Յիսուսի Յարութեան սրբանկար Յիսուսի Յարութեան սրբանկար 

Արհ. Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Ողորմածութիւնը եւ ուրախութիւնը:

«Մաքսաւորներն ու մեղաւորները մօտեցան Յիսուսի՝ զինք լսելու համար։ Փարիսեցիներն ու դպիրները կը տրտնջէին եւ կ՛ըսէին․ «Այս մարդը մեղաւորները կ՛ընդունի եւ անոնց հեետ կ՛ուտէ»։ Այն ատեն Յիսուս այս առակը պատմեց անոնց․ «Ձեզմէ ո՞վ եթէ ունենայ հարիւր ոչխարներ եըժւ կը կորսնցնէ անոնցմէ մէկ հատը, իննիսուն եւ ինը չի թողուր եւ չ՛երթար կորսուածը փնտռելու՝ մինչեւ որ զայն գտնէ։ Եւ երբ գտնէ զայն, ուրախութեամբ կը դնէ ուսերուն վրայ եւ տուն վերադարձին կը հաւաքէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՛ըսէ անոնց․ «Խնդակցեցէ՛ք ինծի, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս»։ Կ՛ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ մէկ մեղաւորի համար որ կ՛ապաշխարէ, քան իննիսուն եւ ինը արդարներու համար, որոնք պէտք չունին ապաշխարութեան»։  «Կամ ո՞վ է այն կինը, որ եթէ ունենայ տասը կտոր արծաթ դրամ եւ կորսնցնէ անոնցմէ մէկ հատը, ճրագ չի՞ վառեր, տունը չ՛աւլեր եւ ուշադրութեամբ չի՞ փնտռեր մինչեւ որ գտնէ զայն։ Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու կ՛ըսէ անոնց՝ «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ գտայ կորսուած դրամս»։ Կ՛ըսեմ ձեզի, այսպէս կ՛ուրախանան Աստուծոյ հրեշտակները մէկ մեղաւորի համար, որ կ՛ապաշխարէ»։ (Ղուկաս 15․ 1-10)

Ունկնդրէ լուրը

Տէր, ահա առջեւդ կու գամ եւ քեզի կը լսեմ։ Օգնէ ինծի իմ սիրտը բանալու, որպէսզի ԽՕՍՔԴ՝ կարող ըլլայ մտնել եւ ես կարողանամ ապրիլ։

Կարող ըլլալ՝ գտնելու ուրախութիւնն ողորմութեան։

Ղուկասու Աւետարանի այս յօդուածը, Յիսուս երկու փոքր առակներով կը մեկնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Նկարագրուած իրավիճակները այս երկու առակներու մէջ ակնյայտօրէն բոլորովին տարբեր են։ Առաջինին մէջ՝ կորսուած ոչխար մըն է, իսկ երկրորդին մէջ՝ մետաղադրամ մըն է որ կորսուած է։ Իրականութեան մէջ այս երկու առակները նոյնանման կառուցուածք մը ունին։

Ստուգիւ, երկու պատմութիւններուն մէջ, հովիւն ու կինը իրենց կարելին կ՛ընեն որպէսզի ինչ որ կորսնցուցած են, կարենան գտնել։ Անոնք ո՛չ իրենց ժամանակը կը խնայեն եւ ո՛չ ալ իրենց ջանքերը։ Ասիկա իսկ մեզի ցոյց կու տայ, որ Աստուած իր ամբողջ կարելին պիտի ընէ, մեղաւորներուն գտնելու համար, զորս իրմէ հեռացած են։ Ուրիշ ոչ մէկ բան իրեն համար կարեւոր է։ Եւ այս ճիշդ է իւրաքանչիւր մեղաւոր անհատի համար, մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Աստուած անտարբեր չէ։ Ընդհակառակը, իր սէրը անվերջ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար եւ պիտի չհանգստանայ որքան որ մեզմէ հեռու է։

Երկրորդ  մասը այս երկու առակներուն նման է։ Երկու պարագաներուն ալ, գտնել այն ինչ որ կորսուած է, անսահման ուրախութեան աղբիւր մըն է։ Ուրախութիւնն այնքան զօրաւոր է, որ չի կրնար գաղտնի մնալ: Երկու պատմութիւններուն մէջ ընկերներ են ու հարեւաններ են, որոնք կանչուած են, վերջապէս, անոնք կրնան նաեւ ուրախանալ:

Այս երկու եզրերը այս առակներուն, կրնան նաեւ մեզի համար ըլլալ միջոցներ ստուգելու, եթէ մենք ճշմարիտ քրիստոնէական կեանք մը կ՛ապրինք։ Արդեօք իմ սրտիս մէջ կա՞յ  ճշմարիտ փափաքը օգնելու իմ դրացիիս իր դժուարութեան ատեն, կամ միակ այն՝ ինչ որ ինձ կը հասնի, իմ աչքիս կարեւոր է։ Աւելին, արդեօք ես կարո՞ղ եմ կիսել ուրախութիւնն իմ շուրջս գտնուողներուն հետ, ինչպէս նաեւ կիսուիլ ուրիշներուն ուրախութեամբը, կամ իմ սիրտը իսկապէ՞ս դադրած է զգայուն ըլլալէ, եւ կամ միայն իմ եսասիրութեանս եւ իմ հաճոյքներուս համար զգայուն դարձած եմ։

Տէ՜ր, օգնէ ինծի հասկնալու համար, որ միայն  կեանքը՝ Քեզ հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալն է ինչպէս նաեւ ուրիշներուն հետ՝ կրնայ ինձ առաջնորդել դէպի ճշմարիտ երջանկութիւնը, դէպի ճշմարիտ ուրախութիւնը։

Այսօր, փորձել անկեղծօրէն կիսուիլ ուրախութիւնը մարդու մը, զորս իմ կողքին կը գտնուի:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 13:49