«Գոհութիւն յայտնեցէ'ք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» «Գոհութիւն յայտնեցէ'ք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» 

«Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն...» Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի Ամանորեայ մտորումները։

Ամանորը բարեպատեհ առիթ է մտաբերելու այն առատ պարգեւները, զորս տարիներու ընթացքին ստացած ենք Աստուծոյ անհուն բարութենէն եւ յայտնելու Անոր մեր երախտագիտութիւնը :
Ունկնդրէ լուրը

 «Գոհութիւն յայտնեցէ'ք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» (Սաղմոս 136, 1):

«Ամէն բանի եւ ամէն առիթի համար շնորհակալ եղէ'ք Աստուծոյ» (Ա Թեսաղոնիկեցիներուն 5, 18):

 Ամանորը բարեպատեհ առիթ է մտաբերելու այն առատ պարգեւները, զորս տարիներու ընթացքին ստացած ենք Աստուծոյ անհուն բարութենէն եւ յայտնելու Անոր մեր երախտագիտութիւնը :

Թուենք գլխաւորները.

Երկրաւոր կեանքը

Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհաննէս, 14, 6): Նաեւ, «Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ առատօրէն ունենան» (Յովհաննէս 10, 10):

Գերբնական կեանքը

Աստուած մեզ արժանացուց ընդունելու Մկրտութեան խորհուրդը, որուն կապուած են բազմաթիւ օրհնութիւններ: Սոյն Խորհուրդով կը դառնանք Աստուծոյ զաւակներ, Յիսուսի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Հոգիին մտերիմներ:

Ընտանիքն ու հարազատները

Աստուած մեր ճամբուն վրայ դրաւ ծնողներ, զաւակներ, եղբայրներ, քոյրեր, բարեկամներ եւ բարի սամարացիներ, որոնք մեզի օգտակար եղան մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն:

Առողջութիւնը

Տարիները կ'անցնին եւ մեր առողջութիւնը կը սասանի: Տարիքի մը կը հասնինք, երբ մեր մարմինը կը սկսի տկարանալ: Ասով հանդերձ, շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ այն տարիներուն համար երբ առողջ էինք: Իսկ երբ ֆիզիքապէս տկարանանք յիշենք մտաւորականի մը սա խօսքերը. «կը գանգատէի, որ կօշիկ չունէի մինչեւ այն օրը երբ հանդիպեցայ ոտքերէ զուրկ մանուկի մը»:

Սուրբ Հաղորդութիւնը

Կարգ մը սուրբեր կ'ըսեն. «Նոյնիսկ հրեշտակները մեզի կը նախանձին, քանի որ իրենք չեն կրնար Յիսուսի մարմինը ճաշակել»:

Երկինք մտնելու հնարաւորութիւնը

Մեր կեանքը երկրի վրայ վաղանցուկ է: Սաղմոսերգուն կը յիշեցնէ. «Մենք դաշտի խոտի պէս ենք, որ առտու կը բուսնի ու երբ արեւը մարը մտնէ՝ կը չոռնայ» (90, 6):

Մեզմէ ոչ ոք չի կրնար երեւակայել երկինքի փառքը: Ս. Պօղոս կ'ըսէ. «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (Ա Կորնթացիներուն 2, 9):

Աստուծոյ անհուն Ողորմութիւնը

Մեր նախահայրերուն գործած սկզբնական մեղքին պատճառով՝ տկար ենք եւ դիւրաւ մեղքին մէջ կ'իյնանք. Արդարեւ, «արդարը օրը եօթն անգամ կը մեղանչէ» (Առակներ 24, 16): Ասիկա պատճառ մը չէ յուսահատելու: Անառակ Որդիին առակը մեզի կը պատգամէ, որ ողորմած Աստուած, Իր սիրազեղ ձեռքերով եւ գթասրտութեամբ միշտ պատրաստ է մեզ վերստին գրկաբաց ընդունելու: Բա'ւ է, որ զղջանք ու Խոստովանանքի դիմենք:

Մեզի ձեռք կարկառող սուրբերը

Մենք որբ չենք, լքուած զաւակներ չենք: Երկինքի մէջ, Աստուծմէ զատ, ունինք հոյլ մը սուրբեր, որ մեզի համար կ'աղօթեն, մեզ կը քաջալերեն եւ մեզի սրբութեան ճամբան ցոյց կու տան:

Աստուածածին Սուրբ Կոյսը

Աստուած մեզի տուաւ երկնաւոր Մայր մը, Ամենասուրբ Կոյսը, Աստուածածինը, Մայր Եկեղեցւոյ եւ մեր Մայրը: Ան մեր սուրբ Թագուհին է, մեր յոյսը եւ բարեխօսը՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան առջեւ:

Այս բոլոր պարգեւներուն վրայ խորհրդածելով՝ շնորհք հայցենք նմանելու այն բորոտին, որ առողջանալէ ետք՝ ետ դարձաւ Յիսուսի մօտ, ծնրադրեց Անոր առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր (Ղուկաս 17, 11-19):

«Գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է: Անոր սէրը յաւիտենական է» (Սաղմոս 136, 1):

Շնորհաւոր եւ սուրբ տարի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2020, 07:07