Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Խաղաղութեան պատգամը:

«Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի․ զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ։ Թող ձեր սրտերը չխռովին ու չվախնան» (Յովհ․ 14։ 27)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տէ՜ր, դուն մեզի խաղաղութիւնը կը խոստանաս։ Մենք Քեզմէ կը խնդրենք խաղաղութիւնն աշխարհին համար եւ խաղաղութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտերուն մէջ։

Տէրը մեզի կը յիշեցնէ, որ իր խաղաղութիւնն այս աշխարհէն չէ։ Ան կատարեալ է, խորունկ է եւ յաւիտենական։ Այս աշխարհիկ խաղաղութիւնն արատաւորուած է այս աշխարհի իշխանէն, զորս բաժանում եւ պատերազմ կը բերէ երկրի վրայ եւ մարդուն սրտերուն մէջ։ Սկիզբէն, Կայէնն ու Աբէլը կռուեցան եւ մարդիկ խաղաղութիւնն երբեք չգտան, փորձելով զայն իրենց կարելիութիւններով կառուցել։

Խաղաղութիւնը պտուղն է այն քաղաքական ծրագրին, որ կը հիմնուի փոխադարձ պատասխանատուութեան եւ ժողովուրդին միութեան վրայ։

Խաղաղութիւնը սրտի եւ հոգիի փոփոխութիւնն է եւ ունի երեք ճիւղեր․

Ինքնիր խաղաղութիւնը, որուն մէջ կը մերժենք «յիմառութիւնը», նկատի ունինք  գաղափարներու մասին, ջղայնութիւնը եւ համբերութեան սպառումը։

Ուրիշին համար խաղաղութիւնը բարեկամին, օտարին, աղքատին քաջութիւնը անենալու իրեն հետ հանդիպելու եւ իր պատգամին լսել։

Փրկիչին հետ խաղաղութիւնը երբ չգիտնանք չափել Աստուծոյ շնորհները եւ յետագային շալկենք այն ծանր պատասխանատուութիւնը իրեն եւ ուրիշին հետ կամուրջը ըլլանք ընդհանուր խաղաղութեան։

Նախ եւ առաջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներքին խաղաղութիւնն որոնէ, պէտք է իր հոգիին խաղաղութիւնը փնտռէ։ Ատոր հասնելու համար, չենք կրնար այստեղէն աշխարհին ապավինիլ։ Այլ Միմիայն Աստուծոյ մէջ կրնանք կառուցել ներքին կայուն, տեւական խաղաղութիւն մը։ Միմիայն մեր վստահութիւնը մեր Տիրոջ վրայ դնելով է, որ մենք կրնանք հասնիլ այս խաղաղութեան, զորս այսօր Տէրը մեզի կը խոստանայ աւետարանին մէջ։ Անգամ մը, ինքնուրոյն խաղաղութեան պայմաններուն մէջ, եւ մեր կեանքին մէջ Տիրոջ ձայնը լսելով՝ աւելի դիւրին կը դառնայ։ Յետոյ, այս ներքին խաղաղութիւնը բաժնուիլ անոնց հետ, որոնք մեզ կը շրջապատեն, եւ չվախնալ մեր վստահութիւնն Աստուծոյ վրայ դնելու։

Վերաջապէս, պէտք չէ յոգնիլ աղերսելու Աստուծոյ, որպէսզի խաղաղութիւնը մեր աշխարհը ղրկէ։ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը խաղաղութեան ուղեցոյց մըն էր, զորս ան իր պատանութեան տարիներուն առաջին անգամ  պատերազմը զգացած էր։ Քսաներորդ դարու այս խաղաղութեան օրինակը, շատ լաւ հասկցած էր կարեւորութիւնը խաղաղութեան որոնումն աղօթքով, քան գործով։ Եկէք չմոռնանք միլիոնաւոր տղամարդկանց, կանանց եւ փոքրիկներուն, որոնք  պատերազմին տառապանքներն ու վայրագութիւնները կ՛ապրէին, եւ մենք մեր մաս եւ բաժինը բերենք իրենց օգնելու համար։

Տէր, օգնէ ինծի կառուցելու համար իմ ներքին խաղաղութիւնը միակ ամուր հիմքի վրայ, զորս գոյ է, այն հաստատակամութեամբ, որ, դուն ինծի կ՛ուղեկցիս իմ ամենօրեայ դժուարութիւններուս մէջ։ Նմանապէս կը խնդրեմ քեզմէ խաղաղութիւն բերես ամողջ աշխարհին, եւ ամբողջ աշխարհին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 09:20