Որոնել

sandriFoto-da-R-A-1.jpg

Կարդինալ Սանտրին այցելեց Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը։

Իր առաջին օրէն իսկ այս առաջնորդարանը ունեցաւ յատուկ առաքելութիւն. հոգ տանիլ գաղթականներուն, անոնց վկայելով Աստուածային ողորմած սէրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 -17 Նոյեմբերին Յունաստան կատարած իր հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնրատօ Սանտրի, հինգշաբթի 14 նոյեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Աթէնքի Նէոս Քոզմոս շրջանի մէջ գտնուող հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։

Ունկնդրէ լուրը

Աթէնքի Հայ կաթողիկէ էքզարքութիւնը

Նշենք թէ Աթէնքի Հայ կաթողիկէ էքզարքութիւնը ստեղծուած է 1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով ու այդ օրէն ան եղած է հայ պանդուխտին տունն ու օճախը, օգնութիւն մատուցելով բոլոր այն հայերուն որոնք 1915-ի ջարդերէն ետք ապաստան գտան Յունաստան։

Այսօր եւս առաջնորդարանը կը շարունակէ այդ աշխատանքը համագործակցութեամբ Քարիթասին։ Առաջնորդարանէն ներս  կը գործեն զանազան խորհուրդներ՝ հովուական, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական (Հայկական Քարիթասը), ինչպէս նաեւ ընտանիքներու խորհրդատուութեան կեդրոնն ու Գոյունեան սրահին յանձնախումբը։ Անոնց կողքին ապա կը գործէ նաեւ գաղթականներու ու փախստականներու յատկացուած գրասենեակը, ուր բժշկական, հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցուին անոնց որոնք կարիքն ունին այդ ծառայութիւններուն, համագործակցութեամբ Քարիթասին։

Կարդինալ Սանտրիի ժամանումը

Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան  ժամանելուն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն առաջնորդ՝ Գերապայծառ Յովսէփ Պեզեզեանի կողմէ, որուն հետ ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ։

Երկու աղջնակներ հայկական տարազներով պատուաւոր հիւրին աղ ու հաց հրամցնելէն ետք Աթէնքի շեփորախումբը ներկայացուց Վատիկանի, Հայաստանի եւ Յունաստանի քայլերգերը։

Բարի գալուստի արարողութիւն

Ծիրանաւորն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը հուսկ՝ «Ուրախ Լեր Եկեղեցի» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեցին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի» անուան եկեղեցի, ուր սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի հակիրճ արարողութիւն, որուն ընթացքին Առաջնորդ գերապայծառը իր ողջոյնի խօսք ուղղելով Վատիկանի ներկայացուցիչին, մատնանշեց թէ «Հայ Եկեղեցին միշտ հպարտ եղած է Քրիստոսի խաչով ու թէ ան Քրիստոսը վկայած է նոյնիսկ արեան գնով, ինչպէս պատահեցաւ վերջին օրերուն Տէր Զօրի մէջ Հայր Յովսէփ Քահանայ Պետոյանի նահատակութեամբ»։

Գերապայծառ Պեզեզեանի խօսքը

«Տէր Զօրը  յատուկ նշանակութիւն ունի համայն հայութեան համար, ան յիշատակի վայր է 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան զոր գործադրեց  Օսմանեան Կայսրութիւնը» ըսաւ գերապայծառ Պեզեզեան որ ապա նկատել տուաւ  որ «ձեզ հիւրընկալող այս փոքր եկեղեցին,  Յունաստանի հայկական ամենահին եկեղեցիներէն մին է, որ կառոցուած է ցեղասպանութենէն վերապրող ու Յունաստանի մէջ ապաստան գտած  գաղթական հայերու հովուական ու հոգեւոր ծառայութիւն մատուցելու նպատակով»։

