Որոնել

Պաղտատի մէջ բողոքի ցոյցեր Պաղտատի մէջ բողոքի ցոյցեր 

Կարդինալ Սաքօ. կը յուսամ որ Իրաքի կառավարութիւնը անսայ տառապող ժողովուրդի ձայնին։

Կարդինալ Սաքօ գնահատանք արտայայտեց ի տես Թահրիր հրապարակին վրայ իրենց վերապահուած ընդունելութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաքի մէջ մէկ ամիսէն ի վեր տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր՝ կառավարութեան մէջ կաշառակերութեան տարածումին ու կեանքի սղութեան դէմ։

Ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ կայացած բախումներու բերումով մինչեւ օրս կան 250 զոհեր։ Ցոյցերու կեդրոնն է Պաղտատի «Թահրիր» հրապարակը։

Ունկնդրէ լուրը

Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ որ անցեալ օրերուն այցելեց ցուցարարները, Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի հետ զրոյցի մը ընթացքին, մաղթանք յայտնեց որ Իրաքի կառավարութիւնը անսայ Իրաքի տառապող ժողովուրդի աղաղակին, այնպէս ինչպէս խնդրեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը», ըսաւ Պատրիարքը որ անցեալ շաբաթ օր այցելեց Թահրիր հրապարակը, իր հետ տանելով դեղորայք հիւանդներուն ու վիրաւորներուն համար, ու հանդիպելով հազարաւոր երիտասարդներուն հետ ինչպէս նաեւ ցոյցի մասնակցող կիներուն ու տարեցներուն հետ։

«Այս առաջին անգամն է որ մեծ թիւով կիներ եւս կը մասնակցին այդպիսի ցոյցերուն» նկատել տուաւ Կարդինալ Սաքօ, ընդգծելով որ այդ մարդիկը արդարութիւն կը պահանջեն ու կը պահանջեն աւելի լաւ ապագայ մը, ու դիտել տալով որ սոյն ցոյցերը տապալեցին իրաքցիները բաժնող  աղանդաւորական խոչընդոտները ու միացուցին բոլորը՝ «նախ իրաքի բարիքը» կարգախօսին շուրջ։

Կարդինալ Սաքօ գնահատանք արտայայտեց ի տես Թահրիր հրապարակին վրայ իրեն վերապահուած ընդունելութեան համար։ «Դուք քրիստոնեաներդ եղբայրներ էք ու այս երկրին ծագումին մաս կը կազմէք» ըսուած է Կարդինալ Սաքոյին ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն։

Քաղդէացիներու Պատրիարքը ապա հաստատեց որ իրեն համար այդ աղաղակները Քրիստոսի աղաղակներ են, որ աշխարհ եկաւ մարդոց շնորհելու աւելի արժանավայել կեանք մը։ «Քրիստոս եւս պայքարեցաւ իր ժամանակուայ քաղաքականութեան ու իշխանութիւններուն դէմ ու մենք կ՛ապրինք միեւնոյն փորձառութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Սաքօ յայտնելով որ «այդ հրապարակին վրայ 500 հազարէ աւելի մարդիկ կային ու մենք ընդամէնը 20 – 25 հոգի էինք։ Անոնք եկան մեր շուրջը համախմբուեցան եւ մեր հետ զրուցեցին եւ այս մէկը յոյսի մեծ նշան մըն է» նկատել տուաւ  Քաղդէացիներու Պատրիարքը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 10:30