Խրիմի մէջ հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին Խրիմի մէջ հայկական Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ոտքին Եւ Երեսին Բարոյական Դերերը

Ոտքը ոտք է, երեսը՝ երես: Ճիշդ է, որ ասոնք մէկ մարմինի բաղկացուցիչ մասեր են, սակայն թէ՛ դերակատարութեամբ, թէ՛ իրենց տարբեր տեղերով ու մանաւանդ իրենց նախապատուութեամբ իրարմէ կը տարբերին: Ոտքը ոտք է, երեսը՝ երես:

Մարմնամարզական շատ ճկուն շարժումներ կատարողներ երբ իրենց յատուկ բեմական ելոյթներուն ընթացքին կը յաջողին ոտքի տակի մասը բերել ու հասցնել իրենց երեսին։

Տնտեսական նեղ պայմաններու մէջ ապրող եւ ննջարանային մէկ սենեակի անյարմարութիւն ունեցող ընտանիքներու պարագային տեսնուած է, որ փոքր տարիքի քոյրեր-եղբայրներ նոյն անկողինին մէջ իւրաքանչիւրը գլուխը անկողնին մէկ կողմը դնելով կը քնանան, որով մէկուն գլուխը միւսին ոտքին կը հանդիպի: Վարժութիւն ունենալով, անոնք չեն նեղուիր նման իրավիճակին մէջ գտնուելով, նկատի ունենալով նիւթական անձուկ կացութիւնը իրենց ծնողներուն, որոնք դժուարով կը գտնեն իրենց օրուան կերակուրը:

Անհամաձայնութեան, հակառակութեան, վիճաբանութեան եւ այլ պատճառներով մարդոց միջեւ ծագած խնդիրները յաճախ կռիւի կը վերածուին: Կռուողները իրենց ձեռքերէն բացի երբեմն կ՛օգտագործեն սուր իրեր՝ դանակներ կամ այլ գործիքներ կա՛մ վախցնելու դիմացինը կամ ուղղակի վիրաւորելով՝ սպաննելու զայն:

Ծայրագոյն Արեւելքի որոշ ժողովուրդներ մարմնամարզութեան անունին տակ երբեմն ինքնապաշտպանութեան որոշ դասընթացքներու ծրագիրներ մշակած են, մարզելով տուեալ մարզական դպրոցին աշակերտները: Նման ակումբներու կամ դպրոցներու մարզական դասընթացքները դիտող մարդը, առաջին հերթին այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, որ աշակերտները մահու-կենաց պայքար կը մղեն իրարու դէմ: Սակայն իրաւարարին կամ ուսուցիչին կողմէ տրուած ձեռքի մէկ նշանով անոնք կը դադրին «կռուելէ» եւ հաշտութեան կամ ներողամտութեան փոխադարձ շարժում մը կատարելով կ՛աւարտեն իրենց հակամարտութեան «հանդէսը»:

Նման դասընթացքներու հիմնադիրները կ՛ըսեն, թէ սոյն մարզաձեւերը յօրինուած են առաջին հերթին ինքնապաշտպանութեան համար: Սոյն մարզաձեւերուն մասին ցարդ նկարահանուած են բազմաթիւ շարժապատկերներ, որոնք երբեմն գերմարդկային կը համարուին եւ կամ երեւակայական կը թուին, հերոսներու շարժումներուն արագութիւնը եւ օդին մէջ թռչելով տեղէ տեղ փոխադրուելու կարողութիւնը չափազանցութիւն համարելով: Սակայն իր չափին մէջ տրամաբանական շարժումները երբեմն հաճելի եւ ուսանելի են, մանաւանդ երբ այդ շարժումներով չարը կը հեռացուի, անմեղը կը փրկուի, անզօր մը կ՛ազատուի անոր ձեռքէն եւ այլն:

Ոտքով դիմացինին դէմքին տրուած հարուածը ընդհանրապէս նման շարժանկարներու մէջ վերջնական հարուածը կ՛ըլլայ թշնամիին տրուած, որմէ ետք ալ չի՛ կրնար վերականգնիլ ան իր ինկած տեղէն եւ կ՛անշնչանայ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս ոտքը մինչեւ մարդու երեսին կը հասնի: Ճիշդ է, անյարմար դրութիւն կը ստեղծուի նման պարագաներուն, սակայն չարը պարտութեան մատնելու ձեւերէն մէկն է այս:

Երեսին ունեցած նախապատուութիւնը ոտքէն, բոլոր մարդիկ գիտեն առանց նախապէս այդ մասին դասեր սորվելու: Ամէն առաւօտ երբ արթննան, բոլորն ալ նախ իրենց երեսը կը լուան, կը յարդարուին եւ հագուելէ ետք մեքենական շարժումով գուլպաները կ՛անցընեն իրենց ոտքերուն եւ ապա՝ կօշիկները: Նոյնիսկ ամէնօրեայ լոգանք ընդունող մարդիկ մինչեւ իրենց ոտքերուն մատները յաճախ չեն լուար, հապճէպ ցնցուղելով իրենց մարմինը: Ուրեմն երեսը, որ մեր նմաններուն ցոյց տալու ամէնէն երեւելի մասն է մարմինին, միշտ մարդու ուշադրութեան առարկան կը մնայ:

Բարոյագիտական գրաւոր, բանաւոր կամ ժողովրդային տարածում գտած օրէնքներուն մէջ եւս երեսը ունի իր իւրայատուկ տեղը, իբրեւ պատուի պահպանման առաջնագիծ, իսկ վերամբարձ ոտքը՝ ուրիշները արհամարհելու բացայայտ նշան: Երբեմն սակայն, բարոյական կեցուածքներուն մէջ այս երկու մասերուն՝ դէմքին եւ ոտքին դերերը փոփոխութեան կ՛ենթարկուին: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Ոտք կայ համբուրելու, երես կայ՝ թքելու»: Խորունկ իմաստ կայ այս պարզ առածին մէջ, որովհետեւ մարդիկ իրենց նմանին հանդէպ ունեցած վերաբերումով միայն իրենց տեղը կը որոշեն մարդկային ընկերութեան մէջ:

Թքելու յարմար երես ունեցողներ նաեւ բնաւորութեամբ անտարբեր մարդիկ են, որոնց տրուած ամէնէն յարմար ածականը «աներես» բառն է, այսինքն՝ անամօթ:

Այո՛, ոտք կայ համբուրելու արժանի եւ միւս կողմէ երես կայ թքելու արժանի: Ո՛չ ոքի տանք մեր ոտքը որպէսզի համբուրէ, որքան ալ ծառայութիւն մատուցած ըլլանք անոր, բայց վա՜յ այն մարդուն, որ իր երեսին «գնահատանք»ի թուք կը ստանայ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 10:18