Կիրակնօրեայ Աւետարանաը Կիրակնօրեայ Աւետարանաը 

Կիրակի 8 Դեկտեմբեր 2019 - Չորրորդ Կիրակի Յիսնակաց

Պատրուակներ Տիրոջմէն հեռու մնալու (Ղուկաս 14, 12-24)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս կը պատմէ առակ մը ուր երկնքի արքայութիւնը կը նմանցնէ խնճոյքի մը որուն կոչուած են շատ մը հրաւիրեալներ։ Արդ, այլազան պատճառներով` շատ մը անձեր կը մերժեն հրաւէրին ընդառաջելու։ Անոնք կը գտնեն պատրուակներ որպէսզի մերժեն Տիրոջ հրաւէրը։ Այդ պատճառաւ ալ` Տէրը կ՛արտաքսէ զիրենք իր արքայութենէն եւ փառքէն։

Առաջին տեսակի պատրուակը ստացուածքն է, ագարակը` առածին մէջ։ Այսօր ալ շատ մը քրիստոնեաներ եկեղեցի չեն գար կիրակի օրերը, որովհետեւ իրենց ամառանոցը կամ երկրորդական բնակարանը պէտք է երթան այդ օրը, մաքրութիւն ընեն, պարտէզին հոգ տանին, մէկ խօսքով` զբաղին բոլոր օրը իրենց ստացուածքներով եւ անոնց խնամքով. Աստուծոյ հրաւէրը կ՛արհամարհեն, անտեսելով բոլորովին իրենց մերժումին հետեւանքները։

Երկրորդ տեսակի պատրուակը գործն է. երբ Տէրը, մարդկութեան ստեղծումէն ի վեր` շաբաթական հանգիստի պատուէրը կու տայ, որով գիտէ անշուշտ մարդկային տկարութիւնը, անոր ուժին սահմանը եւ մանաւանդ դադարի կարեւորութիւնը գործէն, որպէսզի մարդը կարենայ հանգչիլ, մարմնով, մտքով եւ հոգիով։ Իսկ հանգիստի վերապահուած օրը ըլլալու է նաեւ Տիրոջ նուիրուած օր մը։ Բոլոր շաբաթը մեր անձը կը զբաղի զանազան գործերով, իսկ կիրակի` հարկ է որ զբաղինք հոգիի գործերով։

Երրորդ պատրուակը ընտանիքի հոգերն են։ Մարդիկ կ՛ըսեն յաճախ, արդարացնելու համար թէ ինչու եկեղեցի չեն գար կիրակի օրերը, թէ բոլոր շաբաթը կ՛աշխատին եւ իրենց ընտանիքին երեսը չեն տեսներ, այդ օրը գոնէ իրենց ընտանիքին հետ կ'անցնեն։ Բայց ես հարց կու տամ այդ ընտանիքներուն թէ արդեօք իսկապէ՞ս ընտանիքին հետ կ՛անցնեն կիրակի օրերը. աւելի շիտակ չէ՞ արդեօք ըսել թէ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ ասդին անդին կ՛երթայ, արձակուրդը բարեկամներու հետ անցնելու համար, քան թէ ընտանեկան շրջանակին մէջ։

Ամէն մի պատրուակ որ կը գտնենք հեռու մնալու համար Աստուծոյ մեզի ընծայած հրաւէրէն, մեզ քիչ քիչ կը հեռացնէ երկնաւոր բարիքներուն հասնելու յոյսէն։ Մեզի համար պատրաստուած տեղերը երկնքի արքայութեան մէջ` արդէն շատոնց յանձնուած են ուրիշներու եւ, այն անձերը զոր կ՛արհամարհենք եւ բանի տեղ չենք դներ, մարդիկ որոնց երեսին անգամ չենք նայիր, անոնք գրաւած են մեզի վերապահուած տեղերը։ Եթէ որեւէ ջանք չթափենք, մեր ձեռքէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն ինչ որ կը կարծենք ունենալ։ Տիրոջ դատաստանը խիստ է, մանաւանդ անոնց վերաբերմամբ որոնք իր նախընտրած սիրելիները եղած են եւ որ այսօր զինք կ՛անտեսեն։

Խօսք մըն ալ նաեւ մարդասիրութեան եւ առատաձեռնութեան մասին։ Յիսուս կ՛ըսէ մեզի թէ երբ խնճոյք տաս, մի հրաւիրեր այն անձերը որոնք պիտի փոխադարձեն քու հրաւէրդ եւ փոխարէնը պիտի հիւրասիրեն քեզ, այլ կանչէ անոնք որ միջոց չունին քեզ հրաւիրելու  եւ փոխարէնը տալու։ Շատ դժուար է Քրիստոսի այս պատգամը, սակայն եթէ կ՛ուզենք իրապէս կոչոււիլ իր աշակերտները, հարկ է որ իրագործենք իր պատուէրները եւ մանաւանդ հարկ է որ սրտերնիս բաց ըլլայ բոլորին առջեւ, առանց որեւէ բացառութեան։ Օգնելու ենք մեզմէ աւելի չքաւորին եւ կարօտեալին, ինչպէս նաեւ մեր սրտերը միշտ բաց ըլլալու են, սիրելու համար նոյնիսկ այն անձերը որոնք մեզի ատելի են։ Այն ատեն մեր վարձքը հարուստ կ՛ըլլայ երկնքի արքայութեան մէջ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2019, 09:05