Ամենայն Սրբոց տօն Ամենայն Սրբոց տօն 

Օր մը... Նոյեմբերի խոկումներ։

Բոլորս տեղ ունինք երկինքի մէջ, անոնց հետ, որոնք մեզմէ բաժնուելով՝ այժմ կը վայելեն երանաւէտ տեսութիւնը Աստուծոյ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոնեայ հաւատացեալներս այն յոյսով կ'ապրինք, թէ օր մը պիտի միանանք մեր սիրելի ննջեցեալներուն եւ պիտի դասուինք սուրբերու շարքին: Մեր յոյսը հիմնուած է Յիսուսի անսուտ խոստումներուն վրայ. «Եկած եմ կանչելու ոչ արդարները՝ այլ մեղաւորները» (Մարկոս 2, 17), « Զիս ղրկողին կամքն է, որ ոչ մէկը կորսնցնեմ անոնցմէ զոր ինծի վստահած է» (Յովհաննէս 6, 39), եւ «Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ...» (Յովհաննէս 14, 2):

Ծիսական տարւոյն ընթացքին, Եկեղեցին, իբրեւ Մայր եւ Դաստիարակ, յաճախ մեզի կը յիշեցնէ վերոնշեալ ճշմարտութիւնը՝ մեզ հրաւիրելով ամրօրէն կառչելու մեր լոյս հաւատքին: Արդարեւ, բոլորս տեղ ունինք երկինքի մէջ, անոնց հետ, որոնք մեզմէ բաժնուելով՝ այժմ կը վայելեն երանաւէտ տեսութիւնը Աստուծոյ:

Ի՞նչ ընելու ենք երկինք երթալու համար:

 Գլխաւորապէս, հաւատալու ենք մեզի խոստացող Հօր Աստուծոյ սիրոյն: Երկինքը կալուած մը չէ, զոր կրնանք գնել եւ ոչ ալ՝ թագ մը, որով մեր գլուխը պիտի զարդարուի, մեր արժանիքներուն համար: Սուրբ Պօղոս կը վարդապետէ՝ ըսելով. «Դուք շնորհքով մը փրկուեցաք հաւատքի ճամբով. ասիկա ձեր ջանքերով չէ, այլ՝ Տիրոջ յատուկ շնորհքով» (Եփեսացիներուն 2, 8): Ուստի Երկինքը, լոկ արդիւնքը չէ' մեր տքնաջան աշխատանքին, ինչպէս կը հաստատեն անոնք, որոնք աւելի կը հաւատան վերամարմնացումի (Réincarnation) խաբկանքին, քան՝ յարութեան ճշմարտութեան:

Ի դէպ, ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, ամերիկացիներուն եւ գանատացիներուն 23 տոկոսը կը հաւատան վերամարմնացումին, որուն համաձայն, մեռնող անձը յարութիւն չ'առներ, այլ՝ կը կերպարանափոխուի ու մարմինէ մարմին կը փոխադրուի, եւ յաջորդական շարք մը վերամարմնացումներէ ետք՝ ի վերջոյ կը հասնի ինքնաբաւարարման ու ձեռք կը ձգէ Նիրվանա կամ կատարելութեան վիճակ:

Մինչ Յարութիւնը նոր ու անմահ, փառաւորեալ ու յաւիտենական կեանք է, վերամարմնացումը ետդարձ է դէպի սովորական, երկրաւոր ու մահկանացու կեանք, իր սահմանափակումներով, տառապանքներով ու մահով:

Յիսուս յարութիւն առաւ եւ իր յարութեամբ փաստեց, թէ մահը յաղթահարուեցաւ ու մենք, Իր հետեւորդները, պիտի կարենանք յառնել, եթէ ապրինք Լերան Քարոզի Երանութիւններուն համաձայն, զորս կը գտնենք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ( 5, 1-12):

Այս Երանութիւններէն իւրաքաչիւրը մեզմէ ամէն մէկուն կը վերաբերի ու պարզ բառերով մեզի կը թելադրէ, որ

o Ըլլանք սրտով խոնարհ,

o Վարուինք հեզութեամբ,

 o Զօրակցինք անօթութենէն եւ անիրաւութենէն տառապողներուն, o Տոգորուինք ներողամտութեամբ,

o Անխաթար պահենք մարդկային արժանապատուութիւնը,

o Ըլլանք խաղաղարար,

o Աղօթենք, որպէսզի մեր հաւատքը չսասանի հալածանքներուն ժամանակ:

Այս կերպով, պիտի կարենանք հաստատաքայլ ընթանալ դէպի երկինք առաջնորդող ճամբուն վրայ ու կրկնել՝ «Հաւատամք...ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանս յաւիտենականս»:

 

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2019, 09:22