Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերը Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերը 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը :

Ս. Կոյս Մարիամի Առաքելութիւնը

Ս. Կոյս Մարիամ՝ Գաբրիէլ հրեշտակին աւետիսէն ետք, Աստուծոյ վրայ դնելով իր ամբողջ վստահութիւնը, խոնարհաբար ընդունեցաւ Յիսոսի մայր ըլլալու մեծ առանձնաշնորհը: Այդ վայրկեանէն իսկ սկսաւ իր իսկական առաքելութիւնը՝ ամենօրեայ   աղօթքով եւ մտածականով: Իր արգանդին մէջ կրելով Աստուծոյ միածին որդին, ան ինքզինք անվերապահօրէն յանձնեց Աստուծոյ կամքին:" Ահաւասիկ կամ աղախին Տեառն...Եղիցի ինձ ըստ բանի քում:" 

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Կոյսին առաքելութիւնը եղաւ դառն ու դժուար: Ան չկարողացաւ աշխարհ բերել իր նորածինը միւս բոլոր մանուկներուն նման:  

Աղքատութեան պատճառով զայն ծնաւ խոնարհ մսուրի մը մէջ, հեռու բոլոր մարդերէն: Մանուկ հասակին, իր զաւակը գրկած՝

Յովսէփին հետ կտրեց Եգիպտոսի անապատը՝ ազատելու համար իր մէկ հատիկը Հերովդէսի մահուան սպառնալիքէն:

Յիսուսի մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն, Ս, Կոյսը քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր զաւակին: Զայն սնոյց իր մայրական

գութով եւ սիրով: Եղաւ անոր "մայրն ու դաստիարակը" անոր ջամբելով Աստուծոյ եւ մարդուն սէրը: Զայն դաստիարակեց հնազանդութեան եւ խոնարհութեան մէջ: Զինք առաջնորդեց աշխատանքի՝ հօրը մօտ, որպէսզի ապրի իրեն նմաններուն հոգերն ու ցաւերը: Պատանի հասակէն իսկ, իր անդուլ աշխատանքով եւ ճակտին քրտինքով, Ս. Յովսէփին հետ ապահովեց ընտանիքին արդար հացը: Ս.Կոյսին բարի ցուցմունքներով եւ օրինակներով, Յիսուս մեծցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհքով եւ իմաստութեամբ:

Տասներկու տարեկանին պատանի Յիսուս անհետացաւ հօր ու մօր ակնարկէն: Խոր կսկիծ մը պատեց Յովսէփին եւ Մարիամին սիրտը: Այստեղ կրնանք երեւակայել մօր մը վիշտը իր սիրագին մէկ հատիկը կորսնցուցած օրերուն:Զինք երկար փնտռելէն ետք՝ գտան տաճարին մէջ: Կ՛ուսուցանէր մեծեր եւ օրէնսգէտնդր, անոնց փոխանցելով Աստուծոյ խօսքը եւ մարգարէներուն պատգամները:

Երեսուն տարեկանին Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը: Երիտասարդ տարիներուն Յիսուսի կրած բոլոր հալածանքները, անարգանքները եւ նեղութիւնները մէկ մէկ կ՛արիւնէին ու կը մաշեցնէին անոր փափուկ սիրտը: Կը վրդովէին ազնիւ հոգին: Տառապալից եղաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի առաքելութիւնը: Այս տառապանքը իր գագաթնակէտին հասաւ Գեթսեմանիի արեան քրտինքով: Յուդայի դաւաճանութեամբ: Պետրոսի ուրացումով: Խաչի Ճանապարհով եւ խաչին վրայ հոգին իր Հօր ձեռքը յանձնելով:

Ս. Կոյս Մարիամ " կայր առ խաչին:" Մինչեւ Յիսուսի կեանքին վերջին շունչը, Մարիամ իրեն մօտն էր: Իր ներկայութեամբ կը ջանար սփոփել զինք: Ուժ տալ անոր: Զարնուած մարմինէն հոսած արիւնը կը սրբէր: Սառած ոտքերը կը համբուրէր:

Այսպէսով, Ս. Կոյսը եղաւ չարչարակից Քրիստոսի եւ բաժնեկից մարդոց փրկութեան: Ան կատարելապէս եւ սքանչելիօրէն կատարեց իր առաքելութիւնը: Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ մահը հանդիսացաւ քրիստոնէական պատմութեան "իսկսկան մայրութեան հարազատագո՛յն խորհրդանիշը," որուն նմանելու հրաուիրուած են բոլոր մայրերը: Ամէն:  

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 10:15