IMG_20191117_1230000.jpg

Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագներ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր՝ Հաննա Պետոյեանի հոգիներու հանգստութեան համար:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն ներս Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ ապա հոգեհանստեան պաշտօն կատարուեցաւ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր՝ Հաննա Պետոյեանի հոգիներու հանգստութեան դիտաւորութեան:

Դեր Զօրի երկնքում մեզ համար ծնուեց եւս մէկ բարեխօս…  

«Եթէ աշ­խար­հը ձեզ ատում է, իմա­ցէք, որ նախ ինձ է ատել» (Յովհ. 15:18):

Կիրակի, 17 նոյեմբեր, 2019 թուական. Առաջին Կիրակի Յիսնակաց, Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-ին մատուցուեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ապա՝ Հոգեհանգստեան Պաշտօն ձեռամբ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի՝ ի յիշատակ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ նրա հօր՝ Հաննա Պետոյեանի հոգիների հանգստութեան:

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումից յետոյ Գերյարգելի վարդապետը յաւուր պատշաճի քարոզը նուիրեց նահատակների յիշատակին.

«Եթէ աշ­խար­հը ձեզ ատում է, իմա­ցէք, որ նախ ինձ է ատել» (Յովհ. 15:18):

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօր Հայ Կաթողիկէ բոլոր Եկեղեցիների մէջ՝ աշխարհի չորս կողմերում, միաշունչ եւ միասիրտ հաւաքուած ենք Սուրբ եւ Անման Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն մատուցելու՝ դիտաւորութեամբ մեր նահատակների:

Օրեր առաջ, ճիշտ երկուշաբթի օրը՝ նոյեմբեր 11-ին, համայն աշխարհի հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները խստօրէն դատապարտեցին ահաբեկիչների ձեռքով Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ նրա հօր վայրագաբար սպանութիւնը:

Ահա՛, աշխարհի ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ եւս մէկ սեւ էջ աւելացավ: Հայոց ցեղասպանութեան մեր նահատակների շարքին նոր նահատակներ միացան, եւ Սուրիայի Դեր Զօր անապատի երկնքում մեզ համար ծնուեց մի նոր բարեխօս՝ նահատակ եւ մարտիրոս համայն հայութեան:

Հայ Եկեղեցւոյ Արեւագալի Ժամասացութեան մէջ մեր Սուրբ Հայրապետները հետեւեալ պարծանքը եւ պատիւը կը մեծարեն նահատակներին ասելով.

«Նահատակք պանծալիք եւ սիրեցեալք ի յերկնաւոր Հօրէն, որք մկրտեցայք ընդ Քրիստոսի արեամբ ձերով ի մահ խաչին, բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ»:

Պօղոս Առաքեալը Թեսաղոնիկեցիներին ուղղուած իր Երկրորդ Թուղթի մէջ դարձեալ պարծենում է եւ խրախուսում Աստուծոյ ժողովրդին, ասելով.  

«Այն­պէս որ մենք ձեզ­նով պար­ծե­նում ենք Աստծոյ եկե­ղե­ցի­նե­րում ձեր համ­բե­րու­թեան եւ հա­ւա­տի հա­մար՝ ձեր այն բո­լոր հա­լա­ծանք­նե­րի եւ նե­ղու­թիւն­նե­րի մէջ, որոնց դուք համ­բե­րում էք: Դրանք ապա­ցոյց են Աստծոյ ար­դար դա­տաս­տա­նի, որ­պէս­զի դուք ար­ժա­նի լի­նէք Աստծոյ ար­քա­յու­թեա­նը, որի հա­մար էլ նե­ղու­թիւն էք կրում: Եւ ար­դար է Աստծոյ առաջ, որ ձեզ նե­ղող­նե­րին նե­ղու­թիւն հա­տու­ցուի, իսկ ձեզ՝ նե­ղու­թիւն կրած­նե­րիդ՝ հան­գիստ մեզ հետ, երբ Տէր Յի­սուս յայ­տ­նուի եր­կն­քից իր հրեշ­տակ­նե­րի զօր­քով» (2 Թեսղ. 1:4-7):

Այս օրերին մեր մարտը չար ոգիների եւ խաւարի զաւակների դէմ է, մեր մարտը հոգեւոր մարտ է՝ ընդդէմ սատանայի իշխանութիւնների, պետութիւնների եւ աշխարհի տիրակալների:

Սուրբ Պօղոս Առաքեալը Եփեսացիներին ուղղուած Թուղթի մէջ ասում է.

