Ս. Ծնունդը, Գլխաւոր Տօն Ս. Ծնունդը, Գլխաւոր Տօն 

Ս. Ծնունդը, Գլխաւոր Տօն

Միածին Որդին մարդացաւ եւ ծնաւ կոյսէն, մարդկութեան նոր ստեղծագործումին եւ փրկութեան համար։

Սովորութիւն է Քրիստոսի Յարութեան տօնը, Զատիկը անուանել «Մեծ Զատիկ», իսկ Քրիստոսի Ծննդեան տօնը՝ «Փոքր Զատիկ»։ Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով Յիսուսի ծննդեան մասին, զայն կʼանուանէ բոլոր տօներու «սկիզբը, հիմը եւ գլուխը»։

«Բոլոր տօներու եւ Աստուծոյ Որդիին տնօրինական տօներու հոգեւոր ուրախութիւններու սկիզբը եւ հիմը եւ գլուխը՝ մեր Աստուծոյ Քրիստոսի Ծննդեան եւ յայտնութեան այս տօնն է։ Եւ այս չորս պատճառով։ Նախ՝ ինչպէս որ սկիզբէն Հայրը Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ խորհուրդ ընելով մարդը Իր պատկերին համաձայն ստեղծեց, նոյնպէս եւ այստեղ Հայրը Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ խորհուրդ ընելով, Իր Բանին մարդեղութեան միջոցաւ յայտնեց խորհուրդը, որ ի յաւիտենից ծածկուած էր ազգերէն։

Որովհետեւ Հայրը ուզեց եւ առաքեց Որդին, եւ Սուրբ Հոգին մաքրազարդեց Սուրբ Կոյսը եւ մարմնանալ տուաւ Որդին։

Միածին Որդին մարդացաւ եւ ծնաւ կոյսէն, մարդկութեան նոր ստեղծագործումին եւ փրկութեան համար։ Ա՛յս էր ծածուկ խորհուրդը, եւ այսօր յայտնուեցաւ. ասոր համար այսօր բոլոր տէրունական տօներու սկիզբն է։ Երկրորդ՝ այն բանի մասին որ մարգարէները նախապէս խօսեցան, եւ օրէնքը գուշակեց տարիներով եւ ժամանակ առաջ, թէ Աստուած մարմնով պիտի երեւի, եւ մարդոց մէջ պիտի շրջի։ Այսօր լրանալով կատարուեցան եւ արդիւնք տուին անոնց խօսքերը՝ երբ Աստուածածին Կոյսը ծնունդ տուաւ. ասոր համար՝ այս օրը սկիզբ եւ հիմն է բոլոր տօներուն։ Երրորդ՝ Ադամ եւ Եւայ դատապարտուեցան յանցանքներու համար, ինչպէս ըսաւ Աստուած՝ ʼփուշ եւ տատասկ պիտի բուսնի քեզի եւ տրտմութեամբ պիտի ծնիս որդիդʼ։ Եւ անկէ ետք մարդկութիւնը պատուհասուած էր անէծքի տակ։ Այսօր, Սուրբ Կոյսի ծնունդ տալու միջոցաւ, անէծքը լուծուեցաւ, դատապարտութիւնը վերացաւ, եւ տրտմութեամբ ծնունդը՝ ուրախութեան փոխուեցաւ, ինչպէս ըսաւ հրեշտակը Սուրբ Կոյսին՝ ʼուրախացիր բերկրեալդ, Տէրը քեզի հետ է, եւ որդի պիտի ծնիսʼ. ասոր համար այս օրը բոլոր տօներուն գլուխը եւ սկիզբն է, եւ մարդկութեան փրկութիւնը։ Չորրորդ՝ որովհետեւ այս տօնը առաջինն է, նախ քան խաչելութեան եւ յարութեան եւ համբարձման տօները, իրենց կարգով։ Որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ նախ ծնաւ մարմնով՝ կոյսէն, եւ ապա եկաւ տաճար, եւ ապա երեսուն տարիներ ետք նոյն ծննդեան օրը մկրտուեցաւ եւ ապա խաչուեցաւ եւ թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, եւ յետոյ երկինք համբարձաւ։ Այսքան պատճառներուն համար, այս ծննդեան տօնը հիմ եւ գլուխ եւ սկիզբ է բոլոր տօներուն, որ եկեղեցին ամբողջ տարւոյն մէջ կը կատրէ։»

