Hokevor-Der.jpg

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան պատգամը։

«Հրեշտակը ըսաւ հովիւներուն. Մի՛ վախնաք, ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՚աւետեմ ձեզի. Փրկի՛չ մը ծնաւ այսօր ձեզի» (Ղկ 2, 11)
Ունկնդրէ պատգամը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը հռչակէ այսօր մեծագոյն եղելութիւնը որ տեղի ունեցած է աստուածային արարչագործութենէն ետք, երբ հրեշտակները հռչակեցին թէ աշխարհ եկած է աշխարհի Փրկիչը, Բեթղեհէմ կոչուած անծանօթ գիւղի մը մէջ, մինչ բուռ մը հովիւներ, գիշերանց, հեռու աշխարհի թոհուբոհէն, կը պահպանէին իրենց ոչխարները։ Բոլորովին անտեղեակ էին անշուշտ այդ համեստ ու անգէտ մարդիկը, թէ իրենք առաջին վկաները պիտի ըլլային եղելութեան մը, որ մարդկութեան ճակատագիրն ու դիմագիծը հիմնովին պիտի յեղաշրջէր։ Աստուած այս կերպ ընտրած էր՝ իմացնելու համար մարդկութեան, թէ իր ստեղծած առաջին մարդուն գործած մեղքն ու անոր արժանացած պատիժը ջնջելու համար, այլ կերպ չկար, եթէ ոչ իր Միածին Որդին ղրկել աշխարհ, որպէսզի իր վրան առնելով Ադամին եւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը, մարդանար եւ կամաւոր կերպով զոհէր ինքզինքը իբրեւ ողջակէզ, թողլով որ խաչ հանեն զինքը ա՛յն մարդիկը զորս փրկելու համար եկած էր։

Աստուածային առաջին արարչական արարքէն ետք, մարդկութիւնը իր գոյութեան երկրորդ հանգրուանը սկսաւ ապրիլ այդ պահուն. փրկութեան ճամբան է որ կը բացուէր իր առջեւ, որովհետեւ իր վրայէն կը թօթափուէր աստուածային անէծքն ու դատապարտութիւնը, որու արժանացած էր իր նախահայրը։ Բարի լուրն էր այդ՝ զոր մարգարէներն ու նահապետները հռչակած էին դարերով, յորդորելով ժողովուրդը որ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ աղերսեն Տէրը, որ օր առաջ առաքէ իր խոստացած Մեսիան, աշխարհի Փրկիչը։

Եւ այսօր, աստուածային ողորմութեան ու մարդասիրութեան այդ արարքն է որ կը յիշատակենք, մինչ ցնծութեամբ կը տօնախմբենք Քրիստոսի աշխարհ գալը։ Այո՛, ան ճշմա՛րտապէս աշխարհ եկաւ ու մարդացաւ՝ մէկ նպատակ միայն ունենալով. անկեալ մարդը վերականգնել ու փրկել։ Անըմբռնելի է իմաստն ու տարողութիւնը այս խորհուրդին՝ զոր Մարդեղութիւն կը կոչենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել որ մարդը, որ ստեղծուած էր յաւէտ երջանիկ ըլլալու համար, ինքզինքը կը դատապարտէր՝ անտեսելով իր Արարչին պատուէրը։ Իր Տիրոջ հանդէպ գործուած այս ծանր յանցանքը՝ աստուածային միջամտութեամբ միայն կրնար սրբուիլ։ Հարկաւոր էր ուստի բացառիկ միջամտութիւն մը, բառնալու համար աստուածային անէծքը։ Ո՛չ մի արարած կարող էր այդպիսի փրկարար արարք մը կատարել։ Այդ բացառիկ միջամտողը ի՛ր իսկ, Աստուծոյ Որդի՛ն եղաւ, որ յօժարեցաւ իջնել աշխարհ, ստանձնելով մարդկային բնութիւնը, անոր բոլոր տկարութիւններով, մեղմելու համար Տիրոջ արդար ցասումը։ Այսպէսով է որ իրագործուեցաւ Փրկագործութեան խորհուրդը. Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ անձը դարձաւ Գառն Աստուծոյ, անմե՛ղ ողջակէզը խաչին վրայ զոհուեցաւ մեր սիրոյն համար։

Ա՛յս էր փրկագինը, որ պէտք էր վճարուիլ փոխան մեղապարտ մարդկութեան ազատագրումին։ Ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց հաւասար ըլլալ Աստուծոյ։ Բայց ինքզինքը ունայնացուց, ծառայի աստիճան առնելով, մարդոց նման դառնալով եւ մարդու տեսքով յայտնուելով։ Խոնարհեցուց ինքզինքը, հնազանդ դառնալով մինչեւ մահ եւ մինչեւ մահը՝ խաչին» (Փիլ 2, 8)։

