Սրբուհի Մարինէի եկեղեցւոյ աւերակաները Սրբուհի Մարինէի եկեղեցւոյ աւերակաները 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մարող եւ վռնտուող աստղեր

Մարդկային պատմութեան վաղ ժամանակներէն աստղազարդ երկնակամարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է Երկիր մոլորակին բնակչութիւնը: Իրենց ծոծրակը ետ տանելով ու գիշերուան փայլփլուն երկինքը դիտելով, խորհրդածողներուն մարդիկ տուած են յաճախ՝ իմաստուն, մոգ, կախարդ, գուշակ կամ աստղագուշակ տիտղոսները, ցոյց տալու համար, թէ սովորական մահկանացուներու գիտցածէն ու տեսածէն տարբեր երեւոյթներու հետ կրնան հաղորդակցիլ անոնք ու կրնան իրենց ստացած պատգամները փոխանցել մարդկութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի ծննդեան դրուագին մէջ ալ կը հանդիպինք նման իմաստուններու, որոնք արեւելքէն եկան նորածին արքային երկրպագելու: Անոնք յատկապէս աստղագուշակութեամբ Երուսաղէմ հասած ըլլալու մասին տեղեկութիւն կու տան ըսելով. «Մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ» (հմմտ. Մտ. 2.2): Իսկ Երուսաղէմի մէջ, դարձեալ աստղագուշակութեամբ կը զբաղին ու, նոյն աստղը տեսնելով, շատ կ’ուրախանան. «Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ, որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ, ուր երեխան կը գտնուէր» (հմմտ. Մտ. 2.9-10):

Անջրպետագնացներ, աստղագէտներ եւ բնութենագէտներ աստղի տեսակներու, խմբաւորումներու, Երկիր մոլորակէն ունեցած հեռաւորութիւններու, ատոր հետեւանքով իւրաքանչիւրի մասնայատուկ փայլին եւ այլ զանազանութիւններուն մասին արձանագրութիւններ կը պահեն հետաքրքրական ծանօթութիւններ կը հաղորդեն, գիտական նորութիւններ իբրեւ:

Աստղերուն դիրքերը դիտելով ու խմբաւորումները գումարելով, ժամանցի եւ զբաղումի առիթներ ալ գտած են մարդիկ, յատուկ կենդանակերպերու անուններով կոչելով իւրաքանչիւր ամսուան ծնունդները, օրական գուշակութիւն կատարելու միամիտ մարդոց համար: Զբաղում մը, որ բնականօրէն փոխան վարձատրութեան կը կատարուի, տուեալ օրուան մասին թեթեւակի գուշակութիւն մը կատարելով: Կան նաեւ ամբողջ տարուան վրայ երկարող՝ այս կամ այն կենդանակերպին բախտը ներկայացնող գուշակութիւններ: Ինչ տեսակն ալ որ ըլլայ, սակայն յստակ է, որ զայն ընթերցողներէն կախեալ է անոնց բովանդակութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը կամ նշանակութիւնը: Ոմանք իսկապէս հաւատք կ’ընծայեն ու այնպէս կը դասաւորեն իրենց օրուան կեանքը, որ համապատասխանէ ըսուածին…: Այդպիսիներ, օրուան ընթացքին պատահող իւրաքանչիւր դէպք մանրազնին քննութեան կ’ենթարկեն, երեւոյթներուն տակ անպայման փնտռելով ու գտնելով գուշակուածին համապատասխանող խօսք մը, բառ մը, ստորակէտ մը կամ բութ մը…: Իսկապէ՛ս հիւանդագին ու բարդոյթներով հարուստ երեւոյթ…:

«Աստղ» ըսելով, նաեւ, յատկապէս շարժարուեստի մէջ մեծ համբաւ ունեցող եւ դերասանական շարք մը մրցանակներու տիրացած անձնաւորութիւն կ’իմանանք: Յիշեալ արուեստին մէջ երբեմն աչքի կը զարնեն արագ յառաջդիմութիւն ու մեծ յաջողութիւն արձանագրած անձնաւորութիւններ: Միացեալ Նահանգներու Հոլիվուտ քաղաքի նշանաւոր նոյնանուն պողոտայի մայթերը երկու կողմով, նշանաւոր «աստղեր»ու անուններ ու ափահետքեր կը կրեն: Իսկ այդ փառքին արժանանալը՝ երկնքի արքայութիւն մտնելէն աւելի կարեւոր կը համարեն թէ՛ արժանացողները, եւ թէ անոնց ետին գտնուող ու անոնց կեանքի արագ մագլցումներուն զօրավիգ կանգնած անձինք:

Չար նախանձով ու մաղձով լեցուն  թշուառականներ իրենց առաքելութիւնը կը կոչեն՝ «Աստղեր մարելու ծառայութիւն», առանց անդրադառնալու, որ այդ առաքելութիւնը վաղուց արդէն իր լրումին հասած է, իրե՛նց իսկ անձին վրայ:

Այս տեսակ աստղերը կեղծ աստղեր են, նման ապակեայ դուռներու վրայ փակցուած փայլուն թղթիկներէ կտրուած աստղերուն, որոնց կարեւորութիւն կու տան մարդիկ այն ատեն միայն, երբ այդ դուռնէն դուրս պիտի ելլեն կամ մտնեն: Այս կեղծ աստղերն ալ, թղթիկէ այդ աստղերուն նման, այն տպաւորութիւնը կը թողուն մարդոց վրայ, թէ շատ կարեւոր դիրք մը կը գրաւեն կեանքի մէջ: Անոնք կը յաւակնին կեանքի դուռներու արժէք ունենալ, մինչդեռ՝ անոնց վրայ փակցուած թղթիկէ աստղեր են պարզապէս՝ նոյնիսկ բութ եղունգով քերծուելիք եւ աղբամանին մէջ թափուելիք:

Այս կեղծ աստղերը կը նմանին նաեւ մանկապարտէզի դասարաններուն առաստաղէն դերձաններով կախուած ճօճուող խաւաքարտէ աստղերուն, որոնք պատուհանէն փչած թեթեւ հովին հետ աջ ու ձախ կը դառնան, անսկզբունք իրենց նկարագիրը պարզելով մանուկներուն դիմաց: Պատասխանատուութիւններէ խուսափումի եւ անգործութեամբ ուտիճի ու ցեցի պարտականութիւն ստանձնողները, մարող աստղի նմանցնելէ աւելի, զանոնք պէտք է նմանցնենք աստուածային միջամտութեամբ երկնակամարէն դուրս վռնտուող աստղերու: Աւելորդ կը դառնայ այլեւս անոնց ներկայութիւնը մեր երկնակամարին վրայ: Երբ պիտի չփայլին անոնք, կամ գէթ մարելու վիճակին մէջ ըլլալով հանդերձ աղօտ լոյս մ’իսկ պիտի չտան, ալ ինչո՞ւ պահել զիրենք երկնակամարին վրայ: Պէտք է վռնտել եւ ուղարկել զանոնք անտակ անդունդը, որպէսզի սեւ երկնաքարերու վերածուելով վտանգ չսպառնան օր մը այս կամ այն փայլող աստղին…:

Փայլող, մարող ու վռնտուող այս աստղահոյլին մէջ են այս մոլորակին վրայ ապրող բոլոր մարդիկ: Տե՛ս եւ քննէ՛, թէ այս երեք տեսակէն ո՞ր մէկն ես դուն, կամ՝ ո՞ր մէկը կը ջանաս երեւիլ: Մի՛ մոռնար, որ կեղծ աստղերուն լոյսը երկար չի՛ շողար, իսկ վռնտուող աստղերը յաւիտենապէս խորխորատին դատապարտուած պիտի մնան, այնտեղ մանրուելով՝ անպէտ փոշիի վերածուելու համար…:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 07:53