Մարմնացեալ Աստուած

Աստուծոյ մարմնացումը մեծ խորհուրդ է։ Մարդ արարածի միտքը կամ հասկացողութիւնը հասու չէ ըմբռնելու մարդեղութեան խորհուրդը։ Սակայն այդ քրիստոնէական հաւատքի էական մասերէն է։ Առաւել եւս, Աստուծոյ մարդեղութիւնը անհրաժե՞շտ էր, որ մարդ արարածը փրկուի մեղքէ եւ յաւիտեանական կորուստէ։ Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով Քրիստոսի մարդեղութեան մասին, հարց կու տայ՝ «Կարո՞ղ էր Աստուծոյ Որդին մեզ փրկել՝ առանց մարմին առնելու»։ Ապա Գրիգոր Տաթեւացի հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ՝ «Վարդապետները կʼըսեն՝ Աստուած ամէն ինչի կարող է, եւ ոչ մէկ տկարութիւն չկայ Անոր մէջ։

Այլ, բազմաթիւ պատճառներով մարդ եղաւ եւ մեզ փրկեց։ Նախ, որովհետեւ դեղը պատասխանն է հիւանդութեան։ Ինչպէս չորին՝ կակուղը եւ ցուրտին՝ ջերմը – եւ ապա կʼառողջանայ։ Նոնյպէս եւ մեր մարդկային բնութիւնը նախ հիւանդացաւ հպարտութեամբ աստուածանալ ուզելով, եւ օձը խաբէութեան միջնորդ եղաւ, ասոր համար, հպարտութեան դէմ՝ Աստուած երկնքէն խոնարհեցաւ եւ մարդ եղաւ. եւ միջնորդը՝ Գաբրիէլ հրեշտակը։ Որ նախ աւետիս տուաւ Սուրբ Կոյս մարիամի, եւ ան չփութաց ինչպէս ըրաւ Եւան եւ խաբուեցաւ, եւ ոչ յամր Զաքրիայի նման՝ որ պատժուեցաւ։ Այլ երբ իր մտքին մէջ խորհեցաւ եւ ընտրեց, եւ հրեշտակէն լսեց Բանին ճշմարտութիւնը, ապա հնազանդեցաւ եւ ըսաւ՝ ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ։

Արդ կոյսին հնազանդութիւնը բուժեց Եւայի անհնազանդութիւնը. եւ Բանին խոնարհութիւնը՝ Ադամի հպարտութիւնը։ Եւ այսպէս արդարութեամբ՝ Աստուած մարդ եղաւ, եւ մարդը աստուածացաւ, ինչպէս որ նախաստեղծը, Ադամ, ցանկացաւ եւ չհասաւ։ Երկրորդ՝ մարդը բնութեամբ աստուածասէր է. ասոր համար ինչ որ պատուական կը տեսնէր, աստուած կը կարծէր եւ կը պաշտէր, ինչպէս արեւը եւ լուսինը եւ ուրիշ բաներ։ Եւ այդպէս մոլորեցաւ կուռքերու ետեւէն, կʼերկրպագէր քարերու եւ փայտերու եւ արծաթի։ Ասոր համար ճշմարիտ Աստուածը երեւցաւ մարմնով, որպէսզի տեսնեն զԱյն եւ պաշտեն։ Երրորդ՝ մարդկային բնութիւնը զանազան մեղքերով հիւանդացաւ. եւ ոչ ոք կրնար արդարանալ եւ փրկուիլ մեղքերէն. ասոր համար կարօտ էր անմեղ բնութեան՝ որպէսզի ազատի մեղքերէն։ Սակայն, մարդկութեան սուրբերը, ինչպէս նահապետները կամ մարգարէները, Աբրահամ, Մովսէս, Եսայի, եւ այլն չէին կրնար փրկել աշխարհը. որովհետեւ անոնք ալ նախահօր Ադամի դատապարտութիւնը ունէին։ Այլ հրեշտակներու ձեռքով ալ չփրեց. որպէս զի չպաշտուին եւ չմոլորին։

