«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...»  «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...»  

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...» Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Առանց Յիսուսի, ի վիճակի պիտի չըլլայինք զԱստուած «Հայր մեր» կոչելու: Պիտի չկարենայինք զԻնք սիրել ինչպէս զաւակ մը իր հայրը կը սիրէ:

Մինչ կը պատրաստուինք Սուրբ Ծնունդի ձեռակերտ մսուրի մը տեսարանը պատկերացնել` անոր մէջ զետեղելով կովի, իշու, հովիւներու, Մարիամի, Յովսէփի եւ նորածին Յիսուսի արձանիկները, պատեհութիւնը կ'ընծայուի իւրաքաչիւրիս՝ խոկալու մեզի հանդէպ Աստուծոյ տածած սիրոյ Խորհուրդի մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի Ծնունդը Աստուծոյ իրագործած վեհագոյն բարեգործութիւնն է, որ լաւագոյնս կ'արտայայտէ Արարիչին հայրական սէրը իր ստեղծագործութեան հանդէպ: Արդարեւ, ամբողջ մարդկային ցեղին փրկութիւնը, սրբացումն ու յաւիտենական երջանկութիւնը կախեալ է Աստուածորդիին Մարդեղութեան Խորհուրդէն:

 Յիսուս, Բանն Աստուած, Ամենասուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձը, մարմնանալով ու մարդանալով՝ հանդիսացաւ միակ ակնաղբիւրը մեր փրկութեան, մեր սրբութեան եւ մեր յոյսին՝ օր մը մասնակից դառնալու Ստեղծիչին յաւիտենական կեանքին:

Առանց Յիսուսի, ի վիճակի պիտի չըլլայինք զԱստուած «Հայր մեր» կոչելու:

 Պիտի չկարենայինք զԻնք սիրել ինչպէս զաւակ մը իր հայրը կը սիրէ:

Եկեղեցւոյ երեւելի քարոզիչներէն մէկը հետեւեալ լուսաբանութիւնը կու տայ ըսելով՝ «Կարծեմ, թէ Աստուած Ինքնիրեն ըսած ըլլալու էր. -Մարդ արարածը զիս չի' սիրեր, քանի որ զիս չի' տեսներ: Առ այդ, լաւ կ'ըլլայ, որ Ինքզինքս ֆիզիքապէս ցոյց տամ իրեն, որպէսզի ան զիս սիրէ-: Աստուծոյ սէրը շօշափելի եւ տեսանելի չէր, մինչեւ այն օրը երբ զայն յայտնեց՝ յանձին մսուրին մէջ պառկած մանկացեալ Յիսուս Քրիստոսի»:

Այս ճշմարտութեան կ'արձագանգեն Սուրբ Ծննդեան նուիրուած մեր հայ շարականները. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ...Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի...Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ...» (Խորենացի)

Այս ճշմարտութեան հիման վրայ, մինչ կը սպասենք Սուրբ Ծնունդով ոգեւորուելու՝ գործնական բարի առաջադրութիւններով դիմաւորենք Յիսուսի Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդը:

Հետեւաբար, այս օրհնեալ օրերուն, մինչ կը մտածենք հաճելի եւ օգտաւէտ նուէրներ ընծայելու մեր ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներուն, առաջադրենք նուէր մը եւս վերապահել Մանուկ Յիսուսի,

 - Ժամանակ գտնելով՝ ամփոփուելու համար Անոր ներկայութեան մէջ, որպէսզի զԻնք գովաբանենք եւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնենք՝ իր Մարդեղութեամբ մեզի ընձեռած կարելիութեան մեղքէն ու մահէն փրկուելու:

 - Օգնութեան հասնելով կարիքաւորներուն եւ անոքներուն:

 - Դիմելով Խոստովանանքի Խորհուրդին, հայրական ներում ու սրբարար շնորհք ընդունելու համար,

 - Ներելով անոնց, որոնք մեզի հանդէպ յանցանք գործած են:

Որովհետեւ,

 - Երբ աղօթագին ծնրադրենք Յիսուսի առջեւ, Ան մեզի չի' զլանար Իր խաղաղութիւնը:

 - Երբ բարեգթութեամբ վարուինք կարիքաւորներուն հետ, Ան առաջքը կ'առնէ մեր կարօտութիւններուն եւ իր պարգեւներով մեզ կ'ողողէ:

 - Երբ Խոստովանանքի Խորհուրդին դիմենք, Ան մեզ կը լիացնէ Իր անհուն ողորմութեամբ:

 - Երբ ուրիշներուն ներենք մեզ վիրաւորող յանցանքները, Ան կը բուժէ մեր կրած վէրքերը:

Այ'ս է հրեշտակին աւետած Բարի Լուրին բովանդակալից իմաստը. « Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ...Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ» : (Ղուկաս 2, 10-11)

Օրհնաբեր Սուրբ Ծնունդ եւ բարեբեր երջանիկ Նոր Տարի:

Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 08:07