Յիսուս բորոտները կը բուժէ Յիսուս բորոտները կը բուժէ 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Զգուշացում նիւթական հարցերէն:

«Ո՞վ դրաւ զիս դատաւոր՝ ձեր վրայ կամ ձեր ինչքերը բաժնող»։ Յետոյ աւելցուց «Զգուշացէք ամէն ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն» (Ղուկ․ 12։ 14-15)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ղուկասու Աւետարանին այս հատուածին ընդմէջէն, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, աշխարհի եւ ամէն բանի ստեղծիչը, մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջներուն բլթակներուն մէջ կը հնչեցնէ եւ կը զգուշացնէ, կը խրատէ որպէսզի իր այս հոգեւոր խրատին հետեւինք ու զայն մեր կեանքին մէջ իրականացնենք։

Եթէ աւետարանին այս հատուածը ուշադրութեամբ կարդանք, կը տեսնենք, որ երիտասարդ մը մեր Տիրոջ կը մօտենայ որպէսզի իր եւ իր եղբօր միջեւ ժառանգական հարցը լուծէ։

Սակայն, մեր Տէրը առանց ժամանակ կորսնցնելու կը պատասխանէ երիտասարդին ըսելով․ «Ո՞վ դրաւ զիս դատաւոր՝ ձեր վրայ կամ ձեր ինչքերը բաժնող»։

Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք այս նախադասութիւնը, կը տեսնենք, որ մեր Տէրը, որ Սիրոյ եւ խաղաղութեան Աստուածն է, զգուշութեամբ երիտասարդին եւ իր շուրջիններուն կը հասկցնէ, որ ինք երկնային ժառանգութեան քարոզիչն է եւ ոչ թէ երկրաւոր ժառանգութեան, զորս մեզ բոլորիս կրնայ կորուստի մատնել, ու դժոխքի արժանացնել։

Եւ ճիշդ ատոր համար մեր Տէրը Յիսուս մեզի կը զգուշացնէ ընչաքաղցութենէ, եսասիրութենէ։

Այո սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, մարդ արարածը, շատ անգամ նիւթական բարիքները չարիքի կը գործածէ եւ իր անձին համար կը ծառայեցնէ զայն, մոռնալով իր Արարիչին ու իր շուրջինները։

Եւ ասոր կենդանի օրինակը կը տեսնենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսած Անմիտ Հարուստին առակին մէջ։

Անմիտ հարուստը, իր քաղած հունձքը եւ բերքը շտեմարաններու մէջ տեղադրելէն ետք, կը մտածէ աւելի մեծցնել զանոնք եւ միայն ինքը, հանգիստ ապրիլ, մոռնալով որ այդ բարիքները եւ իր կեանքը Աստուծոյ կը պատկանին։ Եւ գիշեր ատեն Տէրը իրեն կ՛ըսէ «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն, որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»։

Սուրբ Բարսեղ Մեծ Հայրապետը շատ հետաքրքրական  ձեւով կը բացատրէ մարդուս կեանքի երկրաւոր կապանքներուն մասին «Երկրային բաներուն հանդէպ սէրը ձիւթ է, զորս հոգեւոր թեւերը կը կապէ»։

Իսկ, մեր հոգեւոր թեւերուն, այս երկրաւոր կապանքներէն ազատելու համար, նախ եւ առաջ, պէտէ է ազատուիլ այս աշխարհի նիւթական հոգսերէն։ Ատելութիւնը, եսասիրութիւնը, ագահութիւնը եւ  ընչաքաղցութիւնը մեզ բոլորիս այս աշխարհին գերին կը դարձնէ եւ չենք կրնար երկնայինը հասկնալ, հոգեւորը հասկնալ, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական կեանքի խօսքը չենք կրնար ընկալել։

Այսօր աշխարհիս չորս կողմերուն կը լսենք աղքատներուն լացն ու կոծը։ Կը լսենք պատերազմի ձայներ, ամէն տեղ ստեղծուած է քաղաքական եւ կեանքի անապահովութիւն, տնտեսական անելի իրավիճակ մը սկսած է այլ եւ այլ երկիրներու մէջ, եւ պատճառը հետեւեալն է, եսասիրութեան եւ ագահութեան, անհասկացողական իրավիճակ մը ամէն կողմէն, եւ անշուշտ մարդս մէկս միւսին կ՛անտեսէ։ Եւ այս եղածները մեզ կը հեռացնեն մեր Աստուծմէ, կը հեռացնեն քրիստոնէական մաքուր կեանքէն, Սուրբ Գիրքէն։

Այս խնդիրներէն դուրս գալու համար, պէտք է վերադառնանք մեր Տիրոջ տուած խրատներուն։ Զգուշանալ եսասիրութենէն, ընչաքաղցութիւնէն եւ ամենէն կարեւորը՝ մեր սեփական ԵՍ-ը մոռնալով՝ դառնալ Աւետարանի խօսքերուն կենդանի վկաներ այս պանդուխտ աշխարհին մէջ։

Այո սիրելիներ մոռնալ ԵՍ-ը եւ ապրիլ Սուրբ Գիրքը ինչպէս որ Աստուած մեզի տուած է, եւ ամենամեծ օրինակը Սուրբերն են, որոնք իրենց ունեցածը աղքատներուն բաժնելով, գացին անապատ եւ Աստուծոյ խօսքին կենդանի օրինակներ դարձան, եւ իրենց ամենամեծ հարստութիւնը հոգեւոր ուրախութիւնն էր, Յիսուս Քրիստոսն էր։

Երանի այն մարդուն, որ աշխարհը կ՛անտեսէ Աստուծոյ արքայութիւն ձեռք ձգելու համար։

Սուրբերը անտեսեցին աշխարհը,  անտեսեցին նիւթը, եւ ապրեցան երկնային հարստութեան համար եւ ստացան։

Եկէք այսօր մեր աղօթքները առ Աստուած բարձրացնենք եւ սուրբերուն բարեխօսութեամբ խնդրենք, որ մեր Երկնաւոր Տէրը մեր միտքերը լուսաւորէ եւ սկսինք երկնային արքայութիւնը փնտռել, փնտռել՝ երկնային հարստութիւնը ինչպէս Սուրբերը փնտռեցին եւ գտան։ Եւ փառաւորենք զԱմենասուրբ Երրորդութիւնն զՀայր եւ զՈրդին եւ զՍուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից․ ամէն։   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 14:36