«Իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ» (Ղուկ. 2, 7) «Իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ» (Ղուկ. 2, 7)  

«Իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ» (Ղուկ. 2, 7)

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեանի խորհրդածութիւնը։

Յիսնակաց շրջանին մէջն ենք:

Կը պատրաստուինք յիշատակելու Աստուածայայտնութեան 2019-րդ տարեդարձը. դէպք մը պատմական, որ տեղի ունեցաւ որոշ թուականի մը եւ յայտնի տեղի մը մէջ, եւ որուն իբրեւ արդիւնք Աստուածութիւնը հաշտուեցաւ մարդկութեան հետ, սրբագրելու համար խախտում մը, որ պատահեցաւ Ադամ եւ Եւայի առաջին ըմբոստութեամբ՝ իրենց Արարիչին եւ գոյութեան առաջին պատճառին դէմ:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիրաւի, Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին հեղինակը կʼըսէ. «Անցեալին, շատ անգամներ եւ բազմաթիւ օրինակներով Աստուած խօսեցաւ մեր հայրերուն՝ մարգարէներուն բերնով, իսկ այս վերջին ժամանակներուն խօսեցաւ մեզի իր Որդիին միջոցաւ, զոր կարգեց ժառանգորդ ամէն բանի եւ որով ստեղծեց տիեզերքը» (Եբր. 1, 1-3): Մատթէոս Աւետարանիչը կը բացատրէ եւ Հին Կտակարանի մարգարէին բերնով կʼըսէ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը ծնի եւ զայն պիտի կոչեն ‘‘Էմմանուէլ’’, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ» (Մտթ. 1, 23):

Ահա՛ իսկական եւ խոր իմաստը «Աստուածայայտնութեան» պատմական դէպքին, որ կը կըրկնուի 2019 տարիներէ ի վեր, անկախ չափազանցուած աշխարհիկ երեւոյթներէն, գոյնզգոյն զարդարանքներէն, զուարթ եւ երբեմն որկրամոլ խրախճանքներէն ու առատաձեռն նուէրներէն: Մենք կը յիշատակենք այդ դէպքը, որ պատահեցաւ երեք փուլերով եւ ամէն տարի, կրկին անգամ կը պատահի եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին կը հետաքրքրէ:

Առաջին փուլը տեղի ունեցաւ երբ Աստուածորդին ծնաւ Մարիամ Աստուածածինէն Բեթղեհէմի մէջ եւ յայտնուեցաւ «իրեններուն». մօրը, Ս. Յովսէփ պաշտպանին, Բեթղեհէմի հովիւներուն եւ բնակիչներուն, որոնցմէ շատերը մերժեցին զինքը ընդունիլ իրենց տուներէն ներս, եւ ստիպուեցաւ ծնիլ քարայրի մը մէջ:

Երկրորդ փուլին Յիսուս յայտնուեցաւ հեթանոս մոգերուն եւ անոնց միջոցաւ համայն բարի կամք ունեցող ոչ-հրեայ օտար ժողովուրդներուն, որոնք ընդունեցան զինքը, յարգանքի նուէրներ ընծայեցին եւ եղան անոր վկաները ամբողջ աշխարհին համար:

Երրորդ փուլը տեղի ունեցաւ երբ Յիսուս մկըրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, եւ Ս. Երրորդութիւնը յայտնուեցաւ հրեայ ժողովուրդին եւ անոր կրօնական պետերուն, որոնք զինքը պաշտօնապէս մերժեցին եւ որոշեցին դէմը պայքարիլ եւ նոյնիսկ՝ զինքը անհետացնել:

Յաջորդական տարիներուն, Յիսուս քարոզուեցաւ եւ յայտնուեցաւ զանազան ժողովուրդներու եւ ուղղակի անձերուն. անոնք, մերթ ընդ մերթ, մերժեցին կամ ընդունեցան, հաւատացին անոր եւ իրենց կեանքն ու գոյութիւնը իրեն հետ կապեցին:

Ի միջի այլոց, յայտնուեցաւ ու քարոզուեցաւ հայ ժողովուրդին Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու բերնով եւ ապա՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցաւ, ու դարձանք պաշտօնապէս առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը:

Այժմ, այս տօնական շրջանին, Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին դարձեալ պիտի յայտնուի զանազան առիթներով եւ զանազան միջոցներով: Արդեօք, ինչպիսի՞ պիտի ըլլայ մեր դիրքը անոր հանդէպ: Արդե՞օք Բեթղեհէմի ժողովուրդին պէս պիտի մերժենք անոր ծնունդը մեր հոգիներէն, մեր տուներէն, մեր գործատեղիներէն եւ մեր շրջափակէն ներս: Պիտի ըսե՞նք, արդեօք, թէ մենք աշխարհիկ մտայնութիւն ունինք եւ կը մերժենք ամէն տեսակի կրօնական արտայայտութիւն եւ քրիստոնէական վերաբերում եւ դաւանանք:

Երանի՜ մեզի, եթէ ընդունինք զինքը մեր մէջ, քանի որ ինքը «Էմմանուէլ» է, այսինքն՝ «Աստուած մեզի հետ»: Իրմով լուսաւորուինք, իրմով զօրանանք եւ մեր ապրելակերպը նմանցնենք իր վարդապետութեան ու Եկեղեցւոյ ուսուցումին:

 Եկէ՛ք, նմանինք մոգերուն, որոնք զինքը փընտռեցին եւ տաժանագին ճամբորդութենէ ետք զինքը գտան, երկրպագեցին ու հաւատացին անոր, եւ դառնալով իրենց երկիրները՝ դարձան անոր վկաները եւ զինք ճանչցուցին համայն աշխարհին:

Փառք Աստուծոյ մեր ունեցած կրօնքին համար, եւ պարծանք ու խաղաղութիւն մեզի, որ ընդունեցանք մաս կազմել անոր, որովհետեւ եղաւ մեզի՝ մեծ Աւետիս եւ երջանիկ Կեանք:

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 09:28