Որոնել

Արքեպիկոպոս Միրիաթեան եւ Պապական նուիրակը Արքեպիկոպոս Միրիաթեան եւ Պապական նուիրակը 

Հալէպի մէջ գեղարուեստական բարձրորակ երեկոյ հովանաւորութեամբ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի :

Կարդինալ Մարիօ Զենարի մեծ հիացմունքով արտայատուելով ըսաւ." Պահ մը ինքզինքս զգացի Եւրոպայի սրահներէն ներս ապրիք հալէպահայ տղաքներ:

Երկուշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8֊ին, հալէպահայութիւնը ժամադրուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Աղաճանեան սրահ, վայելելու Գեղարուեստական բարձրորակ երեկոն, Հովանաւորութեամբ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի՝ Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ մասնակցութեամբ Գառնի պարախումբին, ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին Վրեժ եւ Նանոր Թերզեաններու։

Հանդիսութեան ներկայ էին Սրբազան Պապին պատուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարի, Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Հայոց, Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան՝ ներկայացուցիչ Հայ Աւետարանական Համայնքին, Արհի. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան՝ նախկին Առաջնորդ ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, Յունաստանի համայնքի առաջնորդ, Գերապայծառ Տ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Պէզէզեան, Պաղտատի համայնքի առաջնորդ, Գերապայծառ Տ. Ներսէս Թ. Ծ. Վրդ. Զապարեան, վարդապետներ, Անարատ Յղութեան քոյրեր եւ մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդին, որոնք ծարաւը ունէին նման գեղարուեստական երեկոյի։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտագիրը սկսաւ Սուրիոյ եւ հայկական քայլերգներով, բացման խօսքը կատարեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով Տիկ. Թամար Կիլոյեան֊Տատաղլեան։ Գառնի պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական, արաբական, հնդկական բարաւոններու պարերով, մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմնի, Կոմիտասի անուան Լարային Քառեակը, մեներգողներ Պրն. Յակոբ Այնթապլեան (հայերէն), Օրդ. Լուսի Յովհաննէսեան (արաբերէն), Տիկ. Գարօլին Քէշիշեան (հայերէն եւ Իտալերէն), Դաշն. մասնակցութեամբ Պրն. Րաֆֆի Պալեանի, իսկ ասմունքով Պարոյր Սեւակի «Մենք Քիչ ենք բայց հայ ենք» Օրդ. Թամար Աղայեան։

Աւարտին Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեանը բեմ հրաւիրեց գեղարուեստական երեկոյին մասնակցող երգիչ երգչուհիները, ասմունքողը Լարային Քառեակը, բացման խօսք արտասանողը, Գառնի պարախումբը եւ ի վերջոյ պարուսոյցներ: տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Նանոր Թերզեաններ՝ ծափողջիւններու տարափի տակ։ Ապա բեմ հրաւիրեց Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը տալու իր սրտի խօսքը։

Արհի. Գերապայծառ Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, բարձր գնահատեց Վրէժի եւ Նանոր տարած բծախնդիր աշխատանքը ապա յուշանուէրով մը պատուեց զանոնք շարունակելու իրենց առաքելութիւնը Մշակոյթի անդաստանէն ներս։

Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, որ մեծ հիացմունքով արտայատուեցաւ ըսելով." Պահ մը ինքզինքս զգացի Եւրոպայի սրահներէն ներս, ապրիք հալէպահայ տղաքներ, հաճոյքն ունիմ տեսնելու ձեզ ոչ միայն Դամասկոսի բեմերուն վրայ, այլ Հռոմի բեմերուն վրայ, վարձքերնիդ կատար, հազար ապրիք։

Աւարտին հիւրերը ուղղուեցան Եկեղեցւոյ Դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Քաղուած Տէր Կոմիտաս քահանայ Ստեփանի ֆէյսպուքի էջէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 14:05