Որոնել

Քաղդէացիներուն Պատրիարքը  Լուսի Ռաֆայէլ Սաքօ Քաղդէացիներուն Պատրիարքը Լուսի Ռաֆայէլ Սաքօ 

Քաղդէացիներու եկեղեցիներէն ներս, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշեր պիտի չմատուցուի Սուրբ Պատարագ:

Քաղդէացիներուն Պատրիարքին հարցազրոյցը Վատիկան Նիւզի հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պաղտատի մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններու , ցոյցերու եւ անապահով քաղաքական վիճակին պատճառով Քաղդէացիներու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշեր պիտի չմատուցուի Սուրբ Պատարագ:

Ունկնդրէ լուրը

Մինչ այլ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ սովորական կերպով պիտի պիտի նշուին Յիսուսի Սուրբ ծննդեան գիշերային ծիսկաան արարողութիւնները: Այս մասին հաղորդած է Քաղդէացիներու պատրիարք կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքօ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին: Պատրիարքը դատապարտած է Իրաքի մէջ ներկայ կացութիւնը իր աջակցութիւն յայտնելով, ազատութեան , արժանավայել կեանք ապրելու համար հրապարակ  իջած ցուցարարներուն:

«Շատեր մեզի խորհուրդ տալով խնդրեցին, որ ջնջենք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշերուան Սուրբ Պատարագը: Արդարեւ հաւատացեալներուն անվտանգութեան համար եւ յարձակումներուն թիրախ չդառնալու համար որոշեցինք Սուրբ Պատարագ չմատուցել Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան  գիշերային գիշերը: Մինչ սովորական կերպով պիտի նշուին այլ կաթողիկէ հասարակութիւններուն մէջ:

Պատրիարք Սաքօ նշած է, որ Իրաքի մէջ ամենուրէք կը տիրէ անկայուն եւ անապոհով վիճակ: Ժողովուրդը ցոյցեր  կը կատարեն պահանջելով ազատութիւն եւ աշխատանք: Ներկայի քաղաքական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանին միայն իրենց շահերուն համար  եւ ոչ մէկ բան մը կատարեն ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելու համար: Չենք գիտեր ինչպէս կը ծախսուին  հանրութեան դրամը: Երկրին մէջ պակասը կայ ելեկտրականութեան եւ խմելիք ջուրին: Դպրոցներու, հիւանդանոցներուն մէջ  կացութիւնը շատ վատ է : Ցուցարարներուն միակ  պահանջն է  փտածութենէ եւ կաշառակերութենէն հեռու պետութիւն մը:

Պատրիարք Սաքօ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է նաեւ,  որ Քաղդէացիները Սուրբ Ծնունդի գիշեր պիտի անցնեն աղօթելով խաղաղութեան եւ երկրին կայունութեան համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 10:28