Հալէպի «Մայր Օգնութեանց» Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի Հալէպի «Մայր Օգնութեանց» Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի 

Հալէպի «Մայր Օգնութեանց» Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաբացումը։

1840-ին կառուցած աթոռանիստ եկեղեցին Սուրիոյ պատերազմի օրերուն, այլ եկեղեցական կառոյցներու նման, թիրախ եղած էր ռմբակոծումներու:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան 4.30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ վերաբացումն ու օծումը պիտի կատարուի Հալէպի Թըլել թաղամասի մէջ գտնուող  Հայ Կաթողիկէներու «Մայր Օգնութեանց»  աթոռանիստ պատմական եկեղեցւոյ։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութիւնը կը նախագահէ Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեանը։  

1840-ին կառուցած աթոռանիստ եկեղեցին 2013 -2016 տարիներուն, Սուրիոյ պատերազմի օրերուն, այլ եկեղեցական կառոյցներու նման, թիրախ եղած էր ռմբակոծումներու,  որոնց բերումով գմբէթը փլուզուած էր ու եկեղեցւոյ այլ մասերը ծանրապէս վնասուած։

2018-ի աւարտին երբ զինեալ խմբաւորումները հեռացան Հալէպի շրջանէն, ու տարածաշրջանի մէջ վերահաստատուեցաւ խաղաղութիւնը, Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեանի տնօրինութեամբ սկիզբ տրուեցաւ 180 ամեայ եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն, դիմելով մասնագէտ վարպետներու, պահպանելու դիտումով եկեղեցւոյ մշակութային ու պատմական ժառանգութիւնը։ Աշխատանքները սկիզբ առին մէկ Նոյեմբեր  2018-ին, որոնք տեւեցին մէկ տարի,  առիթ ընծայելով  վերայայտնաբերելու եկեղեցւոյ պատմական ժառանգութեան մաս կազմող հինաւուրց փորագրութիւններ ու գրութիւններ։

Վերակառուցման աշխատանքներու իրականացումը  կարելի եղաւ հաստատութիւններու եւ անհատ բարերարներու նուիրատուութիւններու ու ներդրումներու շնորհիւ. Անոնց շարքին է Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահը՝ Տոքթ. Պաշշար Հաֆեզ Էլ Ասատը, ապա  ACN եւ MISSIO ընկերակցութիւնը, Գերմանիոյ Գոլն եւ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքներու թեմերը, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանը եւ Սուրբ Վլասի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Հռոմի առաքելական փոխանորդութիւնը, SOS CHRETIENS D’ORIENT եւ L’OEUVRE D’ORIENT ընկերակցութիւնները, Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը եւ Սէնդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը։

Նշենք թէ Հալէպի «Մայր Օգնութեանց» Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացման ծիրէն ներս ու անոր օծման արարողութեան նախօրեակին՝ շաբաթ 7 դեկտեմբերի  ժամը մէկին, տեղի կ՛ունենայ այլ պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ի մէջ այլոց Սուրիոյ Աւագ Միւֆթին ու Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ՝ Կարդինալ Մարիօ Զենարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2019, 08:18