«Ուս­տի առէ՛ք Աստծոյ սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նաք չար օրում դէմ կան­գ­նել չա­րին. եւ երբ ամէն ինչ կա­տա­րէք, հաս­տա­տո՛ւն կա­ցէք՝ տե­ղում պինդ կան­գ­նած, ձեր մէջ­քե­րը գօ­տե­պն­դած ճշ­մար­տու­թեամբ, եւ հա­գած ար­դա­րու­թեան զրա­հը՝ ձեր ոտ­քե­րն ամ­րա­ց­րէ՛ք խա­ղա­ղու­թեան աւե­տա­րա­նի պատ­ր­աս­տու­թեամբ:» (Եփես. 6:13-15):

Ուստի, սիրեցեալ եւ ցանկալի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս, որ իմ ուրախութիւնն ու պսակն էք, այսպէս հաստատուն մնացէք ի Տէր, ասում է Պօղոս Առաքեալը:

Եկէ՛ք մենք էլ միանանք Քրիստոսի աշակերտների հետ՝ բարձրացնելով առ Աստուած տէրունական աղօթքը՝ Հայր Մերը, որպէս խունկ եւ աղօթք նրանց հոգիների հանգստութեան եւ խաղաղութեան: Աղօթում ենք նաեւ նրանց ընտանիքի վշտահար անդամների՝ մօր, եղբօր, կնոջ եւ երեք զաւակների համար, հայցելով Սուրբ Հոգու մխիթարութիւնը եւ սփոփանքը: Թող Հայր Աստուած համբերութիւն եւ յոյս շնորհէ նրանց եւ հաստատ պահէ սրբազան հաւատի մէջ:

Սուրբ Պօղոսի բառերով, մեծ ցաւով եւ վշտով հրաժեշտ եմ տալիս քեզ՝ Տիրոջ հաւատարիմ ծառայ եւ մանկութեանս սիրեցեալ բարեկամ ու հոգեւոր եղբայր Տէր Յովսէփ ջան:

«Իսկ ես զո­հա­բե­րուե­լու եմ, եւ իմ մեկ­նու­մի ժա­մա­նա­կը հա­սել է: Պա­տ­ե­րազ­մե­ցի բա­րի պա­տ­ե­րազ­մը, աւար­տե­ցի ըն­թաց­քս, պա­հե­ցի հա­ւա­տը: Եւ հի­մա ինձ է սպա­սում ար­դա­րու­թեան պսա­կը, որը, որ­պէս հա­տու­ցում, ինձ պի­տի տայ Տէ­րը՝ ար­դար Դա­տա­ւո­րը, այն օրը. եւ ոչ մի­այն՝ ինձ, այլ նա­եւ բո­լոր նրանց, որ սի­րե­ցին նրա յայ­տ­նուե­լը» (2 Տիմ. 4:6-8):

Երթ խաղաղութեամբ Արարիչն քո եւ մինչ հանդիպում Երկնքում:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…

Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Երիտասարդաց Խմբի Նախագահ

 

Միացեալ Նահանգներ

Կիրակի, Նոյեմբեր 17, 2019ի առաւօտեան ժամ 11ին, Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ՝ անարգ ոճիրի զոհ գացած Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ իր հօր Հաննա Պետոյեանի:

