Որոնել

Սուրբ Ստեփանոս Սուրբ Ստեփանոս 

26 Դեկտեմբերին կը յիշատակուի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնը

Ս. Ստեփանոսը Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեան համար նահատակուած առաջին մարտիրոսն է։

Ս. Ստեփանոսը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն է, Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեան համար նահատակուած առաջին մարտիրոսը։
Ան կը սերէր Յուդայի թագաւորական զարմէն, Քրիստոս Աստուծոյ ցեղակիցն ու օրինապահ ծնողներու զաւակ էր։ Յիսուսի մահուան դատավճռի ժամանակ, դեռ պատանի ըլլալով, Կայիափա քահանայապետի ծառան էր։ Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝` նա գացած է առաքեալներու մօտ` մկրտուելով Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու ձեռքով։ Մկրտութեան պահուն ջուրի վրայ կ'երեւի լուսապսակ մը, որ եկաւ ու հանգչեցաւ սուրբի վրայ։ Եւ այս զարմանահրաշ դէպքէն յետոյ անոր տուած են, Ստեփանոս անունը, որ կը նշանակէ պսակաւոր։
Գործք Առաքելոցէն գիտենք, որ երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներուն կողմէն տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ որովհետեւ իրենց այրիները կ'անտեսուէին ամէն օրուան ողորմութեան սպասարկութեան ատեն։ Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը եւ ըսին Մեզի չի վայլեր ձգել Աստուծոյ խօսքը, եւ սպասարկել սեղաններու։
Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, փնտռեցէ՛ք ձեր մէջ եօթը հոգի՝` բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով ու իմաստութեամբ լեցուն, որպէսզի նշանակենք զանոնք այս զբաղումին համար, իսկ մենք յարատեւենք աղօթքի եւ [Աստուծոյ] խօսքին սպասարկութեան մէջ։ Այս խօսքը հաճեցուց ամբողջ բազմութիւնը ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին։ Ասոնք ներկայացուցին առաքեալներուն անոնք ալ աղօթելով՝` իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ։ Եւ Աստուծոյ խօսքը կ'աճէր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին։ Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ'ընէր ժողովուրդին մէջ։ Բայց ոմանք `որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, կանգնեցան եւ կը վիճաբանէին Ստեփանոսի հետ բայց կարող չէին դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։ Այն ատեն կաշառեցին քանի մը մարդիկ, որպէսզի ըսեն` Մենք լսեցինք թէ ան հայհոյական խօսքեր կ'արտասանէր Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ։ Այսպէս՝ գրգռեցին ժողովուրդը, երէցներն ու դպիրները, եւ հասնելով անոր վրայ՝ յափշտակեցին զինք ու տարին ատեանին առջեւ։ Սուտ վկաներ ներկայացուցին, որոնք կ'ըսէին Այս մարդը չի դադրիր հայհոյական խօսքեր արտասանելէ այս սուրբ տեղին եւ Օրէնքին դէմ։ Որովհետեւ լսեցինք իրմէ, որ կ'ըսէր թէ այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը, ու պիտի փոխէ Մովսէսի մեզի աւանդած սովորութիւնները։ Բոլոր ատեանին մէջ բազմողները երբ ակնապիշ նայեցան անոր, անոր երեսը տեսան՝` հրեշտակի երեսի պէս։ Քահանայապետը ըսաւ Այդ բաները ա՞յդպէս են ի՛րապէս։ Բայց ան՝` լեցուած Սուրբ Հոգիով՝` ակնապիշ նայեցաւ դէպի երկինք, տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ՝` որ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած էր, եւ ըսաւ Ահա՛ կը տեսնեմ երկինքը բացուած, ու մարդու Որդին՝` Աստուծոյ աջ կողմը կայնած։Իսկ անոնք բարձրաձայն աղաղակելով՝` գոցեցին իրենց ականջները, եւ բոլորը միաբանութեամբ խուժեցին անոր վրայ, ու քաղաքէն դուրս հանելով՝` քարկոծեցին զայն եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ կը կոչուէր Սօղոս։ Ու կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ կը գոչէր Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս։ Եւ ծնրադրելով՝` բարձրաձայն աղաղակեց Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց։ Ասիկա ըսելով՝ ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։
Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագն իր աներեր հաւատով, սրբակենցաղութեամբ, անսակարկ նուիրումով, ծառայասիրութեամբ եւ միւս առաքինութիւններով կենդանի օրինակ դարձաւ քրիստոնեաներու համար՝ Ճշմարտութիւնը ճանաչելու եւ Տիրոջ քաղցրութիւնը ճաշակելու համար։
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակը կը տօնէ Յիսուսի Ս. Ծնունդին յաջորդող օր` 26 դեկտեմբերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2019, 10:36