PHOTO-2019-12-23-12-19-33.jpg

Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնին նուիրուած սիրոյ ճաշ հովանաւորութեամբ Արհ. եպիսկոպոս Ասատուրեանի:

Աղքատները հաւասար են հարուստներուն: Անոնք Յիսուսի նախընտրեալներն են:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւելի քան  հարիւր կարիքաւոր եւ աղքատ անձեր, ճաշարան հրաւիրելով, Հայր գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան ուզեց ցոյց տալ, որ աղքատները, կեանքի տարբեր պատճառներու բերումով նիւթական կարողութենէն զուրկ անձինք, հաւասար են այսպէս ըսուած հարուստներուն: Անոնք  առիթը ունեցան ճաշարանի մը մէջ, փառաւոր սեղանի շուրջ նստելու,  յիշատակելու եւ նշելու համար  Յիսուսի Սուրբ ծննդեան տօնը:

Արդարեւ՝ Յիսուսի քարայրի մը մէջ աշխարհ գալը  ապացոյց  է Անոր աղքատներուն, անօճախներուն, կարիքաւորներուն անտէրներուն նկատմամբ  յատուկ սիրոյ:

Խրախուսուած եւ ներշնչուած Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան յիշատակի օրէն, երկուշաբթի, 23 դեկտեմբերին, կէսօրին, Պէյրութի հայ կաթողիկէներուն  պատրիարքական  թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, աւելի քան հարիւր աղքատներու մասնակցութեամբ  կէսօրուան ճաշը կիսեց Պէյրութի նշանաւոր  ճաշարանի մը  մէջ:

«Աղքատները, կեանքի տարբեր պատճառներու բերումով կարիքաւոր անձեր , ինքզինքին պէտք չեն  երբեք անհաւասար զգալ՝ բաղդատմամբ  հարուստներուն:

Այս մասին «Վատիկան Նիւզ» հայկական բաժինին հաղորդեց , Արհիապատիւ գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանը աւեցնելով որ ինք կարողացած է իրականացնել  սոյն եղբայրասիրական ծրագիրը,  շնորհիւ Տիար Ֆարաժ Խապպազեանի առատաձեռն  նուիրատուութեան որ անգամ մը եւս ուզեց իր ներդրումը բերել  բարեսիրական եղբայրասիրական ծրագիրներուն նպատակաուղղուած աղքատներուն, որոնք Յիսուսի նախընտրեալներն են:» Ըսաւ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրուեանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 14:31