«Ահա այս վերապրածներուն  թոռնիկներն են որոնք այսօր ձեզ կը հիւրընկալեն այստեղ» նշեց Հայ Կաթողիկէ առաջնորդը ակնարկելով առաջնորդարանի  գործունէութեան պատմութեան, որ սկիզբ առած է 1920 թուականին Քորֆույի մէջ ուր Քափուչին միաբանութեան անդամ՝ երջանկայիշատակ Գերապայծառ Զոհրապեանը առաջինը եղաւ որ օգնութեան հասաւ ցեղասպանութենէն վերապրող ու գաղթականութեան ճամբան առած հայերուն, զանոնք համախմբելով Սուրբ Խորանին շուրջ ու անոնց համար հիմնելով օճախներ եւ դպրոցներ։

Երբ 1922-ին այդ հաւատացեալները փոխադրուեցան Աթէնք, առաքելութիւնը եւս փոխադրուեցաւ Յունաստանի մայրաքաղաք,   եւ այս վայրը որուն կառուցումը աւարտեցաւ 1927-ին դարձաւ անխտիր այդ ժամանակուայ բոլոր հայութեան կեդրոնը, որովհետեւ Յունաստանի տարածքին միակ հայկական կառոյցն էր ան,  ու շնորհիւ գերապայծառ Զոհրապեանին ու անոր յաջորդ՝ գերապայծառ Խանցեանի  իմաստութեան ու հեռատեսութեան, այստեղ կառուցուեցան սրահներ որոնք կարող էին ծառայել ըլլայ որպէս ուսումնավայր, ըլլայ որպէս ժողովավայր, ըլլայ որպէս մշակութային կամ ընկերային ու բարեսիրական ձեռնարկներու յատկացուած վայր։ Ասոնց շարքին հայ կաթողիկէ կառոյցէն ներս իր գործունէութիւնը կը կատարէր նաեւ «Կապոյտ Խաչը»։

Այստեղ՝ մինչեւ 1964 թուական  գործեց «համազգային դպրոց» մը, որ իր ծառայութիւնը դադրեցուց երկիրն մէջ նոր օրէնքներու որդեգրումին հետեւանքով։ Երկրորդ դպրոց մըն ալ կը գործէր Քոքինիա Փիրէայի շրջանին մէջ, ուր միշտ  երջանկայիշատակ Զոհրապեան գերապայծառը Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի անուան հայ եկեղեցի մը կառուցած էր 1925-ին, որուն մօտ կը գործեր  դպրոց մը որուն մատակարարում յանձնուած էր Մխիթարեան հայրերուն։

Իր առաջին օրէն իսկ այս առաջնորդարանը ունեցաւ  յատուկ առաքելութիւն. հոգ տանիլ գաղթականներուն, անոնց վկայելով Աստուածային ողորմած սէրը։

Առաքելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու այդ արհաւիրքէն վերապրողներուն հիւրընկալութիւնը, երկրորդը՝ եղան ութսունական թուականները,  երբ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր պատերազմի պատճառաւ ստիպուեցան հեռանալ իրենց երկիրներէն,  ու ահա այսօր ականատես ենք երրորդ հանգրուանին՝ ուր 2015-ի Յունիս վեցէն ի վեր մեր մօտ կը հիւրընկալենք Սուրիայէն փախուստ տուած  գաղթականները, որոնց թիւը հասած է 500-ի։ Մենք անոնց ծառայութիւն կը մատուցենք  շնորհիւ Իտալական Թեմական Քարիթասներուն ու Գերմանիայի Քարիթասի աջակցութեան։

Այն որ սէր կը սերմանէ սէր կը հնձէ եւ այսօր ցեղասպանութենէն վերապրածներուն թոռնիկներն են որոնք չեն զլանար իրենց ծառայութիւնը մատուցելու ու մխիթարելու իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, ու նոյնը կ՛ընեն նաեւ թաղամասի մեր Յոյն բարեկամները։

Մենք քիչ ունինք բայց համոզուած ենք որ այդ քիչը կիսելով է որ մեր կ՛ապրինք աւետարանի պատգամը։ Ձեր ներկայութեամբ դուք մեզի կը բերէք  մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատուէրն ու ուսուցումը  յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու անոնց որոնք կ՛ապրին կեանքի արուարձաններուն մէջ։ Առ այդ ուրախ ենք որ կը գտնուիք մեր մէջ եւ ուրախ ենք որ կը միանաք մեր աղօթքին եւ առիթը պիտի ունենաք այցելելու ու ծանօթանալու մեր գործունէութիւններուն ու մեր հաւատացեալներուն։

