Կիրակնօրեայ Աւետարանը Կիրակնօրեայ Աւետարանը  

Կիրակի 15 Դեկտկմբեր 2019 - Հինգերորդ Կիրակի Յիսնակաց

Ներողամտութիւնը անսահման է - (Ղուկաս 17, 1-10)

Ներողամտութիւնը, որու աղբիւրն է Եղբայրսիրութիւնը, Քրիստոսի բերած նոր Օրէնքին հիմն է այս աշխարհի վրայ. Այլեւս մարդը պիտի չդատուի իր աղօթասիրութեան կամ իր աստուած-պաշտութեան աստիճանին համաձայն, այլ իր ընկերոջ մատուցած իր ծառայութիւններուն համեմատ։ Վերջին Դատաստանի օրը` մեր Փրկիչը պիտի հանդիսանայ մեր Դատաւորը. Ան պիտի չըսէ մեզի թէ քանի պատարագի ներկայ եղար, օրական քանի անգամ աղօթեցիր, կամ թէ քանի զոհ եւ մատաղ մատուցիր Տիրոջ։ Ոչ. Անոր գլխաւոր հարցումը պիտի ըլլայ. Ես հիւանդ էի, այցելեցի՞ր ինծի, կարօտեալ էի, օգնեցի՞ր ինծի, մերկ էի, հագուստ տուի՞ր ինծի։

Անշուշտ պիտի զարմանանք այս հարցումներուն վրայ եւ պիտի հարց տանք իրեն թէ ե՞րբ մեզի երեւցար եւ մենք չկատարեցինք քու խօսքերդ կամ չօգնեցինք քեզի. Տիրոջ պատասխանը պիտի ըլլայ թէ ինչ որ ըրինք մեր ընկերոջ` իրեն է որ ըրած եղանք, եւ մեր վարձատրութիւնը մեր բարեսրտութեան չափով պիտի տրուի մեզի։

Ներողամտրութեան օրէնքը կու գայ ամբողջացնելու եղբայրսիրութիւնը, որով մէկը եթէ կը սիրէ իր ընկերը, անպայման կը ներէ անոր երբ յանցանք մը գործէ եւ գայ խոնարհաբար իրմէ ներողութիւն խնդրէ։ Իսկ եթէ ներողութիւն չխնդրէ, պարտակա՞ն ենք դարձեալ ներելու իրեն. Յիսուս պատասխանը կու տայ խաչին վրայէն, երբ կ՛աղաչէ իր երկնաւոր Հօր որ ներէ զինք չարչարողներուն ու խաչողներուն. Հայր, ներէ անոնց որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն։ Քրիստոս ձեւով մը կը պաշտպանէ զինք տանջողները իր Հօր առջեւ, պարզապէս որովհետեւ անոնք իրազեկ չեն այն չարիքին զոր կը կատարեն իրենց աստուածային Փրկչին հանդէպ։

Եւ պտուղներէն մին կը քաղէ իր այս ներողամտութեան խաչելութեան օրն իսկ. Որով երբ Յիսուս կ՛աւանդէ հոգին, մահապատիժին գործադրութեան վրայ հսկող հռովմայեցի հարիւրապետը կը գոչէ. Արդարեւ այս մարդը Աստուծոյ որդին էր։ Ղունկիանոս` այն զինուորը որ գեղարդը մխեց Յիսուսի կողին մէջ` առաջին քրիստոնեաներէն մին կը հանդիսանայ նորակազմ Եկեղեցւոյ։

Պօղոս առաքեալ մեզ կը հրաւիրէ չարիքով չփոխարինեելու մեզի չարիք հասցնողներուն։ Եթէ միայն մեզի բարիք ընողներուն բարիք ընենք, ինչ արդիւնք կը շահինք. Իսկ եթէ մեզի չարիք ընողին բարիքով փոխարինենք, արդիւնքը շատ մեծ կ՛ըլլայ. Կրնանք նոյնիսկ պատճառ դառնալ այդ չար մարդուն դարձին։ Իսկ Աստուծոյ առջեւ` մենք կը հանդիսանանք իսկական հերոսներ, նման իր Միածին Որդւոյն, նոյնիսկ պիտի համարձակէի ըսել թէ փրկչակից կ՛ըլլանք իրեն։ Ներողամտութիւնը եղբայրսիրութեան գագաթնակէտն է. Եթէ մեր յաւիտենական փրկութիւնը կախում պիտի ունենայ մեր եղբայրսիրութեան աստիճանէն, ուստի եւ ներողամտութեամբ` մենք կարող ենք ապահով ըլլալ թէ Տէրը մեզ պիտի հասցնէ անպայմանօրէն յաւիտենական երջանկութեան, եւ մեզ պիտի բազմեցնէ ի յաւիտենից պատրաստուած մեզի յատկացուած տեղը, երկնքի արքայութեան մէջ։

Հայր մերին մէջ` շատ հետաքրքրական խնդրանք մը կ՛ընենք Հօր Աստուծոյ. Կ՛ըսենք. Տէր, ներէ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք մեզի դէմ յանցանք գործողներուն. Թող զմեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց. Կ՛ուզենք որ Աստուած ներէ մեզի, ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր ընկերոջ։ Բայց արդեօք, սիրելի հաւատացաեալ, սրտանց կը ներես ընկերոջդ երբ յանցանք գործած է քու դէմդ, որպէսզի համարձակիս խնդրելու Տիրոջմէ որ ներէ քեզի. Այսօրուընէ հեռացուր սրտէդ ամէն քէն եւ ոխ եւ հաճելի պիտի ըլլաս Աստուծոյ. Ամէն։

 Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2019, 09:48