Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։

Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոս Պետրոս եպիսկոպոս Միրեաթեան սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Նուպար Մելքոնեանը

Կիրակի 3 նոյեմբերի 2019-ի առաւօտեան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն  Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին ուրախութեան և տօնակատարութեան օր մը յիշատակելու համար։

Ժամը 10-ին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոս Պետրոս եպիսկոպոս Միրեաթեան, հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին,  ի ներկայութեան Հալէպի կղերական դասին ու հաւատացեալներուն, սարկաւագ ձեռնադրեց  կիսասարկաւագ Նուպար Մելքոնեանը որ իր ծառայութիւնը պիտի մատուցէ Քամիշլիի մէջ` Ճէզիրէյի թեմէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 08:20