Որոնել

Մսուրէ առնուած լուսանկար Մսուրէ առնուած լուսանկար 

Վատկիկանի մէջ աւելի քան 130 մսուրներու ցուցադրութիւն:

Ծրագիրը մաս կը կազմէ ֆրանչիսկոս Պապին մսուրի արժէքի ու իմաստին մասին գրած առաքեալական նամակին առիթով կազմակերպուած շրաք մը նախաձեռնութիւններուն:

Վատիկանի մէջ դեկտեմբեր 8-էն- մինչեւ12 յունուար 2020ին, տեղի կ՝ունենայ աշխարհի 30 տարբեր երկիրներու մէջ կառուցուած աւելի քան  130 մսուրներուն ցուցադրութիւնը:

Կիրակի 8 դեկտեմբերին, մսուրներու ցուցադրութեան բացումը կատարեց Քահանայապետական նոր աւետարանումի զարգացման ժողովիմ կառավարիչ  Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան  մասնակցութեամբ Սուրբ աթոռին մօտ Հունգարիոյ դեսպանին:

Վատիկանի Պիոս Զ հիւանդանոցի դահլիճէն ներս ցուցադրուած իւրաքանչիւր մսուր, օժտուած է արուեստական բարձր արժանիքներով եւ ունի իրենց իւրայատուկ  պատմութիւնը:

Մսուրներու շարքին կը գտնենք ,700 թուականին Նափոլի դպրոցի յատկանիշներով կառուցուած թանկարժէք մսուրներ, մինչեւ դպրոցական աշակերտներու ձեռքով շինուած պարզ մսուրներ:

Նշենք թէ աշխարհի 130 մսուրներու ցուցադրութեան ծրագիրը մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին մսուրի իմաստին ու արժէքին մասին գրած առաքելական նամակին ծիրէն ներս կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 11:41