Արհ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան Արհ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան 

Արհ. Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի Սուրբ Ծննդեան պատգամը:

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԳԻՇԵՐԸ

«Մի վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ ժողովուրդինը։ Այսօր ձեզի փրկիչ մը ծնաւ որ օծեալ Տէրն է։ Արշալոյսը յաջորդական ծնունդներու, նոր մարդուն, եղբայրութեան, համերաշխութեան ու խաղաղութեան բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ»։

Ունկնդրէ լուրը

Այո, այս էր աւետիսը զոր տուաւ հրեշտակը համայն մարդկութեան 2020 տարիներ առաջ․ անվախ մանուկ մը ծնաւ որպէսզի քաջութիւն շնորհէ բոլոր յոգնած եւ վախի մէջ գտնուող հոգիներուն՝ ըսելով բոլորին թէ եկած եմ մսուրի մը մէջ ծնելու ձեզի բանալու արաքայութեան դռները։

Այս գիշեր՝ շատ կարեւոր գիշեր մըն է։ Գիշեր մը՝ որ կը նշանակէ տառապանք, սուգ եւ փորձութիւն, պատերազմ եւ աղէտ։ Այս գիշերը կը նշանակէ հաւասարապէս համերաշխութեան պակասը, չգոյութիւնը, սրտի մթութիւնն ու մեղքը։ Դուք, որ ինծի կը լսէք, ձեր սեփական ընթացքը կրնանք այս անկիւնէն կարդալ, եւ նաեւ աշխարհի տեսարանը տեսնել։

Ուրեմն, Բէթղէհէմի գիշերուայ մէջ է, որ յոյսի եւ կեանքի լոյսը երկրի վրայ ծագեցաւ։ Իւրաքանչիւր Ս․ Ծնունդի տօն՝ այս իսկ կը յիշեցնէ։ Զայս՝ իր նախորդներուն նման է։ Փրկիչ մը մեզի համար ծնաւ։ Իր լոյսը՝ խաւարին մէջ կը փայլէր, եւ խաւարը չէր կրնար զինք կանգնեցնել։

Նոյնիսկ կրնանք խոչընդոտներ դնել մեր եւ Քրիստոսի միջեւ, մերժել զայն, որովհետեւ չենք հաւատար, քանի որ անտարբեր ենք, կամ՝ պարապ կեանք մը կը վարենք։ Աւետարանը ճիշդ կ՛ըսէ․  «Եկաւ իրեններուն, եւ որ իրենները զինք չ՛ընդունեցան»։ Բայց, մենք չենք կրնար արգիլել իր լոյսը մեզ լուսաւորելէ, եւ ինչպէս նաեւ մենք՝  չենք կրնար զինք արգիլել մեզ սիրելէ։ Քրիստոսի լոյսը  բոլորին միջոցով կ՛անցնի։ Ան աւելի զօրաւոր է քան խաւարը կամ չարիքը։ Ան այժմ ի յայտ կու գայ լոյս օրուան ընթացքին, կը ջերմացնէ ան որ իրեն պէտքն ունի, եւ ան կեանք կու տայ անոր՝ որ իր սիրտը կը բանայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ բոլոր անոնք որոնք մեզի հետ են այս Ս․ տօնին կը մասնակցին, երկու հազար քսան տարիէ ահա, մենք Բէթղէհէմի մէջ երեւցած հրեշտակներու երգը կ՛արձագանգենք Յիսուս Մանուկի ծննդեան տօնին առթիւ․ «Փառք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն  մարդոց՝ իր սիրելիներուն» (Ղուկ․ 2։ 14)։ Բայց ի՞նչ իմաստ եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունին Աստուծոյ գովասանքներն ու մարդոց կողմէ ուղղուած այս օրհնութիւնը։

Բէթղէհէմի հրեշտակներուն աւետիսը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, բայց միայն զուտ պատրանք մը, եթէ այն Աստուծոյ փառքն ու մարդոց խաղաղութիւնը յայտնէր, որպէս Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ինքնաբուխ պտուղ։ Սակայն այս աւետիսը հակառակը ցոյց տուաւ  դարերու ընթացքին եւ աշխարհի չորս ծագերուն՝ անսահման յոյսի մը, որ եթէ փառքը եւ խաղաղութիւնը յայտարարուած է եւ ընդունուած է որպէս  մարդկային – աստուածային  գործ՝ զորս կը սկսի Բէթղէհէմի Մանուկին ծնունդով, եւ ասիկա կը ձեւաւորուի աշխարհի վրայ իր գործունէութեամբ ու իր կեանքով, եւ դարէ դար կը հաստատուի։

«Փառք Աստուծոյ եւ մարդոց խաղաղութիւն»։ Այս Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ ծրագիր մըն է, ծրագիր մը՝ Բէթղէհէմի Մանուկին համար, ծրագիր մը՝ այր մարդոց եւ կիներուն համար, որոնք, դարերէ ի վեր եւ բոլոր երկիրներուն մէջ, պիտի հաւատան եւ պիտի պարտաւորուին իր Փրկչական առաքելութեան մասնակցելու։ Իրեն նման եւ իր մէջ, եւ օգնութեամբ իր Սուրբ Հոգիին, պէտք է խաղաղութիւն կերտեն  մարդոց համար եւ Աստուծոյ մեծ փառքին համար։ Բայց, ամէն բանէ առաջ, անոնք պիտի արմատախիլ ընեն մարդոց միջեւ եղած տարակարծութիւնները, սկսած՝ անարդարութիւններէն, անհաւասարութիւններէն, գերիշխանութեան ոգիէն եւ միւս եսասիրական կիրքերէն։

Աղօթենք սիրելիներ մանուկ Յիսուսին խնդրելով մեր Լիբանանի խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն։ Լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ դնելով իսկական սէրը եւ միութիւնը Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 12:06