Այլ Աստուած, որ բնութեամբ անմեղ էր, մարդացաւ եւ փրկեց, որպէսզի պաշտենք մեր փրկիչը եւ աստուածապաշտ ըլլանք, ըստ այն խօսքին՝ որ ոչ միջնորդներով եւ պատգամաւորներով, այլ Տէրը ինքնին պիտի գայ եւ մեզ պիտի փրկէ։ Չորրորդ՝ մարգարէն կʼըսէ, թէ Աստուծոյ գործերը ճշմարտութիւն եւ իրաւունք են։ Այլ արդ, առանց մարմնի կրնար ազատել մարդը, այլ այդ բռնութիւն պիտի ըլլար։ Այլ Աստուած մարմնացաւ, եւ այն մարմնով, որ յաղթուեցաւ սատանայէն՝ յաղթեց սատանային, որպէսզի իր գործերուն մէջ արդար երեւի. ասոր համար մարտնչեցաւ փորձիչին դէմ եւ յաղթեց մարմնով. եւ Իր հետեւողները զօրացուց՝ որ յաղթեն անոր, ինչպէս կʼըսէ՝ ձեզի իշխանութիւն տուի կոխկրտելու օձերը եւ կարիճները՝ եւ անոնք ձեր դէմ ոչինչ պիտի ընեն։ Հինգերորդ՝ Աստուած մարդասէր կը կոչուի. ուզեց Իր սէրը աւելիով մեզի ցոյց տալ. ինչպէս բարեկամ մը որ իր բարեկամը գերութեան մէջ կը տեսնէ, երթալով անոր կը հարցնէ. իսկ եթէ գինը տալով կը փրկէ՝ աւելիով կը սիրէ. իսկ առաւել եւս կը սիրէ՝ եթէ անոր համար արիւնը թափէ։ Այսպէս, Աստուած տեսնելով որ իր պատկերը, մարդը, սատանայի կողմէ գերեվարած է եւ դժողքի մէջ կը տանջուի, եկաւ մեզ փնտռելու՝ մարդանալով. եւ հարցուց՝ սփոփելով, հիւանդները բժշկելով, բորոտները սրբելով, մեղքերը ներելով, մեռելները յարուցանելով։ Եւ ոչ միայն այս, ալ եւ գինը տուաւ եւ գնեց մեզ արդարութեամբ։ Ան որ մեղքեր չգործեց եւ արդարացաւ հոգիով. եւ սորվեցուց մեզի նոյնը։ Եւ այս բոլորին վրայ՝ Իր արիւնը տուաւ եւ գնեց մեզ, ինչպէս կʼըսէ առաքեալը՝ ո՛չ ապականացու արծաթեղէններով, այլ Միածնի անապական արեամբ փրկուեցանք։

Ապա ուրեմն առաւել է Աստուծոյ սէրը, ինչպէս կʼըսէ՝ ʼորովհետեւ ոչ ոք այսպիսի կատարեալ սէր ունի, բայց եթէ իր անձը տայ, ինչպէս ես տուիʼ։ Եղբայրներ, բոլորդ տեսէք, ասոր համար պէտք է սիրենք զԱյն, որպէսզի անոր փրկութեան հաղորդակից ըլլանք։

Արդ, Ան երկնքէն խոնարհեցաւ մեզի համար. եւ մենք եղբօր մասին չենք մտածեր։ Նա Ինքզինք տուաւ եւ քեզ գնեց, եւ դուն կը տեսնես եղբայրը կարօտեալ, եւ անտես կʼընես։ Ան արիւնը թափեց քեզի համար, եւ դուն արտասուք չես թափեր, թո՛ղ որ արիւնդ. ապա ուրեմն, ինչպէ՞ս հաղորդակից պիտի ըլլանք անոր մարդասիրութեան։ Վեցերորդ՝ որպէսզի կատարէ նախահայրերու խոստումը, ինչպէս ըսաւ Աբրահամի՝ թէ ʼքու զաւակդ գերութեան մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ չորս սերունդʼ։ Արդ՝ խորհրդաբար, ինչպէս որ չորս սերունդ վերջ Մովսէսի ձեռքով ազատեցան Եգիպտոսէն, նոյնը խորհրդաբար կը տեսնենք Քրիստոսի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2019, 10:12