Կիրակի 3 նոյեմբերի 2019-ի առաւօտեան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին ուրախութեան և տօնակատարութեան օր մը յիշատակելու համար։
Ժամը 10-ին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոս Պետրոս եպիսկոպոս Միրեաթեան, հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին, ի ներկայութեան Հալէպի կղերական դասին ու հաւատացեալներուն, սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Նուպար Մելքոնեանը որ իր ծառայութիւնը պիտի մատուցէ Քամիշլիի մէջ` Ճէզիրէյի թեմէն ներս։