Պատարագեց եւ քարոզեց ժողովրդապետ Հ. Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան, վեր առնելով նահատակ քահանային առաքինութիւնները, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին իր նուիրումը, մաղթելով որ նահատակ եկեղեցականին իր քրիստոնէական հաւատքին համար թափած արիւնը ուժ եւ կորով պարգեւէ մեր պատանիներուն որոնք իբրեւ աշակերտները Հայ Քոյրերու վարժարանին, ներկայ էին եկեղեցւոյ մէջ:

Յաւարտ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկ. Մուրատեան: Արարողութեաց ներկայ էր Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչը՝ Ստեփան Սրկ. Յովակիմեան, որ կարդաց Առաջնորդ Սրբազանին ցաւակցական գիրը, ուղղուած Գերապայծառ Տիրոջ եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին:

Տ. Միքայէլ Եպիսկ. Մուրատեան անդրադարձաւ նահատակ քահանային խորունկ հաւատքին եւ իր հօտին հոգիներուն փրկութեան նուիրուած առաքելութեան:

Ներկայ բազմութիւնը, խորապէս զգացուած, հեռացաւ եկեղեցիէն իր սրտին մէջ աղօթելով առ Աստուած, որպէսզի Ս. Հոգիով մխիթարէ նահատակ քահանայի եւ անոր հօր ընտանիքը եւ հարազատները:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Նահատակներ՝ Տէր Յովսէփ քհն. Պետոյեանի եւ տիրահայր Հաննա Պետոյեանի դիտաւորութեան Հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ Պատարագի ընթացքին յաւուր պատշաճի մեր սրտի խօսքը Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 17 նոյեմբեր 2019-ի առաւտեան ժամը 11:00ին սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցոյց տեղւոյն ժողովրդապետ գերապատիւ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան, առընթերակայութեամբ փոխ ժողովրդապետ եւ ճեմարանի հոգեւոր հայր՝ Տէր Կոմիտաս քհն. Դաւէեանի, մասնակցութեամբ Թեմի սարկաւագներուն՝ Տէր Արամ Սաատոյի եւ Տէր Արմէն Տօնպուրեանի, Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի ժառանգաւորներուն եւ դպրաց դասին:

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագին յարգանքի տուրք մատուցանելու ահաբեկիբչներու ձեռքով նահատակուած Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տէր Յովսէփ քհն. Պետոյեանի եւ անոր հօր Հաննա Պետոյեանի հոգիներուն հանգիստին:

Հայր սուրբը իր պատգամին մէջ վեր առաւ նահատակ հօր առաքինութիւնները՝ ծառայասիրութիւնը, հնազանդութիւնն ու իր ժողովուրդին հոգիներուն ամբողջական նուիրուածութիւնը: Ան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր քրիստոնեայի եւ մանաւանդ հայուն հաւատարիմ մնալու պապենական հաւատքի սկզբունքներուն եւ շարունակելու համայն աշխարհի դիմաց վկայելու ճշմարիտին՝ Քրիստոսի խօսքերուն ու վարդապետութեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական միջամտութիւններուն, որոնք կը ծառայեն ի շահ խաւարային իշխանութիւններուն ու յաճախ վտանգի կը մատնեն քրիստոնեայ եւ հայ համայնքները: Բոլոր ներկաները աղօթք բարձրացուցին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Միջին արեւելքի խաղաղութեան համար: Պատարագէն ետք ցաւակցութիւնները ընդունուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:

Յիշենք, որ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներէն ներս սուրբ եւ անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ:

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

 

Սուրիա - Դամասկոս

Կիրակի,17 նոյեմբերին Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ « Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ հանգստեան պաշտօն ի յիշատակ նահատակներ՝ Քամիշլիի Հայ կաթողիկէ հովիւ Տ. Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ իր հօր Հաննա Պետոյեանի,որոնք զոհ գացին ահաբեկիչներու վայրագութեան Տէր Զօրի մէջ: Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանը,«Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի,Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, ՀՄԸՄ-ի ու Համազգայինի ներկայացուցիչներն ու վարչական պատասխանատուները,ինչպէս նաեւ նահատակներու քաղաքս բնակող հարազատներն ու համայնքիս զաւակները:

