Սուրբ երկրէն առնուած լուսանկար Սուրբ երկրէն առնուած լուսանկար 

Երուսաղեմի հոգեւոր պետերուն Սուրբ Ծննդեան պատգամը:

Յիսուս գաղթական ըլլալով, փորձարկեց նաեւ անտէր, անօճախ մարդու տառապանքները, դիմագրաւելով ամէն սպառնալիք, մինչեւ մահը: Սակայն Յիսուս իր ծնունդով յոյս եւ կեանք պարգեւեց աշխարհին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Սուրբ երկրի հոգեւոր պետերուն պատգամեներուն նիւթ եշաղ է  Յիսուս Սուրբ Ծնուդնը   նկատել տալով  որ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը ամէն չարիք կը վերածէ կեանքի լիութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ծննդեան պատգամներուն մէջ նշուած է թէ Յիսուս Քրիստոս մարդացաւ համայն աշխարհը փրկելու համար: Աստուծոյ Որդին իբրեւ մարդ փորձարկեց մեր մարդկայնութիւնը: Յիսուս գաղթական ըլլալով,  փորձարկեց  նաեւ անտէր անօճախ մարդու տառապանքները, դիմագրաւելով ամէն սպառնալիք, մինչեւ մահը: Սակայն Յիսուս  իր ծնունդով  յոյս եւ կեանք պարգեւեց աշխարհին:  

Պատգամներուն մէջ Սուրբ Երկրի հոգեւոր պետերը մաղթած են, որ Յիսուսի Սուրբ ծնունդը արդարութիւն պարգեւէ բոլոր մարդոց:  Ուրախութիւն , խաղաղութիւն, համերաշխութիւն պարգեւէ բոլոր ազգերուն:

Մինչ՝ Սուրբ  Սուրբ Երկրի Պահակը գերապայծառ Փիցապալա  Սուրբ Ծնունդի պատգամը  եզրափակած է յիշելով բոլոր անոնք որոնք լռութեան մէջ սիրով եւ առանց աղմուկի իրենց կեանքը կու տան ուրիշներուն : Յիշեց ծնողները, որոնք բոլոր դժուարութիւններու հանդերձ քաջութեամբ ապագային կը սեւեռեն՝ յոյս ներշնչելու համար իրենց զաւակներուն: Յիշեց հիւանդանոցներուն, ծերանոցներուն,  հիւրընկալութեան կեդրոններուն մէջ աշխատաւորները, յիշեց երիտասարդները, որոնք երբեք չեն հրաժարիր աւելի լաւ ապագայ երազելէ:

Գերապայծառ Փիցապալլը վերջապէս յիշեց նաեւ  բոլոր անոնց որոնք հասկցած են թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ կեանքը պարգեւել, անշահախնդրութեամբ սիրելով եւ առանց բան մը   ակնկալելու,  հաստատելով, թէ  անոնք են եկեղեցւոյ յոյսը: Անոնց մէջն է որ այսօր կը նշուի  իսկական Սուրբ Ծնունդը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 10:47