Որոնել

Նահատակ Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյան Նահատակ Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյան 

Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանի ու անոր հօր հոգիներուն հանգստեան դիտաւորութեամբ։

Աշխարհի հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կիրակի17 նոյեմբերին մատուցուած պատարագները նուիրուած են Հայր Յովսէփ Պետոյանի ու անոր Հօր նահատակութեան յիշատակին
Ունկնդրէ լուրը

Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի կարգադրութեամբ, նոյեմբերի 16-ին և 17-ին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արևելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան բոլոր համայնքներուն մէջ  Սուրբ Պատարագները կը մատուցուին 2019թ. նոյեմբերի 11-ին Սուրիոյ մէջ նահատակուած Արժ. Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյանի և անոր հօր՝ Հաննա Պետոյանի հոգիներու հանգստութեան դիտաւորութեամբ, ինչպէս նաև կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ:

Հայաստանի, Վրաստանի,  Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդի սոյն կարգադրութիւնը չէ սահմանափակուած միայն Հայաստանի առաջնորդութեան  այլ ընդլայնուած է աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համայն կաթողիկէ եկեղեցիներուն, սկսեալ Սուրիայէն, անցնելով Լիբանանէն, փոխադրուելով Եւրոպա, Ամերիկա ու բոլոր այն վայրերը ուր կը գործէ ու գոյութիւն ունին հայ կաթողիկէ համայնքներ։

Արժ. Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյանի ու անոր հօր նահատակութեան լուրը ցնցեց համայն աշխարհ եւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց իր անձնական զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը արտայայտել  հայ կաթողիկէ համայնքին ու ննջեցեալ Տէր Յովսէփ Քահանայի  հարազատներուն,  հրապարակելով  թուիթ մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց «Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ՛աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։

 Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Արժ. Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյան
Արժ. Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 09:00