Պատարագիչ Հայր Գէորգ վարդապետ իր քարոզին մէջ նշեց,թէ ահաբեկիչները սպաննեցին Հայր Յովսէփը, քանի որ անոր մէջ տեսան Յիսուսը,ուզեցին սպաննել անոր բարութիւնը:Հայր Գէորգ յիշեցուց ներկաներուն որ նահատակութիւնը օտար բան մը չէ հայ ժողովուրդին համար,որու պատմութիւնը լեցուն է հաւատքի ու հայրենիքի համար զոհուող հայորդիներու մասին պատմող դրուագներով ու ահա Տ. Ցովսէփ ու իր հայրը կը միանան Տէր Զօրի մէջ, դար մը առաջ ինկած մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն

:Ան բարձրացուց աղօթքները առ Աստուած,որպէսզի Տէրը ընդունի հոգելոյս Քահանային ու իր հօր հոգիները Երկնային Արքայութեան մէջ ու բոլոր նահատակներուն բարեխօսութեամբ հաստատուի խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Սուրիոյ մէջ:

Ս.Պատարագի ու Հանգստեան պաշտօնի աւարտին,Գերապայծառ Տէրն ու ժողովրդապետ Հայր Գէորգը ընդունեցան ցաւակցութիւնները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ: Յիշենք նաեւ որ նոյն ժամուն Դամասկոսի Հայոց թեմի Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Քամիշլիի երկու նահատակներուն ի յիշատակ:

 

Քեսապ

Կիրակի՝ 17 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Միքայէլ» ժողովրդապետութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատոյց Սուրբ եւ անմահ պատարագով ապա հոգեհանգստեան պաշտօնով նորօք նահատակ վախճանեալ Արժանապատիւ՝ Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյեանի եւ իր հօր՝ Տիրահայր Հաննա Պետոյեանին։

Պատարագիչ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան իր քարոզին մէջ ըսաւ. « Քրիստոսի խօսքերը ճշմարիտ են երբ ըսաւ, անոնք՝ «Ահաբեկիչները» կրնան մարդուն մարմինը սպաննել եւ ոչ թէ հոգին։Մեր նահատակներուն Տէր հօր եւ Տիրահօր արիւնը մաքուր սերմներ են, մանանեխի հատիկի նման որոնք կը մեռնին սակայն շատ արդիւք կ՚ուտան»։

Պատարագի աւարտին ժողովրդապետ վարդապետը եւ եկեղեցւոյս «Օժանդակ Մարմինը» ցաւակցութիւնները ընդունեցին վանքին՝ «Աղաճանեան» թահլիճէն ներս։Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի, Ամէն։

 

Հռոմ

Կիրակի,17 Նոյեմբեր 2019-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւոր` Գերյարգելի Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան։ Պատարագէն ետք, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորօք հանգուցեալ Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ Տ. Յովսէփ Քհն. Պետոյեանի եւ իր հօր՝ Հաննա Պետոյեանի հոգիներու հանգիստին համար։ Անոնք 11 Նոյեմբերին, Սուրիոյ Տէր Զօրի մէջ նահատակուեցան ՏԱԷՇ-ի ահամբեկչական գործողութեամբ։

Վերջին օրհնութենէն առաջ, հանդէս եկաւ անգլերէն լեզուով, Ս. Աթոռի մօտ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Տիար Կարէն Նազարեան: Ան Հ.Հ. անունով ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալներու ընտանիքին եւ պարագաներուն: Ան շեշտեց դատապարտութիւնը այս սոսկալի պատեհութեան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ընդհանուր հայութեան դէմ։