Ան ըսած էր նախապէս՝ թէ սիրոյ գերագոյն ապացոյցը՝ իր կեանքը տալն է իր սիրած անձին համար։ Ուստի, ինքը որ ծայր աստիճան սիրած էր մարդկութիւնը, ուզեց գագաթնակէտին հասցնել իր սէրը, մեռնելով ի սէր մարդկութեան։ Յովհաննէս, այդ սիրոյ առաքեալը, որ մինչեւ խաչին ոտքը ընկերացաւ իր Տիրոջ, անմիջական վկան եղաւ այդ անհաւասարելի սիրոյն, յիշելով Յիսուսի վերջին օրերը. «Ան, գիտնալով որ հասած էր ժամը, ուր աշխարհէն պիտի փոխադրուէր դէպի Հայրը, սիրեց իրենները որ աշխարհի մէջ էին, ի սպառ սիրեց զանոնք» (Յովհ. 13, 1)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աւելի քան երկու հազար տարի անցաւ այն օրէն ուր Աստուած, գթալով իր ստեղծած մեղաւոր մարդուն, շնորհեց ամենամեծ պարգեւը, որ կարելի է երեւակայել. ի՛ր իսկ Միածին Որդին։ Զայն աշխարհ ղրկեց՝ որպէսզի մարդը, որ անհնազանդ գտնուած էր իրեն հանդէպ, կարենար ընդունիլ անոր ներումն ու վերստանալ իր կորսնցուցած երջանկութիւնը։

Կարելի՞ է ըսել, թէ որքանո՞վ մարդկութիւնը գնահատեց եւ օգտագործեց այսպիսի անգին պարգեւ մը։ Այսօրուան մարդուն մեծագոյն ցանկութիւնն է՝ օգտուիլ որքան կարելի է՝ աշխարհին ընձեռած անցաւոր բարիքներէն, որ գոհացում կու տան իր նիւթական, զգայական կարիքներուն, անտեսելով այն բարիքները, որոնց շնորհիւ կրնայ ապահովել իր հոգեկան, անանց երջանկութիւնը։

Այդ անգնահատելի բարիքներուն մեծագոյնն է խաղաղութիւնը, որուն բացակայութենէն կը տառապի ներկայ մարդկութիւնը, եւ որուն խոստումը հռչակեցին հրեշտակները Քրիստոսի մսուրին վրայ. «Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» (Ղկ. 2, 14)։ Ափսո՛ս, որքա՛ն հեռու է իրականանալէ այսօր խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ. կը տեսնենք ատելութիւնը մարդոց, ժողովուրդներու, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին իրարու դէմ, ջանալով իրարմէ խլել հարստութիւն, կամ ափ մը հող, ի գին հարիւրաւոր, հազարաւոր կեանքերու կորուստին։ Արեւելք ու Արեւմուտք, անխտիր, դարձած են բեմ՝ համատարած ու անվերջ խռովութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած չեն մեզ շրջապատող երկիրները, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին վրայ։ Մեզ կը մտահոգեն այս օրերուն արդար ցասումն ու պոռթկումը անիրաւուած, անապահովութեան մատնուած ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան, որոնք ճարահատ, կը մղուին յեղափոխութեան դիմելու կամ երկիրը լքելու։ Կրնա՞նք անտարբեր մնալ անոնց բարկութեան դիմաց, յուսալով որ օր առաջ այս երկրին տիրակալները զգաստանան, հրաժարին իրենց փառքի ու յափշտակութեան մոլուցքէն եւ մտահոգուին իրենց ժողովուրդին տառապանքով։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահա Քրիստոսի Ծնունդը, որ անգամ մը եւս մեր մէջ կ՚արթնցնէ խանդը՝ զարթնելու, մեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելու, նպաստելու համար այս թանկագին, աստուածապարգեւ խաղաղութեան հաստատումին համայն աշխարհի վրայ։ Ի հարկէ, մեր մտքերն ու իղձերը այս պահուս կ՚երթան յատուկ կերպով մեր բոլոր սիրելի ազգակիցներուն, Մայր Հայրենիքի, Արցախի ու Սփիւռքի տարածքին վրայ, որպէսզի խաղաղութեան հետ միասին, իրագործուին ու զարգանան կատարեալ համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնը։

Այս բարիքները պարգեւներն են նորածին Փրկչին, որուն դիմելու եւ աղերսելու առիթն ունինք այս օրերուն։ Պիտի ստանանք զանոնք՝ այն պայմանաւ որ մեր յոյսը չկորսնցնենք երբեք մարդացեալ Աստուծոյ ողորմութեան եւ բարեսրտութեան վրայ։ Մտաբերենք մարգարէական խոստումը, զոր կը հռչակենք յատկապէս այս օրերուս. «Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, Որդի մը տրուեցաւ ձեզի»։  Խաղաղութեան իշխանը մէկ անգամ չի ծնաւ։ Կը ծնի ամէն անգամ որ քրիստոնեայ աշխարհը կը վերարծարծէ իր յոյսն ու վստահութիւնը՝ թէ Ան մեզի հետ է միշտ. Էմանուէլն է ան որ երբեք բացակայ չէ մեր մէջէն։

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի։ Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։

Ա՛յս է Ծնունդի անանցանելի խոստումը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 09:22