Բարի եկած էք։

Կարդինալ Սանտրիի պատգամը

Գերապայծառ Պեզեզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը որ նախ ուզեց յիշել Հայ Յովսէփ Պետոյանի նահատակութիւնը պարտականութիւն համարելով գտնուիլ հայ կաթողիկէ այդ եկեղեցւոյ մէջ ու միասին աղօթել անոր ու անոր հօր հոգւոյն հանգստեան համար։

Անոնք իրենց արիւնը  թափեցին իրենց հաւատքին ու Քրիստոսի պատկանելիութեան համար ըսաւ Ծիրանաւորը իր ցաւակցութիւնները փոխանցելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր՝ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս պատրիարքին, Հալէպի թեմին առաջնորդ ու Քամիշլիէ թեմի առաքելական հոգաբարձու Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրիաթեանին ու հանգուցեալներուն հարազատներուն։

«Հայ ազգը, ըսաւ Կարդինալ Սանտրի, դարերու հոլովոյթին ապրեցաւ Տիրոջ չարչարանքները սակայն կարողացաւ անոնց համապատասխանել հաւատքով, դառնալով պատմութեան առաջին քրիստոնեայ ազգը»։ Ասկէ մեկնելով  Ծիրանաւորը  քաջալերեց  ներկայ հաւատացեալները հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին, աւանդութիւններուն ու ծէսերուն։

Ան ապա գնահատեց առաջնորդարանի վերածնունդը շնորհիւ նաեւ անոր բարեսիրական գործունութեան ու քաջալերեց այնտեղ հիւրընկալուած գաղթականները ապագային նայելու յոյսով, ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, որոնցմէ ոմանք ժամանած են Հայ Յովսէփի երկրէն, թելադրեց ուշադիր ըլլալ Տիրոջ  ձայնին, որ  մի գուցէ անոնցմէ ոմանց կը կոչէ հետեւելու իր քայլերուն։

Կարդինալ Սանտրի ապա շեշտեց հայ ազգի ազնուական վկայութիւնը որ հակառակ տառապանքին, համայն աշխարհին ցոյց կու տայ թէ ինչ ըսել է հաւատք ունենալ ու կառչած մնալ այդ հաւատքին։ Ան ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ուրախութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան ու մասնակցութեան համար։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական բարի գալուստի արարողութեան աւարտին Կարդինալ Սանտրին այցելեց առաջնորդարանի զանազան կեդրոնները ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու ու զրուցելու այդ կեդրոններու անձնակազմին հետ ինչպէս նաեւ առաջնորդարանէն երս հիւրընկալուած գաղթական երիտասարդներուն  հետ պատասխանելով անոնց իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Երիտասարդները  Ծիրանաւորին յանձնեցին Քահանայապետին ուղղուած նամակ մը որ Կարդինալ Սանտրին վստահեցուց թէ պիտի յանձնէ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Յուշանուէր

Այցելութեան որպէս յիշատակի նուէր Գերապայծառ  Յովսէփ Պեզեզեանը Կարդինալ Սանտրիին յանձնեց Զմմառու Եկեղեցւոյ առաստաղի կամարի մէկ պատկերը որ կը ներկայացնէ իրար միջեւ հիւսուած քարեր։

«Քարը ընդհանրապէս նշան է կարծրութեան ու դաժանութեան, կամարը սակայն կը ներկայացնէ կեանք առած իրականութիւն։ Այս է նաեւ հայոց ինքնութիւնը։ Հայերս ապրեցանք դաժանութեան, հալածանքի ու  թշուառութեան պահեր, սակայն կարողացանք քով քովի գալով կազմել ազգ մը, կերտել ինքնութիւն մը, կարողացանք վերականգնիլ ու յառաջ ընթանալ քարէն ստեղծելով նոր կեանք մը» ըսաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակաւոր առաջնորդը Գերապայծառ Յովսէփ Պեզեզեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 09:00