Օրուայ հոգեպարար Ս. Արարողութեան ներկայ էին` Ս. Աթոռի մօտ Վրաստանի դեսպանուհի Տիկ. Քեթեւան Պակրադշն Մուխրանպաթոնի, հայ, Մարոնի, Ասորի կաթողիկէ եւ Լատին հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերը, գլխաւորութեամբ` միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, Վարժարանի Լեհ մայրապետները, Լեւոնեան Վարժարանի Սաներն ու Հռոմաբնակ հաւատացեալներ։


Լիբանան - Զմմառ

Կիրակի,17 Նոյեմբեր 2019-ի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին,Զմմառու Վանքի Փոխման Ս.Կուսին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Յաւարտ Ս.եւ Անմահ Պատարագի`կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն`ի հանգիստ Սուրիոյ-Տէր Զօր քաղաքին մէջ`անագորոյն ահաբեկչութեան զոհ գացած Արժ.Յովսէփ Քհնյ.Պետոյի եւ հօրը հոգիներուն։

Պատարագեց, Քարոզեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց`Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան`Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր`Գերպծռ.Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեանը:

Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան`Ս.Միքայէլ ընծայարանի Նորընծաները եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Սարկաւագներն ու ժառանգաւորները:

 

Արժ. Տեր Գրիգոր Ավագ Քհն. Մկրտչյանի քարոզը՝ Արժ. Տ. Հովսեփ Քհն. Պետոյանի և նրա հոր նահատակության մասին

2019 թվականի նոյեմբերի 17-ին, ժամը՝ 10:30-ին, Գյումրու Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկե Աթոռանիստ Եկեղեցում մատուցվեց Սուրբ և Անմահ Պատարագ՝ 2019 թվականի նոյեմբերի 11-ին Սիրիայում ահաբեկչության զոհ դարձած Գամիշլիի Հայ Կաթողիկե համայնքի ժողովրդապետ, հոգևոր հովիվ Արժ. Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյանի և նրա հոր՝ Հաննա Պետոյանի հոգիների հանգստության դիտավորությամբ, ապա՝ կատարվեց Հոգեհանգստյան Պաշտոն: Պատարագը մատուցվեց ձեռամբ Գյումրու Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկե Աթոռանիստ Եկեղեցու ժողովրդապետ՝ Արժ. Տեր Գրիգոր Ավագ Քհն. Մկրտչյանի: Կիրակնօրյա քարոզն ամբողջությամբ նվիրված էր նահատակներին.

«Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. Ամէն»։

«Սիրելինե՛ր, ինչպես գիտեք, 2019թ. նոյեմբերի 11-ին տեղի ունեցավ մի ոճրագործություն, որի հետևանքով նահատակվեցին Սիրիայի Գամիշլի քաղաքի Հայ Կաթողիկե համայնքի ժողովրդապետ Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյանը և նրա հայր՝ Հաննա Պետոյանը։

Հիշում եմ, որ տարիներ առաջ, երբ Տեր Հովսեփը դեռևս ձեռնադրված քահանա չէր և սիրիական պատերազմի սկսվելուց հետո եկել էր Հայաստան՝ պատրաստվելու քահանայության, նրա մեջ մենք տեսնում էինք պարզ, հասարակ ու շիտակ մի անձնավորության։ Տեր Հովսեփը քահանա ձեռնադրվեց Հայաստանում, Երևանի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ Հայ Կաթողիկե եկեղեցում՝ ձեռամբ Արհի. Տեր Ռաֆայել Արքեպս. Մինասյանի։ Ձեռնադրվելուց հետո Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյանն առանց վարանելու և առանց վախենալու, սրտի մեջ ունենալով Հիսուս Քրիստոսին, մեկնեց ծառայելու իր հարազատ քաղաքը։

Եղբայրասպան պատերազմի բոլոր օրերին նա մնաց իր ժողովրդի մեջ, մնաց որպես անձնուրաց ծառա Քրիստոսի, ունենալով այն մտածումը, թե՝ «անպիտան ծառա եմ և պիտի ծառայեմ»։ Տեր Հովսեփը կարողացավ կատարել ահնարինը՝ պահելով ժողովրդի մեջ հավատքը, հույսը և սերը։

