Որոնել

Արարողութենէն առնուած լուսանկար: Արարողութենէն առնուած լուսանկար: 

Հայ կաթողիկէ եկեղեցին զօրացաւ նորօծ երիտասարդ քահանայով մը յանձին Տ.Լեւոն վրդ. Ստեֆանի:

Ձեռնադրութեան ներկայ գտնուեցան ու մասնակցեցան հոգեւոր հայրեր,ժամանած Լիբանանէն,գլխաւորութեամբ,Արհի.Գէորգ եպս.Ասատուրեանի,օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմին:

Շաբաթ,21 դեկտեմբեր 2019-ին,Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ,երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Դամասկոսի զաւակ՝ Լեւոն (ժիւլեան) սրկ. Ստեֆանի քահանայական ձեռնադրութիւնը,ձեռամբ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանի առաջնորդը Դամասկոսի հայ կաթողիկէներու:

Գերապայծառ Տէրը Ս.Պատարագը մատուցեց առընթերակայութեամբ՝ Հ.Գէորգ վրդ Պահէեանի,ժողովրդապետը համայնքիս ու Հ.Գրիգոր վրդ. Պատիշահի,տեսուչը Զմմառու վանքի Մալոյեան եւ Ս.Միքայէլ հրեշտակապետի դպրեվանքերու:Ձեռնադրուող քահանայի խարտավիլակն էր Գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանը,մեծաւոր Զմմառու վանքին ու պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմի:Արարողապետն էր Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անդամ՝ հ.Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան:

Ձեռնադրութեան ներկայ գտնուեցան ու մասնակցեցան հոգեւոր հայրեր,ժամանած Լիբանանէն,գլխաւորութեամբ,Արհի.Գէորգ եպս.Ասատուրեանի,օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի,ինչպէս նաեւ Դամասկոսի եկեղեցիներու առաջնորդներ ու հոգեւոր հայրեր:Բազմաթիւ հաւատացեալները կը գլխաւորէին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան տիար Տիգրան Գէորգեանը ու Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան զանազան բաժինները կատարուեցան Ս.Պատարագի ընթացքին,որու սարկաւագութեան բաժինները կատարեց Սարգիս սրկ. Պուրունսուզեանը,մինչ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեցին Քնար երգչախումբի անդամները:

Այսպէս հայ կաթողիկէ եկեղեցին Աստուծոյ օրհնութեամբ զօրացաւ նորօծ երիտասարդ քահանայով մը յանձին Տ.Լեւոն վրդ. Ստեֆանի,որ եռանդով պիտի լծուի իր հովուական առաքելութեան Պէյրութի մէջ,ստանալով Ս.Հոգիի շնորհքները,մեծաւորներու օրհնութիւնը ու հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորանքները:

ՀԿՄ Դամասկոսի անունով,կը շնորհաւորենք Տ.Լեւոնը,հարազատներն ու Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերն ու մանաւանդ Զմմառու միաբանութեան անդամները,մաղթելով նորօծ քահանային յաջողութիւն,ուժ եւ կամք,լաւագոյնս յառաջանալու իր ընտրած ճամբով,Քրիստոսի ժողովուրդին ծառայելու:

Քաղուած Դամասկոսի ՀԿՄ-ի դիմատետրէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 14:00