Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքը տօնեց Անարատ Յղութեան տօնը։ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքը տօնեց Անարատ Յղութեան տօնը։ 

Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքը տօնեց Անարատ Յղութեան տօնը։

Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյսին «այո»ն օրինակ պէտք է ըլլալ աշակերտներուն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն «այո» ըսելու լաւին, բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին:

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տօնին առթիւ Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2019-ի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն, միաբանութեան քոյրերու կողքին ներկայ գտնուեցան Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներ՝ վարժարանի տնօրէնուհին , ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ վարժարանիս աշակերտները:

Ունկնդրէ լուրը

Պատարագը մատուցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝Հայր Խաչիկ Վրդ. Գույումճեան որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր Անարատ Յղութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Անարատ Յղութեան հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան եւ պատմականին : Ան քարոզի աւարտին խօսքը ուղղեց պատարագին ներկայ գտնուող ծնողներուն եւ աշակերտներուն ըսելով թէ միաբանութիւնը պէտք ունի քոյրերու, եւ այս աշակերտներէն կրնայ կոչումներ ծնիլ ,հետեւաբար պէտք է քաջալերել կոչումները:

Ս. եւ Անմահ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն նուիրուած Աստուածամօր, ղեկավարութեամբ՝ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, ապա աշակերտները հնչեցուցին քոյր Արշակուհիի հեղինակութեամբ արտասանութիւններ նուիրուած միաբանութեան հայ քոյրերուն եւ Աստուածամօր, տեղի ունեցաւ նաեւ պաստառի վրայ նկարներու ցուցադրութիւն միաբանութեան հիմնադիրներու՝Պատրիարք Անտոն Հասունեանի եւ Մայր Սրբուհի Հաճի Անտոնեանի, ինչպէս նաեւ քոյրերու եւ աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող վարժարաններու հասնելով Լիբանանի մէջ գտնուող Սրբուհի Ագնէս վարժարանին:

Վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Սիրան Ագրապեան-Պաղտասարեան իր խօսքին մէջ  դիտել տուաւ թէ Մարիամի «այո»ն  եղաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենակարեւոր «այո»ն :

Մարիամի հնազանդութիւնը, դէպի Քրիստոս տանող նոր ճանապարհ մը բացաւ մարդկութեան դիմաց:

Այսպէս Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյսին «այո»ն օրինակ պէտք է ըլլալ աշակերտներուն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն «այո» ըսելու լաւին, բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին:

Պատարագի աւարտին աշակերտները հնչեցուցին Սրբուհի Ագնէս վարժարանին վերամշակուած քայլերգը:

Քայլերգի երաժշտութեան հեղինակն է պարոն Մանուէլ Քէշիշեան եւ խօսքին հեղինակը՝ պարոն Վահէ Էլմաճեան:

Իսկ 6 դեկտեմբերին կէսօրէ ետք, Սրբուհի Ագնէս վարժարանի վանատան հիւրասրահին մէջ քոյրերը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Անարատ Յղութեան տօնին առիթով: Քոյրերուն այցելութեան եկած էին վարժարանիս տեսչական կազմը, ուսուցչական կազմը , հոգեւոր հովիւ Հայր Խաչիկ Վրդ. Գույումճեան,  վարժարանի վարչական խորհուրդի անդամներ եւ տիկնանց միութեան անդամուհիներ:

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբուհի Ագնէս վարժարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 19:43