Այդ չարաբաստիկ օրն էլ՝ 2019թ. նոյեմբերի 11-ին, Տեր Հովսեփն իր կամքով, իր պարտականությունից, իր ծառայությունից ելնելով՝ մեկնում էր Դեր Զոր՝ դաժան պատերազմի հետևանքով ավերված Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ Հայ Կաթողիկե Եկեղեցու վերանորոգման աշխատանքները սկսելու և տեղի կարիքավոր ընտանիքներին օգնելու:

Տեր Հովսեփն իսկապես թիրախավորված էր  և, նրա սպանությունը պայմանավորված էր հայ քրիստոնյա լինելով և Քրիստոսի ճշմարտությանը հետևելով՝ այն է, թե․«Եթե մեկը կամենում է հետևել ինձ, թող ուրանա իր անձը, վերցնի իր խաչը և գա իմ հետևից» (Մտթ. 16, 24)»:

Տեր Հովսեփը չսպանվեց լոկ որպես անձնավորություն, այլ՝ ուղղակիորեն սպանվեց, քանի որ քրիստոնյա էր և հոգևոր հովիվն էր՝ իրեն հանձնված ժողովրդի։

Տեր Հովսեփի մահը մեզ համար մեծ ցավ է, որն արդեն մի քանի օր է, ինչ ապրում ենք։ Իմ նվաստ կարծիքով, այս օրերին ամբողջ աշխարհում շրջանառվում է մեկ անուն՝ Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյան։  Այն ինչ տեղի ունեցավ Տեր Հովսեփի հետ, մի լուռ պատգամ է՝ ուղարկված Աստծո կողմից համայն քրիստոնյա աշխարհին․ «Եղե՛ք միաշունչ, միախորհուրդ և միաբան՝ հավատալով Ամենակալ Աստծո արդարությանը, որը եղել է և պիտի լինի»։

Այս երկար ու ձիգ պատերազմի տարիներին շատ շատերը սպանվեցին, հազարավոր կամ միլիոնավոր մարդկային կյանքեր ոչնչացան, բայց այն ինչ տեղի ունեցավ Տեր Հովսեփի մարտիրոսվելուց հետո, այսպիսի համաշխարհային աղմուկ, տեղի չէր ունեցել։

Մտածում եմ՝ արդյո՞ք Ամենակալ Աստված Տեր Հովսեփին նախախնամությամբ պատրաստել էր՝ մեզ միավորելու, արժևորելու և մեր պատկանելության ինքնագիտակցությունը մինչև առաջին դար տանելու համար։

Եվ, այստեղ ուզում եմ ասել, թե ինչպե՞ս կարող է մեկը, ով նվիրյալ կերպով իր ծառայությունն էր կատարում՝ առանց որևիցե ցուցամոլության, հանգիստ ապրում էր իր առօրյա կյանքով, միանգամից ամբողջ աշխարհով հայտնի դարձավ՝ որպես նահատակ, որպես մարտիրոս Եկեղեցու։

Քիչ առաջ ընթերցեցի Ավետարանի այն հատվածը, որտեղ Քրիստոսի աշակերտները գալիս և հայտնում են, թե որոշ հեթանոսներ եկել ու ցանկանում են տեսնել Նրան. «Եւ Յի­սուս նրանց պա­տաս­խա­նեց ու ասաց. «Հա­սաւ ժա­մը, որ փա­ռա­ւո­րուի Մարդու Որ­դին» (Հվհ. 12:23): Եվ սա այն ժամն էր, երբ օրեր անց Քրիստոսը պիտի մատնվեր, խաչվեր, մահանար ու Հարություն առներ։

