Կութեմալայի մէջ երանելիներու շարքին դասուեցաւ Հայր Ճեյմս Ալֆրետ Միլլերը։ Կութեմալայի մէջ երանելիներու շարքին դասուեցաւ Հայր Ճեյմս Ալֆրետ Միլլերը։ 

Կուաթեմալայի մէջ երանելիներու շարքին դասուեցաւ Հայր Ճեյմս Ալֆրետ Միլլերը։

Աստուծմէ կը հայցեմ շնորհքն ու ուժը որպէսզի հաւատարմութեամբ Իրեն ծառայեմ Կուաթեմալայի աղքատներու ու հարստահարուածներու միջեւ։ Կեանքս կը յանձնեմ Անոր նախախնամութեան եւ Անոր կը վստահիմ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Կուաթեմալայի Հուէհուէթենակօ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ  Փանամայի Տավիտ թեմի եպիսկոպոս՝ Կարդինալ Խօսէ Լուիս Լաքունցա Մայեսթորխուանի նախագահած սուրբ պատարագի ընթացքին Երանելիներու շարքին դասուեցաւ  Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Եղբայրներու միաբանութեան անդամ՝ Հայր Ճեյմս Ալֆրետ Միլլերը։

Ան ծնած է 21 սեպտեմբեր 1944-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ, փոքրիկ հասակին մաս կազմած է Միսսուրի նահանգի թեմական նորընծայարանին եւ 1962-ին անդամակցած է Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Եղբայրներու միաբանութեան։ 1969ին կատարած է կրօնաւորի մշտնջենական ուխտերը ու տարբեր վայրեր ուղարկուած է որպէս միսիոնար։

 1981-ին կ՛ուղարկուի Կուաթեմալա ուր Հուէհուէթենակօ քաղաքի միջնակարգ դպրոցին մէջ  դասաւանդած է ու աշխատած է բնիկներու կեդրոնին մէջ ուր երիտասարդ բնիկները կը սորվէին գիւղատնտեսութիւնը։ 1982ի 13 փետրուարին դէմքերնին ծածկած երեք այր մարդիկ անոր դէմ արձակեցին կրակոցներ սպաննելով կրօնաւորը։

Հայր Ճեյմս Ալֆրետ մահուընէ  մէկ ամիս առաջ գրած էր «Աստուծմէ կը հայցեմ շնորհքն ու ուժը որպէսզի հաւատարմութեամբ Իրեն ծառայեմ Կուաթեմալայի աղքատներու ու հարստահարուածներու միջեւ։ Կեանքս կը յանձնեմ Անոր նախախնամութեան եւ Անոր կը վստահիմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 10:28