Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը (Ղուկաս 18, 9-14) Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը (Ղուկաս 18, 9-14) 

Կիրակի 22 Դեկտկմբեր 2019 - Վեցերորդ Կիրակի Յիսնակաց

Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը (Ղուկաս 18, 9-14)

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ, Յիսուս մեզի կը պատմէ առակ մը, որ մեզ կը լուսաւորէ աղօթքի ատեն մեր ունենալիք դիրքին մասին Աստուծոյ առջեւ: Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը հաւանաբար առնուած է իրական դէպքէ մը որ յաճախ կը կրկնուէր բոլոր աղօթատեղիներուն մէջ, իսկ այս անգամին, Տաճարին մէջ:

            Դիտենք երկու անձեր որոնք եկեղեցի կը մտնեն աղօթելու համար այսօր. անոնց արտաքինէն չենք կրնար գուշակել թէ ինչ կայ անոնց սրտին մէջ եւ թէ ինչ կը խնդրեն Տիրոջմէ: Տէրը միայն կրնայ գիտնալ անոնց սրտի խորհուրդները: Սակայն Յիսուսի ապրած ժամանակ, իրենց արտաքին կերպարապքէն ու մանաւանդ հագուստէն կարելի էր գիտնալ անոնց ինքնութիւնը: Փարիսեցին իր իւրայատուկ հագուստն ունէր, ան օրէնքի մարդ էր, բարոյական կեանքի դաստիարակ, աղօթքի վարպետ եւ պատուիրանները գործադրող ու գործադրել տուող պարտաճանաչ անձ: Ան Տաճարը կը ճանչնար իր տան պէս եւ իբրեւ մտերիմ անձ Աստուծոյ, իր աղօթելու կերպը օրինակ կը հանդիսանար բոլորին:

            Իսկ միւսը' մաքսաւորը, կը յատկանշուէր արդէն իր զգեստէն. Երկիրը գրաւող Հռովմայեցիներուն բարեկամ, որով ժողովուրդէն տուրքեր կը հաւաքէր Հռովմայեցիներուն տալու համար, սակայն օգտուելով իր այս պաշտօնէն, աւելին կը գանձէր ինքիր գրպանին համար. այսպիսի անարգ եւ բոլորէն ատուած անձ մը ինչ կրնար խնդրել Տիրոջմէն եւ նախ ինչպէս համարձակեր էր Տաճար մտնելու:

            Յիսուս կ'ուզէ այստեղ դաստիարակութիւն մը տալ իր Առաքեալներուն, որպէսզի չդատեն մէկը իր արտաքինէն. Աստուծոյ համար ամենակարեւորը եւ էականը այն է որ կը գտնուի մարդուն սրտին մէջ եւ ինք,  որպէս փորձառու սրտագէտ, կու գայ լուսաւորելու իր աշակերտներուն մտքերը որպէսզի իրենք եւս գիտակցին թէ Աստուած ինչպէս կը տրամաբանէ: Ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ:

            Յիսուսի տուած դատողութիւնը այս երկուքին մասին, որով մաքսաւորը տուն կը դառնայ բոլորովին արդարացած, իսկ փարիսեցին կը մնայ իր մեղքին մէջ որ է հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ արհամարհանք ուրիշներուն հանդէպ, թէեւ խիստ կը թուի աշակերտներուն, սակայն լիովին արդար է ու անաչառ: Աստուած չի կրնար ընդունիլ աղօթք մը որ լեցուն է հպարտութեամբ. Ով ենք մենք որ պիտի յոխորտանք Աստուծոյ առջեւ երբ ամէն բարեմասնութիւն որ ունինք իրմէն կու գայ մեզի:

            Ուշադրութիւն, Տէրը չի մեղադրեր արդար մարդը իր ըրած բարիքներուն համար, այլ իր հպարտութեան համար եւ մանաւանդ արհամարհանքին համար մաքսաւորին հանդէպ: Աստուած զինք արժանի չի դասեր իր շնորհքն ընդունելու, որովհետեւ պարզապէս որեւէ շնորհք մը չէ խնդրած իրմէն:

            Աստուծոյ առջեւ մեծ կամ պզտիկ չի կայ, ամենքս ալ հաւասար ենք ու հաստատ գիտնալու ենք թէ որքան խոնարհ ըլլանք այնքան աւելի արժանի պիտի ըլլանք շնորհքի:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2019, 09:57