Եվ Քրիստոս բերում է հետևյալ օրինակը. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ եմ ասում ձեզ. եթե ցորենի հատիկը հողի մեջ ընկնելով չմեռնի, միայն հատիկն ինքը կմնա, իսկ եթե մեռնի, բազում արդյունք կտա: Ով սիրում է իր անձը, կկորցնի այն, իսկ ով այս աշխարհում իր անձն ատում է, այն կպահի հավիտենական կյանքի համար: Եթե մեկն ինձ ծառայի, իմ հետևից կգա. և ուր ես եմ, այնտեղ կլինի և իմ ծառան. եթե մեկը ինձ ծառայի, նրան կպատվի իմ Հայրը» (Հվհ․ 12:24-26):

Այդպես էլ մեր Տեր Հովսեփն էր, ով վիրավորում ստանալուց հետո, ինչպես վկայում են ներկա գտնվողները, ապրեց մի քանի ժամ։ Անգամ այդ պահերին, նրա միակ հույսը Աստված էր: Զարմանալի է այն խաղաղությունը, այն երջանիկ ժպիտը, որն ուներ Տեր Հովսեփն իր մահվան մահճում: Վստահ եմ, որ նա արդեն գտնվում է Աստծո Արքայության մեջ։

Ես և դուք, որ Եկեղեցու մեկ մասնիկն ենք, պիտի հասնենք այն բանին, որ Եկեղեցին ճանաչի և ընդունի Արժ. Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյանին՝ որպես մարտիրոս, որպես 21-րդ դարի նահատակ, ով իր կյանքը զոհեց ու մարտիրոսվեց վասն Եկեղեցու առաքելության:

Տեր Հովսեփի տղան՝ Հովիկը, ով ամբողջ ամառ մեր Աղաջանյան ճամբարում անձնվիրաբար աշխատեց՝ ևս պատրաստվում է քահանայության։ Նա էլ իր հոր նման սիրում է երեխաների հետ աշխատել և դա է պատճառը, որ մտել է Սալեզյան Միաբանություն, որպեսզի վարդապետ դառնալով շարունակի ծառայել՝ ինչպես հայրն էր ծառայում։

Ի՞նչ է մեզ մնում անել…

Մեզ մնում է միայն մխիթարվել Աստծով և հույս ունենալ, որ Տեր Հովսեփի օրինակը յուրաքանչյուրիս համար պիտի խրախուսելի լինի, որ երբեք չվախենանք մեր անձը Աստծուն և Եկեղեցուն տալ: Չպետք է մոռանանք, որ մենք պարտականություն ունենք և այդ պարտականությունը Մայր Եկեղեցուն ծառայելն է։

Չմոռանա՛նք, որ մենք ևս առաքյալներ ենք այս կյանքի մեջ՝ խոսելու, տարածելու Քրիստոսի սերը և Քրիստոսի կամքը։

Սիրելի՛ հավատավոր ժողովուրդ, մենք նաև որոշել ենք, որ յուրաքանչյուր տարի, մեր Հայ Կաթողիկե Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցու մեջ նոյեմբերի 11-ը լինելու է հիշատակության օր Տեր Հովսեփ Պետոյանի համար։

Այսօրվա Սուրբ  և Անմահ Պատարագը մատուցում ենք Արժ. Տեր Հովսեփ Քհն. Պետոյանի հոգու հանգստության համար, այն լուսավորության համար, որին նա պիտի արժանի լինի մեր Տիրոջ առջև՝ որպես քահանա և առանց երկյուղածության պիտի ասի. «Ահա՛, ես թողեցի ամեն ինչ և եկա քո հետևից, և ես արդեն հոգով միացած եմ քեզ՝ սպասելու այն ժամին, երբ նաև մարմնապես պիտի միանամ քո Երկնքի արքայության մեջ բոլոր սրբերի, մարտիրոսների ու նահատակների հետ միասին։ Ամեն»։

Տ. Գրիգոր Ավագ Քահանա Մկրտչյան

Ժողովրդապետ Գյումրիի Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցու

17 նոյեմբերի, 2019թ.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 14:22