Յիսուսի խաչն ու փշէպսակը Յիսուսի խաչն ու փշէպսակը 

Արհ. Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Աստուած միայն Սուրբ է։ Բայց մենք բոլորս ալ սրբութեան կանչուած ենք։

«Ո՞վ պիտի չվախնայ, Տէ՛ր, եւ պիտի չփառաւորէ քու անունդ, որովհետեւ միայն դուն սուրբ ես եւ արժանի երկրպագութեան։ Հեթանոսները պիտի գան ու պիտի պաշտեն քեզ երբ յայտնուի արդարութիւնը» (Յայտն․ Յովհ․ 15։ 4)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բայց սրբութիւնը, որ շատ քիչ կապ ունի ձեւափոխուած նկարին հետ, զորս յաճախ կու տայ կրօնական պատկերագիտութիւնը։ Շարժուձեւերուն շեշտերը կամ կարգ մը քանդակագործերուն ձեւերը, կամ՝ սուրբերուն պատկերները մեր եկեղեցիներուն մէջ ներկայացնելով, աղքատ պատկերացում մը կու տայ անոնց՝ որոնք ապրած են եւ զորս եկեղեցին զիրենք կանոնացուցած է։

Սրբութեան միակ պայմանը սէրն է․․․եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ՝ ծառայութիւն։ Մնացած բոլորը՝ ձեռքի գործ են եւ՝ ունայնութիւն։

Մենք շատ դիւրութեամբ կը հաւատանք, որ սրբութիւնն անձնական հարց մըն է, սխրանք մըն է, մարտահրաւէր մըն է։ Մենք կ՛երազենք Աստուծոյ առաջ լինել որպէս հաւատքի հերոսներ, որոնցմով ան կրնայ հպարտանալ։ Արդեօ՞ք այս յաւակնութեան մէջ հպարտութիւն չկայ։

Մենք զարմացած ենք սրբոց վարքը կարդալով, զորս մենք կը մեծարենք եւ կ՛աղօթենք, հաստատելու համար, որ անոնք՝ զերծ չէին թերութիւններէն եւ տկարութիւններէն։ Երբեմն, անոնք դժուարութեամբ իրենց շրջապատին կը հանդուրժէին։ Ո՛չ, անոնք կատարեալ չէին։

Սրբութիւնը օրէնք չէ, զորս օրինաւորապէս թագադրումը պիտի ըլլայ մեր ճիգերուն  եւ մեր կարողութեանց։ Աստուծոյ գործն է մեր մէջ, նուէր մը՝ որ մեղաւորներուն համար եղած է, զորս՝ մենք ենք։ Դաստակի ոյժով մենք սուրբեր պիտի չդառնանք, բայց Սուրբ Հոգին ընդունելով, մեր մէջ կը բնակի եւ մեր սրտերուն մէջ կը գործէ, որպէսզի ձեւ տայ, յարդարէ, կերպարանափոխէ, դարձի բերէ եւ իր Սիրով ծաւալէ։ Դիւրին չէ այս ներկայութիւնն ու այս նոր եղանակն ընդունիլ, զորս Աստուած մեր մէջ կը գործէ։ Այստեղ է որ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք ու ջանք թափենք։

Ուրեմն սրբութիւնը միայն քանի մը մենաշնորհեալներուն համար չէ վերապահուած։ Ան ընդհանրացած կոչումն է բոլոր մկրտուածներուն համար։ Աստուած Ինքն է որ մեր մէջ ուղղին ցոյց կու տայ, հետքը կը գծէ։ Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ, այս մեր սովորական օրերուն արտասովոր կերպով ապրիլ, ապրիլ մեր արօրեան ամենայետին մանրամասնութիւններով, այնքան առիթներ՝ որ եւ շնորհքը մեզի կու տայ կարելիութիւնն ընդունելու Հոգին, որպեսզի ան մեզի դարձի բերէ եւ մեզի օգնէ, ուղղութիւն տայ մեր հայեացնքներուն առ Աստուած առանց դադարելու, ինչպէս Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ։

Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ ձգել ստեղծագործութեան եւ  փրկութեան գործն իր լրումին հասցնէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 12:28