպալա Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Ռամալլա շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիքին ձօնուած տաճարէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին «Վատիկան Նիւզի» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Փիցապալլա յայտնեց, թէ Ռամալա քաղաքը Պաղեստինցիներուն կեդրոնական քաղաքն է, ինչպէս նաեւ ամենամեծ ժողովրդապետութիւնը՝ նուիրուած Սուրբ ընտանիքին եւ ասոր համար է որ ինք ուզեց հոն ներկայ գտնուիլ:

Գերապայծառ Փիցապալլա նշեց, թէ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած տօնակատարութիւնը առիթ է օրհնելու տարածաշրջանին ընտանիքներն ու հասարակութիւնները հանդիպելով անոնց հետ ու անսալով անոնց կարիքներուն:

Սուրբ Ընտանիքին տօնը պարզ եւ ուրախալի տօնակատարութիւն է, որուն ընթացքին կը կեդրոնանանք Սուրբ Յովսէփին անձին ու Անոր հայրական դիմագիծին վրայ, նամանաւանդ այս տագնապալի ժամանակաշրջանին:  Յայտնած է Սուրբ Երկրի պահակը, ան ապա ակնարկելով Ռամալլայի քրիստոնեայ հասարակութեան, նշեց,  թէ Վերջին տարիներուն  Ռամալլային հասարակութեան թիւը աճած է  ներգաղթին հետեւանքով: Կան բազմաթիւ դժուարութիւններ  Երիտասարդ ընտանիքները կը պայքարին անգործութեան դէմ՝ տրուած ըլլալով որ զուրկ են բնակարանէ ու աշխատանքէ:   

«Կը մաղթեմ, որ 2020 թուականը պատասխանատուութեան տարի ըլլայ եւ քաղաքական եւ ընկերային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս, քաջութեամբ՝ առանց նահանջ արձանագրելու:  Ըսաւ Գերապայծառ Փիցապալլան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2020, 12:10