Գերապայծառ Փիցապալլա «թող 2020 թուականը երկխօսութեան եւ խաղաղութեան տարի մը ըլլայ Միջին Արեւելքէն ներս»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 29 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքին տօնին առիթով, Սուրբ Երկրի Պահակ, Երուսաղեմի լատինաց Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Փիցապպալա Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Ռամալլա շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիքին ձօնուած տաճարէն ներս:
Այս մասին «Վատիկան Նիւզի» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Փիցապալլա յայտնեց, թէ Ռամալա քաղաքը Պաղեստինցիներուն կեդրոնական քաղաքն է, ինչպէս նաեւ ամենամեծ ժողովրդապետութիւնը՝ նուիրուած Սուրբ ընտանիքին եւ ասոր համար է որ ինք ուզեց հոն ներկայ գտնուիլ:
Գերապայծառ Փիցապալլա նշեց, թէ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած տօնակատարութիւնը առիթ է օրհնելու տարածաշրջանին ընտանիքներն ու հասարակութիւնները հանդիպելով անոնց հետ ու անսալով անոնց կարիքներուն:
Սուրբ Ընտանիքին տօնը պարզ եւ ուրախալի տօնակատարութիւն է, որուն ընթացքին կը կեդրոնանանք Սուրբ Յովսէփին անձին ու Անոր հայրական դիմագիծին վրայ, նամանաւանդ այս տագնապալի ժամանակաշրջանին: Յայտնած է Սուրբ Երկրի պահակը, ան ապա ակնարկելով Ռամալլայի քրիստոնեայ հասարակութեան, նշեց, թէ Վերջին տարիներուն Ռամալլային հասարակութեան թիւը աճած է ներգաղթին հետեւանքով: Կան բազմաթիւ դժուարութիւններ Երիտասարդ ընտանիքները կը պայքարին անգործութեան դէմ՝ տրուած ըլլալով որ զուրկ են բնակարանէ ու աշխատանքէ:
«Կը մաղթեմ, որ 2020 թուականը պատասխանատուութեան տարի ըլլայ եւ քաղաքական եւ ընկերային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս, քաջութեամբ՝ առանց նահանջ արձանագրելու: Ըսաւ Գերապայծառ Փիցապալլան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