Որոնել

Տիրամօր Սրբապատկեր Տիրամօր Սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ։ Դ. շաբաթ Յիսնակաց (8- 15 Դեկտեմբեր 2019 )

9 Դեկտեմբերին հայ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարան Յղութեան, նոյն օրը Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տօնն է։

Յիսնակաց չորրորդ շաբաթը նուիրուած է Աստուծոյ արքայութեան առակին, որով Յիսուս բացէ ի բաց կը հասկցնէ Հրեաներուն թէ` քանի մերժեցին Աստուծոյ հրաւէրը, արհամարհելով իր ուղարկած փրկիչը եւ մտիկ չընելով անոր խօսքերուն, հրաւէրը կ՛անցնի աշխարհի միւս բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք սիրով կ՛ընդունին նոր աւետիսը եւ կ՛ապրին Յիսուսի պատգամած կեանքի սկզբունքներուն համեմատ։

Երկուշաբթի  9 Դեկտեմբերին հայ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարան Յղութեան,  նոյն օրը Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տօնն է։

Երեքշաբթի 10  Դեկտեմբերին կը տօնենք երեք սուրբ նահատակներ, որոնք, ծագումով աթենացի զինուորականներ էին, սակայն ղրկուած էին Հռոմի կայսեր կողմէ Աղեքսանդրիա, հոն հանդարտեցնելու համար զանազան խռովութիւնները. Անոնց առաջինն է Մինաս, ճարտասան եւ իմաստուն զօրականը, իր քարտուղարը` Գրափոս եւ ապա` Երմոգինէս աթենացի եպարքոսը։ Առաջին երկուքը Աղեքսանդրիոյ մէջ ընդունեցան քրիստոնէութիւնը եւ համարձակ կերպով անոր կը վկայէին. Երմոգինէս ղրկուեցաւ զիրենք դատելու համար, սակայն ինք եւս դարձաւ քրիստոնեայ եւ ի վերջոյ երեքն ալ նահատակուեցան Գաղերիոս կայսեր ձեռամբ։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ երկու կամաւոր աղքատներ. Ալեքսիանոս` Հռովմայեցի եւ Յովհաննէս Կ.Պոլսեցի, որոնք թողլով աշխարհի հրապոյրները – երկուքն ալ հարուստ ընտանիքի զաւակ էին – կամաւորապէս շրջեցան որպէս աղքատներ, ողորմութիւն խնդրելով եւ իրենց հացը անցորդներէն մուրալով։

Հինգշաբթի 12 Դեկտեմբերին տօնն է հինգ սուրբ վկաներու, որոնց անուններն են. Եւստռատիոս, Օքսենտիոս, Եւգինիոս, Ովրեստէս եւ Մարդարիոս։ 

Ասոնք հինգ հայ երիտասարդներ էին, Սեբաստիոյ գաւառէն, որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար յանձն առին նահատակութիւնը։ Անոնց անունները հռովմէական ըլլալով` շատեր կը կարծեն թէ օտար սուրբեր են, սակայն այդ շրջանին` -Գ. դարուն վերջը - Սեբաստիոյ նահանգը կը կառավարուէր հռովմայեցի կուսակալի մը կողմէ եւ ընդհանրապէս նորածիններու անունները կ՚որոշուէին հռովմէացի պաշտօնեաներու կողմանէ։

Շաբաթ 14 Դեկտեմբերին` տօնն է Յակոբ Մծբնայ մեծ հայրապետին։ Ան ծագումով ասորի էր ,  սակայն սերտօրէն կապուած՝ հայ Եկեղեցւոյ։ Ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոսրովուհի հօրաքրոջ որդին էր եւ մանկութեան շրջանին` դաստիարակուած էր Գրիգորի հետ Կեսարիոյ մէջ. Ապագային ալ` ան շատ օգտակար դարձաւ հայ ազգի աւետարանացման համար։ Կը պատմուի թէ մագլցած ըլլայ Արարատ լեռը, ուրկէ բեկոր մը բերած է Նոյան Տապանէն։ Իր տօնին օրը` ընդհանրապէս հայ տիկինները կը զգուշանան լուացք ընելէ կամ լոգանք առնելէ։

Իր հետ կը տօնուի նաեւ Մարուգէ ճգնաւորը, որ մարգարէացած էր իրեն թէ մօտօրէն Մծբինի հայրապետ պիտի ըլլար։ Կը յիշատակուի նաեւ Քաղկեդոնի Ս. Ժողոսի  636 հայրապետներու տօնը։

Կիրակի 15 Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց  Ե. Կիրակին է։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 08:20