Որոնել

Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ծնունդը 

Ծիսական գիտելիքներ։ Զ. շաբաթ Յիսնակաց (22-29 Դեկտեմբեր 2019 )։

Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն:
Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց Զ. շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։

Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար։

Երկուշաբթի 23 Դեկտեմբերին, ` տօնն է Դաւիթ մարգարէին որ Հրէաստանի թագաւորն էր եւ Ս. Գրքի մէջ իր անունը ճանչցուած է որպէս յօրինող Սաղմոսներուն։ Ան նախահայրը կը սեպուի Յիսուսի, որ Բենիամինի ցեղէն եւ սերունդէն էր, ինչպէս Դաւիթ։ Յիսուս յաճախ կը կոչուի իր ժամանակակիցներէն Դաւթի Որդի։

Երկրորդ տօնն է Սուրբ Յակոբ, զոր կը կոչենք Տեառնեղբայր, այսինքն եղբայրը Յիսուսի. Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել իր հարազատ զարմիկը, որով Հին Հրէաստանի մէջ` զարմիկները զիրար եղբայր կ՛անուանէին։

Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբերին` Ծննդեան Ճրագալոյցն է. Այդ օրը կը կարդացուին նախապէս Եսայիի եւ Միքիայի մարգարէութիւնները որոնք Յիսուսի Ծննդեան կը հային, որմէ ետք` տեղի կ՛ունենայ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը

Չորեքշաբթի  25 Դեկտեմբերին` տօնն է Քրիստոսի Ծննդեան Բեթղեհէմի քարայրին մէջ. Եկեղեցիներու մէջ սովորութիւն կայ մսուրներ շինել եւ արձանիկներով զարդարել, յիշատակելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը։

Հինգշաբթի 26 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Ուրբաթ 27 Դեկտեմբերը՝ Ծննդեան Գ. օրն է։

Շաբաթ 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։

Կիրակի 29 Դեկտեմբերը՝  Յիսնակաց Է. Կիրակին է եւ Ծննդեան Ե. օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 08:30