1575739766715.jpg

Շարունակեցէք վկայել, յոյս հաւատք եւ սէր. Ֆրանչիսկոս Պապը Հալէպի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան։

Կարդինալ Զենարի նշեց թէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակառուցումը կ՛ուզէ նշան ու տիպար հանդիսանալ համայն Սուրիոյ վերակառուցման ու վերածնունդին համար:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան 4.30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ վերաբացումն ու օծումը կատարուեցաւ Հալէպի Թըլել թաղամասի մէջ գտնուող  Հայ Կաթողիկէներու «Մայր Օգնութեանց»  աթոռանիստ պատմական եկեղեցւոյ։

Ունկնդրէ լուրը

Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեանի գլխաւորած արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, բացի Հայ Կաթողիկէ կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն, նաեւ Հալէպի մէջ գործող քրիստոնեայ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ  Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ իր հետ տարած էր Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցչինը յայտնեց թէ կիրակի օրուայ արարողութիւնը եղաւ մեծ տօն մը, ոչ միայն հայ կաթողիկէ համայնքին համար այլեւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որոնք կարիքը ունէին յոյս ներշնչող  այդպիսի տօնակատարութեան, որ տեսաւ նաեւ իսլամ կրօնապետերու մասնակցութիւնը։

«Այս մէկը կարեւոր երեւոյթ մըն է որ կը յատկանշէ համակեցութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ապագայի կերտումի կարեւորութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Զենարի որ ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ ուղարկած պատգամին մէջ քաջալերեց քրիստոնեաները՝ շարունակելու իրենց յոյսի, հաւատքի ու սիրոյ վկայութիւնը տալ, նահատակ Սուրիոյ տարածքին, յոյս յայտնելով որ այդ մութ օրերէն ետք ապրուի վերածնունդի շրջանը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս  Քրիստոսի Յարութեան յաղթական նշանին տակ, որ մեզ կը հրաւիրէ երբեք չի վհատելու չարին դիմաց այլ ջանաելու մշատպէս վերծնիլ Ւրեն մէջ։

“Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ գրուած է«Աստուծոյ այս տան վերանորոգումը. Պատերազմի պատճառաւ կրած մեծ վնասներէն ետք կը վկայէ քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատքը, խիզախութիւնն ու կառչունութիւնը»։”

Կարդինալ Զենարի ապա նշեց  թէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակառուցումը կ՛ուզէ նշան ու տիպար հանդիսանալ համայն Սուրիոյ վերակառուցման ու վերածնունդին համար, որպէսզի այդ երկիրը կարողանայ  դարձեալ հանդիսանալ հին օրերու խճանկարը ուր ՝ տարբեր կրօններու հաւատացեալները,  ու տարբեր ցեղերու պատկան քաղաքացիներ ապրին համատեղ ու միասին կառուցեն յոյսի ապագան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 10:33