Որոնել

Թեզէի երիտասրադներուն եւրողական հաւաքը Վրոդսլավի մէջ։ Թեզէի երիտասրադներուն եւրողական հաւաքը Վրոդսլավի մէջ։  

Թեզէի երիտասրադներուն եւրոպական հաւաքը Վրոդսլավի մէջ։

15 հազար երիտասարդներ 28էն մինչեւ 1 Յունուար 2020 կը համախմբուին Վրոդսլաւ քաղաքին մէջ միասն կիսելու համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահեր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

28 դեկտեմբերէն մինչեւ 1 յունուար 2020 Լեհաստանի Վրոդսլաւ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թեզէի երիտասարդներուն եւրոպական 42-րդ հաւաքը, որուն այս տարուայ ընտրուած բնաբանն է «միշտ ուղեւորութեան մէջ, երբեք արմատախիլ չեղած»։ 

Հաւաքը կազմակերպուած է 1940-ին Եղբայր Ռոժէի կամքով հիմնուած Թեզէի համամիութենական միջազգային  հասարակութեան նախաձեռնութեամբ, որ  42 տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ աղօթքի, խորհրդածութեան ու հանդիպումի այս հաւաքը, որուն այս տարի համայն եւրոպայէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 15 հազար երիտասարդներ, որոնք պիտի հիւրընկալուին քաղաքի 15 ժողովրդապետութիւններու մէջ  եւ կամ ընտանիքներուն տուներուն մէջ։ Այս երրորդ անգամն է որ Վրոդսլաւ քաղաքը կը հիւրընկալէ երիտասարդներուն հաւաքը, որուն նպատակն է «միասին զրուցել ու քննարկել ներկայի ու ապագայի հայող հարցեր ու ծանօթանալ տեղական եկեղեցւոյ փորձառութիւններուն, ինչպէս նաեւ Աւետարանի հետ բաղդատել եւ համեմատել ժամանակակից  հարցեր, հիմք ունենալով միասնական աղօթքը», ինչպէս Ռատիօ Վատիկանի Վատիկան Նիուզին կը յայտնէ  Թեզէի հասարակութենէն Եղբայր Մարէքը որ կը մատնանշէ թէ հաւաքին ամենակարեւոր պահը պիտի ըլլայ  31 դեկտեմբերի հսկումը։

Ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ կը մասնակցին այս հաւաքին որուն նպատակն է վերագտնել վստահութեան ու հաշտութեան ուղիներ՝ քրիստոնեաներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան նոր ճանապարհներ հարթելու միտումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2019, 11:20