Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ։ Ե. շաբաթ Յիսնակաց (15-22 Դեկտեմբեր 2019 ):

Չորեքշաբթի 18 Դեկտեմբերը, Յիսուսի Ծննդեան պահքի Ա. Օրն է։

Յիսնակաց 5-րդ շաբաթը ներողամտութեան շաբաթն է. կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն որ ներում շնորհեն անոնց որոնք իրենց դէմ յանցանք մը կը գործեն. Ոչ թէ օրական միայն մէկ կամ երեք անգամ, ինչպէս օրէնքը կը հրամայէ, այլ նոյնիսկ 7 անգամ, 7-ը կատարելութեան թիւն ըլլալով։ Մէկ խօսքով` Յիսուս կ՛անցնի օրէնքէն անդին, բայց ոչ օրէնքէն դուրս. Յիսուս միշտ յարգած է օրէնքը, սակայն սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ օրէնքով. Կ՛անցնի անկէ անդին եւ շատ աւելի վեր. Նոր օրէնք մը կը ստեղծուի, սիրոյ օրէնքը որ կը գերազանցէ ամէն տեսակ օրէնսդրութիւն, քանի գիրէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգի կու տայ։

Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Իգնատիոսի. Վկայաբանութեան մէջ` զինք կը կոչենք աստուածազգեաց հայրապետ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, ինքն էր այն մանուկը զոր Յիսուս Կափառնաումի մէջ գրկեց եւ առաքեալներուն առջեւ դնելով` ըսաւ. Եթէ այս մանուկին պէս չըլլաք, չէք կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Ան աշակերտած է Յովհաննէս աւետարանչին եւ Անտիոքի 3-րդ հայրապետը եղած է։ 114 թուին, Հռոմ տարուած է եւ նահատակուած` կրկէսին մէջ, գազաններու առջեւ նետուելով։ Գրած է 7 նամակներ զանազան եկեղեցիներուն ուղղուած։

Նոյն օրը  կը տօնենք, Նիկոմիդիայի շրջանէն` Թէոպոմպաս եպիսկոպոսը, որ քաջաբար դէմ դրաւ կայսեր հրամանին, որ էր պաշտել կուռքերը։Կանչեցին Թէովնաս կախարդը, որպէսզի զինք հմայէ եւ համոզէ որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը, սակայն իր բարութեամբ` Թէոպոմպաս զինք դարձի բերաւ եւ երկուքը միասին նահատակուեցան։ Նոյնպէս դարձի եկան եւ նահատակուեցան եպիսկոպոսին չորս բանտապահներն ալ, որոնք էին Բասոս, Եւսեբիոս, Եւտիքէս եւ Բասիլիդէս։ Անոնց նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 290 թուին։

Երեքշաբթի 17  Դեկտեմբերին` տօնն է Աբգար թագաւորին եւ Ադդէ հայրապետին։ Աբգար Եդեսիոյ թագաւորն էր. Ըստ աւանդութեան, նամակ մը գրած է եւ յղած Յիսուսի, որպէսզի գայ եւ զինք բուժէ. Յիսուս, իր յարութենէն ետք` կ՛ուղարկէ Թադէոս առաքեալը, որպէսզի բժշկէ զինք։ Աբգար, բուժուելէն ետք` ընտանեօք քրիստոնեայ կ՛ըլլայ եւ իր շրջանի շատ մը ուրիշ թագաւորներուն կը գրէ որպէսզի իրենք եւս ընդունին քրիստոնէութիւնը. Երեք տարի վերջ` կը մեռնի բարեպաշտ մահով։

Ադդէ հայրապետը Աբգարի թագը շինող անձն էր, որ ոչ միայն քրիստոնեայ կ՛ըլլայ, այլ եւ կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ կ՛ըլլայ Եդեսիոյ առաջին հայրապետը. Սակայն Աբգարի որդին ետ հեթանոսութեան դարձած ըլլալով, հրաման կու տայ Ադդէի վերադառնալ իր նախկին արհեստին եւ իրեն համար թագեր պատրաստել. Երբ Ադդէ կը մերժէ, թագաւորը զինք կը սպաննէ. Ադդէի նահատակութեան թուականն է 36-ը։

Չորեքշաբթի 18  Դեկտեմբերը,  Յիսուսի  Ծննդեան պահքի  Ա. Օրն է։

Շաբաթ 21 Դեկտեմբերին` տօնն է կեսարացի երկու մեծ սուրբ Հայրերու.

Առաջինն է Սուրբ Բարսեղ, Կեսարիոյ հայրապետը, որ ծնաւ եւ ապրեցաւ սուրբերու ընտանիքի մը մէջ. Ան Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն մին եղաւ եւ կարգաւորեց առաջին Պատարագը, որմէ օգտուեցան շատեր, ի մէջ այլոց նաեւ Հայերը. Շարադրեց նաեւ արեւելեան կրօնաւորներու առաջին կանոնները. Մահացաւ 379-ին։  Երկրորդն է Ս. Բարսեղի եղբայրը` Ս. Գրիգոր Նիւսացի. Նախապէս ամուսնացած էր, սակայն կնոջ հետ համաձայնաբար իրարմէ բաժնուեցան ու վանական կեանք վարեցին երկուքն ալ. 372-ին ընտրուեցաւ եպիսկոպոս Նիւսիա քաղաքին. Գրած է բազմաթիւ ճառեր ու մեկնութիւններ. Վախճանած է մօտաւորապէս 400 թուին։

Կը յիշատակուի նաեւ Ս. Սեղբեստրոս  Հռոմի հայրապետին եւ ասորեցի Աբբա Եփրփմի տօնը։

Կիրակի  22 Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց  Զ. կիրակին է , եւ  ծննդեան պահքի Ե. օրն է։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2019, 08:48