Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք 

Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք

Սահակ եպս. Մաշալեանի օգտին քուէարկած են 102, իսկ Արամ արք. Աթէշեանի օգտին` 16 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ անվաւեր նկատուած է:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ չորս Նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Թուրքիոյ Պատրիարքական աթոռը, որ 2008էն ի վեր թափուր կը մնար, 11 Դեկտեմբերին ունեցաւ իր նոր գահակալը՝ 85րդ պատրիարքը։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ, համայնքին տարեգրութեան մէջ նոր էջ մը բանալով, պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ պատրիարք։

Սահակ սրբազանին ի նպաստ պաշտօնի կոչուած 89 պատգամաւորները եւ Արամ արք. Աթէշեանի ի նպաստ պաշտօնի կոչուած 12 պատգամաւորները առտաւօտեան հաւաքուեցան Գումգաբուի աթոռանիստ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Երբ բոլոր պատգամաւորները տեղ գրաւած էին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Արամ եւ Սահակ սրբազանները միասին մուտք գործեցին եկեղեցի եւ գացին դէպի գաւիթ, ուր կանգնած էր պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Երկու սրբազաններուն նախագահութեամբ, նախ կատարուեցան կանոնական աղօթքներ, որմէ անմիջապէս ետք սրբազանները դուրս ելան եկեղեցիէն։

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ելոյթով։ Ապա եկեղեցւոյ թէ՛ դուրսի եւ թէ ներսի դռները փակուեցան ու սկսաւ պատրիարքական ընտրութեան պատմական պահը։

Նախ ճշդուեցան պատգամաւորներուն վկայագիրները, իրենց հասցէները եւ ինքնութեան տուեալները։ Ապա առաջին քուէարկութիւնը սկսաւ ընտրելու համար Կրօնական ժողովի նոր կազմը, որմէ ետք Սահակ եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ պատրիարք, ստանալով 102 քուէ։

Նշենք, որ կայնին նաեւ 17 կրօնական պատգամաւորներ։

Թեկնածուներէն Մաշալեան սրբազանին ընտրուիլը սպասելի էր, որովհետեւ 8 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած պատուիրակներու ընտրութենէն ետք անոր յաղթանակի հաւանականութիւնը արդէն ուրուագծուած էր:

«Այս անորոշութեան շրջանի աւարտէն ետք, համայնքին մէջ նոր պատրիարքէն յիշեալ խնդիրներու համակարգային լուծումը կ՛ակնկալուի: Սակայն մինչ այդ ամենամեծ սպասելիքը միասնութեան հաստատումն է բազում հարցերու պատճառով պառակտուած համայնքին մէջ: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի կերտէ: Նորութեան կարիք կայ՝ հոգեպէս եւ միտքով: Մեր հաստատութիւնները նորոգուելու կարիքը ունին, իմ ընտրութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Առաջնորդութեան օրինակ ունինք մեր առջեւ Յիսուս Քրիստոսը, որ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, ցոյց տալով ինչպէս ըլլալ բարի հովիւ: Այսօր պատրիարք չընտրեցիք, Աստուծոյ եւ ազգի առաջին ծառայ ընտրեցիք», ըսաւ Սահակ եպս. Մաշալեան, ըստ «Արմէնփրէս»ի։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 08:12