Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Քրիստոնէական իմաստ տալ իւրաքանչիւր մեր գործին:

«Կեղծաւորնե՛ր, երկրի եւ երկինքի երեւոյթները դատել գիտէք, իսկ ինչո՞ւ չէք գիտեր դատել ներկայ ժամանակը։ Ինչո՞ւ դուք անձամբ չէք դատեր ինչ որ արդար է։ Այսպէս, երբ հակառակորդին հետ դատաւորին կ՛երթաս, ճամբան ջանա՛ հարցդ կարգադրել հետը, որ չըլլայ թէ քեզ հանէ դատաւորին առջեւ, դատաւորը յանձնէ քեզ դահիճին եւ դահիճը նետէ քեզ բանտ։ Կ՛ըսեմ քեզի, վերջին դահեկանը չվճարած՝ անկէ պիտի չելլես» (Ղուկաս 12․ 56-57)։

Աստուած իմ, այսօր քեզի կը հանդիպիմ։ Շնորհակալ եմ որ ինծի այսօր շնորհեցիր սքանչելիքներուն վրայ խոկալու համար, ապրելու սէրը եւ իմ սիրտը պատրաստելու երկինքին համար։

Տէր, թոյլ տուր գիտակցելու ներկայ ժամանակի կարեւորութիւնը։

Դուք գիտէք երկրի եւ երկինքի տեսքը մեկնաբանել, բայց այս րոպէին, ինչո՞ւ այդ չէք գիտեր մեկնաբանել։

Մենք կրնանք փորձուիլ, կարծելով որ Քրիստոսի այս հարցումը, ինչպէս պարզ՝ այնքան հռետորական, աւելի յառաջ՝ աւելի հեռուն երթալ։ Այսուհանդերձ, խոր կոչ մը եւ անձնական դարձ կը պարունակէ։ Աստուծոյ խօսքը կենդանի է, եւ այսօր ինծի կ՛ուղղուի։ Քրիստոսի այս հարցը լրջութեամբ ընդունելու համար, մենք պարզօրէն կրնանք նոյնացնել փորձել իր «Երկինքի եւ երկրի տեսքերը, երեւոյնթները», զորս մենք այդքան լաւ գիտենք զատորոշել։ Յիսուս, գլխաւորապէս հողագործ ժողովուրդին իր խօսքը կ՛ուղղէ, ընդ որում գործունէութիւնը կլիմայէն կախուած է։ Ան իրենց կ՛ըսէ․ «Ամպ մը երբ կը տեսնէք, կ՛ըսէք անձրեւ կայ»։ Որո՞նք են իմ ամպերը։ Ի՞նչ գործունէութիւններ, մտահոգութիւններ, մտքեր կամ խօսքեր են լրացնեն իմ առօրեաս։ Եւ որ մէ՞կն է իմ մեկնաբանութիւնը, ի՞նչ ապագայ է որ կը սպասեմ այս ամպերէն, որո՞ւն համար կամ ինչո՞ւ ինձ ատոնց կը նուիրեմ։ Երբ ես փոքրիներուն մեծացնեմ, երբ աշխատանքի կամ արձակուրդի կ՛երթամ, կերակուր կը պատրաստեմ ... ի՞նչ ակնկալիքներ ունիմ:

Յիսուս ամբոխին կը մօտենայ, որոնք չեն գիտեր ինչպէս այս «Պահը» մեկնաբանել։ «Պահ» եզրը, քայփոս յունարէնով, զորս Աստուածաշունչին մէջ կը մատնանշէ Աստուծոյ շնորհքը, այն վայրկեանը ուր՝ Աստուած մեզի կը հանդիպի։ Յիսուս չի գար մաքրելու մեր պիղծ գործերը, բայց իր գալուստը այս աշխարհիս վրայ իրենց կուտայ նոր միջոց մը, ուղղահայեաց տարածամիջոց մը, նոր մեկնաբանութիւն մը։  Ամէն անգամ, որ Քրիստոս կը մտնէ իմ սիրտը, ան կը նորացնէ իմ իրականութեան ընթերցումը: Եթէ ես Քրիստոսով կը բանկուիմ՝ չեմ կրնար շարունակելով աշխարհը տեսնել՝ որպէս ոչ-հաւատացեալ։ Մարդիկ Աստուծոյ ուստեր եւ դստեր կը դառնան եւ բնութիւնը անվճառ նուէրն է, իսկ աշխատանքը առիթ մըն է ծառայելու իմ եղբայրներուս եւ իրենց սիրելու։

Այս «Պահը», որուն մասին Յիսուս կը խօսի, ցոյց կուտայ նաեւ ներկայ պահը: Երբ մենք կեղծ յոյսերով կ՛ոգեւորուինք, ապագայի սպասումը կը դատարկեցնէ իր նշանակութեամբ ներկայ պահուն կամ ներկայ ժամանակին: Մտածենք տարուայ ընթացքին աշխատանքի պատճառով միայն մէկ շաբթուայ համար զեղխ արձակուրդ մը, կամ փոքրիկի մը դաստիարակութեամբ՝ որպէս լաւ ծնողք ըլլալու համար, առօրեան կը դառնայ ապրուած դժոխք մը անշնչութեան, սպասելով որ կարողանայ գլուխը ջուրէն դուրս հանել։ Նոր յոյսը զորս Աստուած մեզի կ՛առաջարկէ մեզի Քրիստոսի գալուստն է մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ներկայ ժամանակին մէջ, մեր բոլոր հանդիպումին եւ բոլոր պարագաներուն։ Մենք մեր յոյսը գալիք աշխարհին վրայ կը դնենք, երբ մենք ամբողջովին Իրեն հետ կը լինենք երկինքին մէջ՝ բոլոր սուրբերուն հետ։ Բայց այս ապագայի յոյսը օտար չէ, ընդհակառակը, ան կը լեցնէ մեր ներկայի իմաստը։ Յիսուսը մեզի կը հրաւիրէ ընտրելու մեր ներկայի երկու ընթերցումներուն միջեւ. կամ մենք կը փորձենք աջակցիլ անոր` որ մեզի նետելով ապագայի մէջ, զորս անցնում մը կը դառնայ մեզի համար, եւ ուր կը գտնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ կ՛իմաստնաւորէ մեր առօրեան ու կ՛արժեւորէ ամէն ինչ, եւ կը բացայայտուի խոստում մը՝ ապագայի համար։

Շնորհակալութիւն Տէ՜ր, այս աղօթքի պահուն համար։ Սորվեցուր ինծի մեկնելու իմ կեանքը ճշմարտութեամբ, եւ քու լուսաւոր ներկայութեամբ իմ ամբողջ շուրջս։ Երբեք ինձ առանձին մի՛ ձգեր եւ մի՛ թող որ լքուած զգամ։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 08:17